Jump to content

Վիգէն Պէրպէրեան

Վիգէն Պէրպէրեան
Ծնած է 1967[1]
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Լոնտոնի Տնտեսութեան համալսարան և Քոլումպիա Համալսարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, լրագրող և վիպասան
Ամուսին Կարինէ Թորոսեան
Կայքէջ vikenberberian.com(անգլերէն)

Վիգէն Պէրպէրեան (1967[1], Պէյրութ, Լիբանան), վէպերու հեղինակ եւ յօդուածագիր։

Կեսագրական գիծեր եւ գործեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պէրպէրեան մեծցած է Պէյրութի հայախօս տան մէջ: Ընտանիքը Լոս ԱնՃելըս տեղափոխուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ։ Կեանքին այս փորձը օգնած է զինք ձեւաւորելու անոր առաջին վէպը։

Ան հեղինակն է «The Cyclist» եւ «Das Capital» վէպերուն ու աշխատակցած է «New York Times», «Financial Times» եւ «Los Angeles Times» թերթերուն: Ան ապրած եւ գործած է Մենհեթընի, Փարիզի եւ Երեւանի մէջ[2]:

Անոր վէպերը թարգմանուած են ֆրանսերէնի, եբրայերէնի, իտալերէնի, գերմաներէնի եւ հոլանտերէնի:

Պէրպէրեանի աշխատանքները յատկանշական են իրենց խոր խելքով եւ տնտեսական եւ քաղաքական անարդարութեան զգացումով:

Վէպերէն յիշենք․

  • «Հեծելանւորդը» (The Cyclist), լոյս տեսած 2002-ին, Նիւ Եորք[3]։
  • «Տաս քափիթալ (Das Kapital), լոյս տեսած 2007-ին, Նիւ Եորք[4]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]