Վիգէն Դարբինեան

Վիգէն Դարբինեան
Անուն Վիգէն Դարբինեան
ծնած 8 Յունիս 1951
Պէյրութ, Լիբանան
Ոճ Մեներգակ, սիրային, ազգային եւ հայրենասիրական երգեր

Վիգէն Դարբինեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան. իր հեղինակային երգերով կը մնայ արեւմտահայերէն երգեր յօրինող սակաւաթիւ արուեստագէտներէն եւ արեւմտահայերէն լեզուն ու մշակոյթը երգի ճամբով կեանքի կոչողն ու պահպանողը: Վիգէնը կերուխումի, խրախճանքի կամ պարահանդէսի երգիչ չէ: Ունկնդրութեան վայելքը ստանալու եւ փոխանցելու մեկնաբանող է:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վիգէն Դարբինեան Իր ժողովուրդին պէս ինք ալ թափառական ու աստանդական կեանք ապրած է՝ 12 տարեկան էր երբ Դամասկոսէն Պէյրութ հաստատուեցաւ իր ծնողքին հետ, այնտեղէն ալ Ֆրանսա: Պէյրութի մէջ, ան շարունակեց յաճախել հայկական վարժարան՝ Հայ Աւետարանական Քոլէճ: Փոքր տարիքէն սիրած է երգը, թատրոնը եւ «եկեղեցին հայկական»ը, որոնք մեր մշակոյթի անբաժան մասնիկներն են: Վիգէն կ՛երգէ հայերէն, արեւմտահայերէն: Հին ու նոր երգերը կը պատշաճեցնէ ժամանակի ոգիին:

Արուեստագէտ Վիգէն Դարբինեանի երգերը արդի են, սակայն ոչ արդիական եւ կեղծ, այլ միշտ իւրայատուկ: Վիգէն Դարբինեանի համար հայ դասական երգի դպրոցը եղած են երգչախումբն ու հայկական երգեցողութիւնը:

Վիգէն Դարբինեան «Վերադարձ» խտասալիկը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վիգէն Դարբինեանի «Վերադարձ» խտասալիկը պատգամ է եւ կոչ` սիրելու հարազատը, կառչելու հայկականին եւ պահպանելու իսկականը: Վիգէն Դարբինեանի երգերուն պարունակած գաղափարներն ու ապրումները եւս ներշնչող են, պատգամ փոխանցող:

«Վերադարձ»ը միայն խտասալիկ չէ, այլ բանաստեղծութիւններու եւ գրութիւններու փունջ մը: Բծախնդրութեամբ պատրաստուած գրութիւններ, որոնց համար պատրաստուած է փոքր գրքոյկ մը: Վիգէնին լոյս ընծայած այս պատրաստութիւնը իւրայատուկ է: Պարզ խտասալիկ մը չէ, այլ գիրք, երգ, երաժշտութիւն եւ տպաւորիչ ու նկարազարդ ալպոմ մը:

«Երբ Հայերէն Կ՚երգեմ Ուրիշ Գոյներու, Ելեւէջներու Կամ Ձեւերու Պէտք Չունիմ» Կը Յայտնէ Վիգէն Դարբինեան [1]


Ժողովրդական երգերու աշխարհը շատ լաւ կը յիշեմ, երբ մանուկ էի, եօթը տարեկան, սորված էի մանաւանդ Յ.Պատալեանէն երկու երգ՝ «Օտար ամայի ճամբէքի… կարաւան» եւ «Միայն թէ մայրս վիշտս չիմանայ»։ Մեծ մօրս հետ երբ այցելութեան կ՚երթայինք, իր շուրջը կէս թրքախօսներ էին, նոյնիսկ երգը, աղօթքը եւ ասացուածքները օտարալեզու։ Սակայն կ՚ուզէին, որ երգէի այդ երկու երգերը։ Յուզումէն աւելի ուրախ էին, որ պատանի հայ մը հայերէն կ՚երգէ[1]։
- Վիգէն Դարբինեան


Ելոյթները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վիգէն Դարբինեան առաջին անգամ, Դամասկոսի հեռատեսիլի մանուկներւ երգի եւ արտասանութեան յայտագրէն ելոթ ունեցած է, տասը տարեկանին: Ծնողքէն գաղտնի դիմում ըրած էր։ Ներկայ եղաւ եւ արաբերէն երգեց, օրուան ժողովրդական երգիչներու երգերը: Հասաւ առաջնակարգ դիրքին:

1975-ին, Լիբանանի հեռատեսիլէն ելոյթ ունեցաւ, «Tout La Ville Chante» յայտագրէն, երգեց անգլերէն ու առաջին մրցանակը ստացաւ, որուն իբրեւ հետեւանք՝ հեռացայ ծննդավայրէն:

23-24 Հոկտեմբեր, 2009-ին Ֆրանսահայ (ժամանակին լիբանանահայ) երգիչ Վիգէն Դարբինեան, իր նոր խումբով՝ «Նորդար»ով երեկոյեան ժամը 8-ին, երկու ելոյթներ ունեցաւ Լոս Անճելըսի «Քոլպըրն» երաժշտանոցի «Զիփըր» համերգասրահին մէջ:

4 Յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Վիգէն Դարբինեան ժամադրուած էր Այնճարի հայութեան հետ, որ համախմբուած էր «Հետուիկ» սրահին մէջ` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, հովանաւորութեամբ ճաշարան «Արեւ»-ի տնօրէնութեան:

Վիգէն Դարբինեան «Թատրոն 67»[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լայն հասարակութիւնը Վիգէն Դարբինեանին ծանօթացաւ Լիբանան, երբ տաղանդաւոր բեմադրիչ եւ արտակարգ դերուսոյց Վարուժան Խտըշեանի «Թատրոն 67»-ի մէջ ունեցաւ դերեր եւ դերասանի յատկութիւն ցուցաբերեց:

«Թատրոն 67»ը եղաւ իմ առաջին թատերական դպրոցս: Շատ բան սորվեցայ Վարուժանէն», կը պատմէ Վիգէն Դարբինեան:[2]


Վիգէն Դարբինեանի «Յարդար» ձայնապնակը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արուեստագէտ Վիգէն Դարբինեան ընտրած է հին երգերը, անցեալի երգերը, զանոնք մեկնաբանած՝ իր ձեւով: Դասականը յարդարելով, զայն պատշաճեցնելով ժամանակի ոգիին, խուսափելով հինին նորը հագցնելու փորձութենէն: Այսպէս, Յարութ Պէզճեանի հետ «Յարդար» կոչեցին իրենց առաջին ձայնապնակը, որոնք, հարկ է ըսել, արժանացան ժողովուրդի դրական ընդունելութեան:

Դժբախտաբար երկար կեանք չ՛ունենար «Յարդար»ը:

Սկաւառակները եւ խտասալիկները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Յարդար»էն ետք Վիգէն Դարբինեան այս ուղին կը շարունակէ առանձին, կը հրապարակէ «Երազ», «Բարեւ», «Կարօտ» սկաւառակները (վինիլի վրայ), անկէ ետք խտասալիկի վրայ՝ «Կարօտ»ը, «Ժպիտ եւ արցունքներ»ը, «Ձայն Եւ Դաշնակ»ը, «Նոր Դար»ը եւ վերջինը՝ «Վերադարձ»ը:

Վիգէն Դարբինեանը եւ դաշնակահար Փաթրիս Փէյրիէրասի հետ երաժշտական շրջապտոյտները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վիգէն նոյն շրջանին կը ծանօթանայ ֆրանսացի համբաւաւոր երաժիշտ, դաշնակահար Փաթրիս Փէյրիէրասի հետ եւ 1983-ին ելոյթ կ՛ունենայ Փարիզի ամենանշանաւոր «Օլիմփիա» հանդիսասրահին մէջ։ Միասին շրջապտոյտներ կ՛ունենան զանազան երկիրներ՝ Պելճիքա, Անգլիա, Հոլանտա, Յունաստան, Եգիպտոս, Լիբանան, իսկ աւելի ուշ առանձին բազմիցս կ՛այցելէ Լոս Անճելըս:

Վիգէն Դարբինեան եւ Ֆրանսական հեռատեսիլ «Le Grand Échiquier»[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այդ օրերուն էր, որ աշխարհահռչակ Շարլ Ազնաւուր արուեստագէտ Վիգէն Դարբինեանին եւ Յարութ Պէզճեանին հրաւիրեց Ֆրանսական հեռատեսիլ «Le Grand Échiquier» յայտագրին: Շարլ Ազնաւուրի պատասխանը այդ երկու երիտասարդներու հրաւէրի պատճառին, այն էր, թէ անոնց կատարած հայ երգի մեկնաբանութիւնը ունկնդրելի էր բոլորին համար:

Երգեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անցեալի մեր երգերը արտայայտած են կարօտ, յիշատակ եւ անոնց մէջ կը պակսէր ժամանակակից հայուն կեանքը: Վիգէն Դարբինեան քաջութիւն ունեցած է նոր երգեր գրելու: Այսպէս է «Բարեւ» երգին ծնունդի բացատրութիւնը:

Ան երգած է նաեւ հայ բանաստեղծի՝ Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկականը», իբրեւ նշանակալից ազգային խօսք:

Մեր եկեղեցին մեր ժողովուրդն է, ան նաեւ մեր մշակոյթն է:
- Վիգէն Դարբինեան


«Սփիւռքածին տիպար է Վիգէն Դարբինեան, արուեստի եւ գեղեցիկի իր բնական հակումներուն եւ կացութիւններու յառաջացուցած ճեղքերուն միջեւ բռնուած:

Եթէ անջատուած չ'ըլլար իր միջավայրէն ...

... Վիգէն ամբողջական իրականացումներու չհասած Սփիւռքի տաղանդաւորներէն մէկն է, հայկական կացութեան արտայայտութիւնը, որուն նկատմամբ հեռանկարային ծրագրումներ չեն ունեցած եւ չունինք, եւ այդ պատճառով ոման կը գտնեն իրենց ուղին, իրենց միջոցներով, ուրիշներ կը խամրին, մեր մշակութային անդաստանը զրկելով տաղանդներու նպաստէն:» Յակոբ Պալեան «Բագին»


Վիգէն Դարբինեան-ին երգացանկը քնարային ըլլալուն կողքին նաեւ պատգամաբեր էր, մեկնաբանուած երգերը, ինչպէս` «Կարօտ», «Կռունկները», «Զինուորին մօր երգը», ազգային շունչով պարուրուած էին, ունէին կոչ ու հրաւէր:

«Կարօտ» երգը Վիգէնին նախասիրած երգերէն մէկն է եւ տարբեր ձայնապնակներու մէջ տարբեր դաշնաւորումով մեկնաբանած է այդ սքանչելի երգը: «Կարօտ»: Վիգէնը կարօտ ունի իր ծննդավայրին, իր դպրոցին, իր դասընկերներուն, լիբանանահայ թատրոնին:

Վիգէն Դարբինեան-ի պարգեւատրուած շքանշանը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կիրակի, 4 Յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Վիգէն Դարբինեան ժամադրուած էր Այնճարի հայութեան հետ, որ համախմբուած էր «Հետուիկ» սրահին մէջ` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, հովանաւորութեամբ ճաշարան «Արեւ»-ի տնօրէնութեան:

Սիրուած արուեստագէտ Վիգէն Դարբինեանը` հայ երգարուեստին մէջ ունեցած ուրոյն ու կարեւոր ներդրումին համար, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ պատրաստուած շքանշանով պարգեւատրեց սիրուած արուեստագէտ Վիգէն Դարբինեանին:[3]


Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]