Jump to content

Վերջին հսկաները (մանկապատանեկան վիպակ)

Վերջին հսկաները
Հեղինակ Ֆրանսուա Փլաս
Թարգմանիչ Շաղիկ Մկրդտիչեան
Լեզու անգլերէն (բնագիր)
Ոճ Մանկապատանեկան վիպակ
Հրատարակող

Ապրիլ (Հրատարակչութիւն)
Զարդիս Մատենաշար (Հրատարակչութիւն)

2020
Հրատարակչական թուական
1993
Հրատարակուած Հայերէնով
2020 Զարդիս (հայերէն)

Վերջին հսկաները. մանկապատանեկան վիպակ: Հեղինակն է Ֆրանսուա Փլաս։ Վէպը «The Last Giants» առաջին անգամ կը հրատարակուի յաջորդաբար՝ «Pavilion Books» հրատարակչատան կողմէն Յունուար 1, 1993-ին (Ա․Մ․Ն․) եւ David R. Godine՝ ծաւալով փոքր հրատարակչատան կողմէն, Սեպտեմբեր 1, 1993 (Ա․Մ․Ն․)։ Վէպը հայերէնի թարգմանուած է Շաղիկ Մկրտիչեանին կողմէն Յունիս 2020-ին, Զարդիս Մատենաշար (օժանդակուած Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ)։

Վիպակին հսկաները ինը հոգի են՝ չորս Հսկայ կին եւ հինգ Հսկայ տղամարդ։ Անոնց ամբողջ մարմինը, ոտքէն մինչեւ գլուխը՝ լեզուն ու ակռաները ներառեալ, խենդացնող խառնաշփոթութեամբ գունազարդուած էին գծուածքներով, ոլորուն նաշխերով, իրարու հիւսուած զարդերով, պարոյրներով, ծայրագոյն բարդութեամբ կիտանկարներով: Սակայն, երկար ու ուշադրութեամբ դիտելէ ետք, նշմարելի են ճանաչելի նկարներ. ծառեր, բոյսեր, կենդանիներ, ծաղիկներ, գետեր, ովկիանոսներ․ բնութեան գովք մը։

ԺԹ․ դարու կէսերուն, Արշիպալտ Լեոփոլտ Րութմոր կը ձգէ իր գեղեցիկ գրադարանը եւ սիրելի տունը ու կը մեկնի իր երազին ետեւէն․ գտնել Հսկաներու երկիրը։ Տարբեր արկածախնդրութիւններէ, երկար նաւարկութենէ եւ շրջան մը՝ առանձին քալելէ ետք, վերջապէս ան կը հասնի, կը գտնէ այդ հսկաները ու կը մտերմանայ անոնց հետ։ Կը վերադառնայ Անգլիա ու գիրք մը կը գրէ անոնց մասին։ Հսկաներու երկրին բացայայտնումը սակայն, ի՞նչ արդիւնք պիտի ունենայ ․․․։

Ստեղծարար գրագիտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքը կը գործածուի հայկական դպրոցներուն մէջ, իբրեւ դասագիրք։ Անկէ լաւագոյնս օգտուելու համար պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ օգտագործելով զնտուկ դաստիարակչական կայքէջին ընծայած հնարաւորութիւնները (Սանդուխ, Զարդիս, Վերջին հսկաները, «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով)։

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]