Տարօնի Պատերազմը (Վէպ)
Տարօնի պատերազմ, հայ միջնադարեան ժողովրդական վէպ։ Պահպանուած է Յովհան Մամիկոնեանի, մասամբ եւ Սեբէոսի (որոնց կողմէ ալ գրառուած-խմբագրուած է) պատմագրական երկերուն մէջ։ Բաղկացած է բանահիւսական ծագում ունեցող բազմաթիւ վիպական զրոյցներէ, աւանդութիւններէ, նաեւ երգերէ՝ համախմբուած Մամիկոնեան իշխաններ Մուշեղի, Գայլ Վահան Մամիկոնեանի, Սմբատի, Վահան Կամսարականի եւ Տիրանի անուններու շուրջը, հօր եւ որդիի յաջորդութեամբ։ Վիպական այդ երկին մէջ 5-րդ դարու նշանաւոր գործիչներ Վարդան եւ Վահան Մամիկոնեաններու՝ պարսիկներու դէմ մղած ապստամբական կռիւներու արձաքանքներն են։
Տարօնի պատերազմ վիպական բաղադրութեամբ ու հիմնական բովանդակուեամբ կ՚առնչուի «Պարսից պատերազմի» հետ։ Վերջինիս կարեւոր բաղադրիչը կազմող Մուշեղի վէպը 7—8 դարու տեղայնացած է Տարօնի մէջ, զարգացած նոր կողմերով ու գիծերով, նոյն հերոսի անունով հարակցուած Գայլ Վահանի եւ յաջորդներու մասին յօրինուած զրոյցներուն, կորսնցուցած է իր համազգային բնոյթը եւ դարձած տեղային վէպ՝ տեղական-ազգային շահագրգռութիւններով, որու բովանդակութիւնն է՝ կռիւ պարսիկներու դէմ՝ հայերու պարտադիր յաղթանակով։
Պարսից Ւտսրով թագաւորը տարբեր զօրավարներու միջոցով բազմիցս կը փորձէ հարկատու դարձնել, հպատակեցնել Տարօնը, աւերել անոր սրբավայր Սուրբ Կարապետ վանքը, սակայն Մամիկոնեանները կ՚ելլեն անոնց դէմ եւ իմաստութեամբ ու խորամանկութեամբ կը մոլորեցնեն թշնամիին, Սուրբ Կարապետի զօրութեամբ կը յաղթեն։
Տարօնի պատերազմին մէջ առաջնակարգ տեղ կը բռնեն ռազմական հնարամտութեան, թշնամիին մոլորեցնելու եւ պատժելու մօտիւները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ մարտերու նկարագրութիւնները։ Տարօնի պատերազմի վիպական հիմնական կոնֆլիկտը հարկահանութիւնն է եւ անոր դէմ Տարօնի, Սասունի եւ կից գաւառներու ապստամբական կռիւները։ Նոյն այդ կոնֆլիկտն է «Սասնայ ծռեր» էպոսի հիմքին մէջ, այստեղ թշնամի պարսիկներուն կը փոխարինեն արաբները։ Պատմատիպաբանական առումով Տարօնի պատերազմ «Պարսից պատերազմ»-ի եւ «Սասնայ ծռեր»-ի միջեւ ինկած օղակ է։