Jump to content

Տաճար (թերթ)

Տաճար
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու հայերէն

«Տաճար», հայկական կրօնաեկեղեցական պարբերական։

Լոյս տեսած է 1909-1918 թուականներուն Կ. Պոլիսի մէջ։ 1910 թուականէն եղած է ժողովրդային, կրօնական, ազգային, գրական կիսամսեայ հանդէս, 1916 թուականէն՝ կրօնական, գրական, քաղաքական շաբաթաթերթ։

Խմբագիրը եղած է Գարեգին Խաչատուրեանը, վարիչ՝ Ղեւոնդ Դուրեան, արտօնատէր՝ Հմայակ Էքսէրճեան, ապա՝ տնօրէն-խմբագիր՝ Զարմայր Կէզիւրեան, պատասխանատու տնօրէն՝ Հրանդ Յովասափեան։

Ունեցած է թուրքերէն յաւելուած։

1924-1939 թուականներուն, որպէս «Տաճար» պարբերականի շարունակութիւն, լոյս տեսած է «Հայ խօսնակ» կրօնաբարոյական եւ գրական ամսաթերթը (կարճ ժամանակ՝ կիսամսեայ)։ 1941 թուականին Սթամպուլի մէջ տպագրուած է «Հայ խօսնակ» տարեգիրքը։ Կազմողներ՝ Զ. Կէզիւրեան, Թորոս Ազատեան։

Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։