Jump to content

Վերջին Լուր (թերթ)

«Վերջին լուր», քաղաքական անկախ օրաթերթ (երեկոյեան)։ Լոյս տեսած է 1914-1930 թուականին, Կոստանդնուպոլիսի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Վահան Թոշիկեան, Ա. Գալփակճեան։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն տպագրած է տեղեկութիւններ ռազմաճակատներոէն, լուրեր պատերազմող կողմերու եւ Թուրքիոյ ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան մասին։

Պատկեր:Վերջին լուր (թերթ).jpg
«Վերջին Լուր»ի խմբագրական մարմինը

1910-ական թուականի վերջերը լայնօրէն լուսաբանած է պոլսահայ կեանքը, ազգագրական պատմութեան հետ կապուած հարցեր, տպագրած է Մեծ եղեռնը վերապրած հայ մտաւորականներու յուշեր։ Դատապարտած է հայկական կուսակցութիւններու եւ գործիչներու ենթադրեալ երկպառակութիւնները։ Թերթը տեղ յատկացուցած է նաեւ բանասիրական-գրաքննադատական յօդուածներու։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։