Jump to content

Վիզի ուռեր

Ուռը (mass) բջիջներու եւ հիւսկէններու անբնական հաւաքածոյ կամ կոյտ է[1]:

Ուռերը կրնան ըլլալ լաւորակ (benign) կամ վատորակ (malignant):

Լաւորակ ուռերը կարելի է անտեսել կամ հատել՝ ամբողջապէս կամ մասնակի: Իսկ վատորակ ուռերը կարելի չէ անտեսել: Անոնք պէտք է, որ հատուին:

Վիզը մարմինի ամէնէն շատ տեսանելի բաժիններէն մէկն է: Վիզին վրայ յայտնուած որեւէ մէկ անբնական երեւոյթ կարելի է զգալ՝ պարզապէս շօշափելով վիզը: Անիկա միաժամանակ շուտով կը նշմարուի անհատին շուրջը գտնուող անձերու կողմէ: Վիզի ուռերը բացայայտ են: Կարելի չէ զանոնք քողարկել: Հետեւաբար անոնց ախտաճանաչումը կ'ըլլայ աւելի կանուխ քան մարմինի այլ անդամներու ուռերը:

Վիզի ուռերը կը պատահին որեւէ մէկ տարիքի առանց սեռի եւ գոյնի խտրութեան: Անոնք կը սկսին շատ պզտիկ չափով եւ անոնց ծաւալումը կ'ընթանայ ընդհանրապէս շատ դանդաղ:

Վիզի ուռերը կը յայտնուին վիզին յառաջամասը եւ երկու կողմերը: Վիզին յառաջամասը յայտնուող ուռերը ընդհանրապէս լաւորակ ուռեր են: Իսկ վիզին երկու կողմերը յայտնուող ուռերը կրնան ըլլալ թէ լաւորակ եւ թէ վատորակ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]