Jump to content

Վիքթորիա (Մայրաքաղաք)

Քաղաք
Վիքթորիա
Երկիր Սեշելեան կղզիներ
Ենթարկում Մայրաքաղաք
Տարածութիւն 20,1 քմ²
Բնակչութիւն 24 701 մարդ (2014)
Կը գտնուի ափին Հնդկական Ովկիանոս
Ժամային գօտի UTC+4
Անուանուած է Վիքթորիա թագուհի[1]

Վիքթորիա (նաեւ՝ Վիքթորիա նաւահանգիստ, անգլերէն՝ Victoria), Սեշելեան կղզիներու մայրաքաղաքն է[2]։

Կը գտնուի Մայէ կղզիին վրայ, նաեւ երկիրին ամէնէն մեծ քաղաքն է։ Հիմնադրուած է ԺԸ. դարուն եւ անուանուած է ի պատիւ Անգլիոյ Վիքթորիա թագուհիին՝ Վիքթորիա նաւահանգիստ, իսկ 1960-էն վերանուանուած է՝ Վիքթորիա[3]։

Քաղաքը 1814-էն սկսեալ եղած է անգլիական ազդեցութեան տակ, մինչեւ որ Սեյշելները կ'անկախանան 1976-ին։

Քաղաքը Սեշելներու տնտեսական կեդրոնն է։

Հոն կը գտնուին պետական շէնքեր, դատական մարմիններ, դրամատուներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու տեղական գրասենեակներ։ Նաւահանգիստը մեծ դեր ունի առեւտրական գործունէութեան մէջ, իսկ քաղաքին մօտակայքը գտնուող միջազգային օդակայանը կապ կը ստեղծէ արտաքին աշխարհին հետ։

Վիքթորիա շրջապատուած է արեւադարձային անտառներով, լեռնաշղթաներով եւ ծովափներով։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]