Վիզը
Արտաքին տեսք

Վիզը կազմուած է ողնայարի պարանոցային (cervical) եօթը ողնոսկրներէ (vertebra) եւ անոնց միջողնոսկրային սկաւառակներէ (intervertebral disc), պարանոցային ողնածուծէ, ջիղերու, երակներու եւ զարկերակներու հարուստ ցանցէ մը, խումբ մը մկաններէ եւ մկանաձգաններէ (tendon), աւշագեղձերէ եւ խումբ մը օրկաններէ` վահանագեղձ, յարվահանագեղձեր, որկորի սկզբնաժին եւ խռչափող: Այս բոլորը ծածկուած են եւ պաշտպանուած են մորթով[1][2]: