Տարոսիկ
| Հեղինակ | Անահիտ Սարգիսեան |
|---|---|
| Լեզու | հայերէն |
| Ոճ | մշակութային ժառանգութեան ստեղծագործական ծրագիր |
Տարոսիկ․ Եղանակներու եւ տօներու տարեկան ծրագիր։ Հեղինակն է Անահիտ Սարգիսեան։
Ծրագիրը երեխաներուն կը տրամադրուի դասարանային գրադարաններուն մէջ ու անոր ընդգրկած երգերը դպրոցական կեանքին առօրեան կը կազմեն։ Երգ ու լեզու իրար կապող ծրագիր մըն է․ Տարոսիկը իր գիրքով եւ խտասալիկով կ՚ընդգրկէ նոր երգերու յօրինում եւ աւանդական երգերու ու խաղերու նոր մեկնաբանութիւն։
Ծրագիրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տարոսիկին երեխան եւ ուսուցիչը կը ծանօթանայ գիքը թերթատելով եւ խտասելիկը լսելով։ Կը ծանօթանան ամսուան տօներուն, ծէսերուն, եղանակներուն, պտուղներուն եւ կանաչեղէններուն, կենդանիներուն, սովորութիւններուն, հագուստներուն եւ շատ աւելիին։
Խտասալիկը կը սկսի Սեպտեմբեր ամիսէն եւ կը շարունակուի մինչեւ Օգոստոս։ Կարելի է փոխել ամիսներուն շարքը ըստ յարմարութեան։
Տարոսիկին հետ հեքիաթները, երգերը, խաղերը եւ խօսքերը իրար կը կապուին։ Պատմութիւնները կը միանան երգերուն եւ ունկնդիրներուն կը հրամցնեն աւանդական եւ ժամանակակից երաժշտական եւ լեզուային հասկացողութեամբ հարուստ մշակութային աշխարհ մը։
Ստեղծագործական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքէն եւ խտասալիկէն զատ, Տարոսիկը ունի նաեւ «հազարաշէն երդիք» կառուցելու փայտիկներ։ Կրնան գործածուիլ առաւել այլ օգնական առարկաներ, ինչպէս օրինակ՝ գուլպայ, տապակ, կոճակ, պատառաքաղ, եւ այլ առարկաներ, որոնք պատմութիւններուն մէջ զանազան դերեր կը ստանձնեն ու մաս կը կազմեն խաղին։
Գիրք, խտասալիկ, հազարաշէն երդիք եւ օգնական առարկաներ, միասնաբար մաս կը կազմեն երեխային առօրեային փոխանցելով մշակութային ժառանգութիւնը խաղերով ու երգերով։