Jump to content

Վիզի ցաւ

Վիզի ցաւը հիւանդութիւն մը չէ, այլ` ախտանշան մը, որ կը յայտնուի զանազան հիւանդութիւններու եւ անբնական երեւոյթներու պատճառով:

Մարդոց 25 տոկոսը կը գանգատի վիզի ցաւէ:

Անիկա կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի եւ երկու սեռերու պարագային, առանց խտրութեան[1]:

Ցաւը կը յայտնուի վիզի որեւէ մէկ մասին մէջ:

Անիկա կ'ըլլայ ժամանակաւոր կամ մնայուն, մեղմ կամ սաստիկ, անակնկալ կամ յարաճուն (progressive), տեղային կամ տարածուն-արտաուղղուած (radiated):

Վիզի ցաւը երբեմն կը սաստկանայ գլխու շարժումով:

Վիզի ցաւին կ'ուղեկցին յաճախ այլ ախտանշաններ, օրինակ` բազուկի եւ ձեռքի տկարութիւն, մատներու թմրութիւն, ասղնտուք եւ տկարութիւն, բազուկի մկանային ցաւ, կլլելու դժուարութիւն, գլխապտոյտ եւ գլխացաւ եւ ուսերու ու դէմքի ցաւ:

Վիզի ցաւը կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով.

  • Վիզի հարուած եւ վնաս (head trauma), որ կրնայ ըլլալ արտաքին ուղղակի հարուած, մարզանք, ինքնաշարժի արկած,
  • Վիզի մկանային ճնշում եւ պրկուածութիւն (sprain, strain),
  • Վիզի աւշագեղձերու ծաւալում եւ խլիրդ,
  • Վիզի սխալ դիրքաւորում` քնանալու եւ աշխատելու ընթացքին,
  • Սխալ բարձի գործածութիւն քունի ընթացքին,
  • Երկար ժամանակ վիզը պահել մէկ դիրքի վրայ անշարժ, մանաւանդ` համակարգիչի դիմաց,
  • Սաստիկ պաղ օդի եւ հովի ենթակայութիւն եւ, հետեւաբար, վիզի մկանաձգաններու պրկուածութիւն,
  • Վիզի ողնայարի յօդակապաններու (joint ligaments) վնաս-հարուած. մասնաւորապէս` ինքնաշարժի ցնցումային վնաս-արկած (whiplash),
  • Սկաւառակահիւծիչ հիւանդութիւն (degenerative intervertebral disc disease),
  • Միջողնոսկրային սկաւառակի ճողուածք (intervertebral disc herniation),
  • Ողնայարի-ողնոսկրներու բորբոքում (vertebral osteoarthritis),
  • Շարահիւսուածքային յօդաբորբ (rheumatoid arthritis),
  • Բնաթելամկանատապ (fibromyalgia),
  • Բազմամկանատապ (polymyalgia),
  • Կոկորդի բորբոքումներ,
  • Ուղեղապատեանաբորբ (meningitis),
  • Վահանագեղձի ծաւալում (hyperthyroidism) եւ խլիրդ,
  • Յարվահանագեղցի (parathyroid) խլիրդ,
  • Վահանալեզուածորի պարկի (thyroglossal duct cyst) բորբոքում,
  • Վիզի ողնայարի կողմնածռութիւն (scoliosis),
  • Ծուռվզութիւն (torticollis),
  • Վիզի մորթային զանազան հիւանդութիւններ:

Վիզի ցաւը ընդհանարապէս կ'ըլլայ ժամանակաւոր եւ անցողակի: Այս կը նշանակէ, որ լուրջ հարց մը գոյութիւն չունի: Վիզի ցաւին ուղեկցող հետեւեալ ախտանշանները`

  • բազուկի եւ ձեռքի տկարութիւն,
  • մատներու թմրութիւն, ասղնտուք եւ տկարութիւն, կը մատնանշեն մտահոգիչ հիւանդութեան մը գոյութիւնը:

Վիզի ցաւը կրնայ արտաուղղուիլ դէպի ուս, բազուկ, ձեռք, մատներ եւ գանկի ստորոտը հետեւեալ ախտաբանական պատճառներով.

  • Միջողնոսկրային սկաւառակի ճողուածք,
  • Միջողնոսկրային ջիղերու անցքերու նեղացում:

Այս երկու պատճառներով ողնածուծէն դէպի վիզ գացող ջիղերը կը ճնշուին, եւ տեղի կ'ունենայ վիզի ցաւ եւ վիզէն դուրս արտաուղղուած ցաւ:

  • Պարանոցային ողնայարի խողովակի (vertebral canal) նեղացումը, որուն պատճառով ողնածուծը եւ ողնածուծէն դէպի վիզ գացող ջիղերը կը ճնշուին: Այս պատճառ կը դառնայ վիզի ցաւի եւ վիզէն դուրս արտաուղղուած ցաւի:
  • Սուր եւ անակնկալ վիզի ցաւը կը պատահի` վիզի մկաններու անակնկալ պրկուածութեամբ, յօդակապաններու վնաս-հարուածով, մկանաձգաններու պրկուածութեամբ, ինքնաշարժի արկած-ցնցումով, սխալ պառկելու դիրքով, սխալ բարձի գործածութեամբ[2]:

Զանազան տեսակի քննութիւններ կը կատարուին հասնելու համար վիզի ցաւի հիմնական ախտապատճառին:

Կը կատարուին՝

Հիմնական ախտը գիտնալէ ետք կը կատարուի այդ ախտին դարմանումը: Մինչ այդ ցաւաբեկ դեղերը ժամանակաւորապէս մեծ օգտակարութիւն կ'ունենան:

Դարմանամիջոցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Վիզը հանգիստ եւ անշարժ պահել,
  • Վիզի մարձում եւ մեղմ մարզանք,
  • Վիզի ջերմադարմանում (պաղ կամ տաք),
  • Հագստաւէտ բարձի գործածութիւն,
  • Վզաձգում (neck traction),
  • Ցաւաբեկ, մկանահանդարտեցուցիչ դեղեր,
  • Քորթիզոնի գործածութիւն, որ պէտք է կատարուի բժշկական լուրջ հսկողութեամբ: Քորթիզոնը կը գործածուի զանազան ձեւերով` տեղային, մորթային, ներմկանային, ներմորթային եւ ներերակային,
  • Բնաբուծութիւն (physiotherapy),
  • Մտախոհութիւն-խոհականութիւն (yoga),
  • Ասեղնաբուժութիւն (acupuncture)[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]