Jump to content

Վիքթորիա (ջրվէժ)

Վիքթորիա ջրվէժ (անգլ. Victoria), ջրվէժ Հարաւային Ափրիկէի Զամպէզի գետին վրայ։

Կը գտնուի Զամպիայի եւ Զիմպապուէի սահմանին։

Ջրվէժին լայնքը շուրջ 1800 մեթր է, իսկ բարձրութիւնը՝ 120 մեթր[1]։

Վիքթորիա անունը ստացած է 1855-ին՝ անգլիացի հետազօտող Տէյվիտ Լիվինկսթընի կողմէ, որ ջրվէժը անուանած է Անգլիոյ Թագուհի Վիքթորիային ի պատիւ[2]։

Տէյվիտ երբ ջրվէժը տեսած է, ըսած է.

Ոչ ոք կրնայ համեմատել այս գեղեցկութիւնը, Անգլիոյ մէջ տեսած որեւէ բանի հետ։ Եւրոպացիին աչքերը այսպիսի բան չեն տեսած։ Կարծեմ միայն հրեշտակները թռիչքի պահուն տեսած են այս հրաշալի վայրերը։

Ջրվէժը կը գտնուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ։

Անիկա կարեւոր բնական միջավայր է՝ բուսական ու կենդանական բազմազանութեան համար։ Զիմպապուէի եւ Զամպիայի պետութիւնները մեծ ջանք կը թափեն, որ պահեն ջրվէժին բնական եւ մշակութային արժէքը՝ զայն պաշտպանելով շինարարական աւերիչ ազդեցութիւններէ։

Տարածութիւն եւ կառուցուածք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ջրվէժը բաղկացած է քանի մը բաժիններէ, որոնցմէ նշանաւորներն են՝

  • Դիւական ժայռը (Devil’s Cataract),
  • Աշխարհի Խորխորատը (Main Falls),
  • Ձախ Բազուկը (Left Arm) եւ
  • Արեւելեան ժայռը (Eastern Cataract)։

Ջուրը կը թափի խոր ձոր մը, որ կը կոչուի «Վիքթորիայի Ժայռոտ Խորխորատ»։ Այս ձորը մօտաւորապէս 120 մեթր խորք ունի։ Վայրաբնակ թռչուններու եւ անասուններու համար այս շրջանը իսկական ապաստարան մըն է[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]