Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցի
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցի |
|---|
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ եկեղեցի, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ գործող նուիրապետական աթոռի պաշտօնական անուանումը[1]։ Կիլիկիայի Հայոց պատրիարքի նստավայրը կը գտնուի Լիբանանի Զմմառ բնակավայրին մէջ
Լիբանանի հայ կաթողիկէ եկեղեցի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լիբանանի պատրիարքական թեմի առաջնորդանիստը կը գտնուի Պէյրութի մէջ։ Առաջնորդը կաթողիկոս-պատրիարքն է, որ թեմը կը վարէ իր ընդհանուր փոխանորդի եւ վարչական խորհւկրդի միջոցով։
Կը գործէ 9 եկեղեցի, առաւել յայտնի են Պէյրութի սուրբ Եղիա եւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը, սուրբ Փրկիչ եւ սուրբ Խաչ եկեղեցիները։ Եկեղեցիներ կան նաեւ Ռաուտայի եւ Հազմիէի, Զմմառի, Այնճարի, ինչպէս նաեւ 1 մատուռ՝ Պիքֆայայի Մխիթարեաններու ամառանոցին մէջ։ Եկեղեցիներ գործած են նաեւ Սայտա, Սուր եւ այլ բնակավայրերու մէջ, ուր ժամանակին եղած հայ կաթողիկէ ստուար բնակչութիւն։
Լիբանանի մէջ հոգեւոր ու կրթական գործունէութիւն կը ծաւալեն Զմմառի, Մխիթարեան եւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութիւնները։ Պէյրութի Հազմիէ արուարձանին մէջ Մխիթարեանները հիմնադրած են Պէյրութի սուրբ Աւետման հայ Կաթողիկէ եկեղեցին Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքը Երկրորդական վարժարան (ներկայիս չի գործեր), 1972 թուականին բացուած է Մխիթարեան միաբանութեան Ռաուտայի դպրեվանքը։
Պէյրութի մէջ կը գործեն Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան սուրբ Հռիփսիմեանց (1992 թուականէն), սուրբ Ակնես վարժարանները, ինչպէս նաեւ դպրոցներ՝ Զահլէի ու Այնճարի , Զմմառի աղջկանց եւ Այնճարի երկսեռ որբանոցները։ 1937 թուականին հիմնուած սուրբ Շուշան վարժարանը 1997 թուականին վերածուած է մանկամսուրի։ Լիբանանահայ կրթական կեդրոններէն է Մեսրոպեան վարժարանը։ Անցեալին լիբանանահայ պատանիներու հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ մեծ եղած է նաեւ Յիսուսեան միաբանութեան Պէյրութի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի դերը։ Թեմին մէջ կը գործեն մշակութային, բարեսիրական մարզ, եւ սկաուտական միութիւններ, 4 երգչախումբ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]| Ուիքիպահեստ նախագիծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցի ստորոգութեան մէջ կրնաք գտնել յաւելեալ պատկերազարդում այս նիւթի վերաբերեալ։ |