Jump to content

Վերելք (թերթ)

«Վերելք», խորհրդային շրջանի հայկական երկօրեայ թերթ։ Հանդիսացած է ՀԿԿ Եղեգնաձորի շրջկոմի եւ ժողովրդական դէպուտատներու շրջանային սովետի օրգանը։ Առաջին անգամ լոյս տեսած է 1931 թուականէն (մինչեւ 1962 թուականը՝ տարբեր անուններով)։

Թերթի գործունէութեան հիմնական ոլորտը գիւղատնտեսական եւ անասնապահական մթերքներու աւելացման, ԽՄԿԿ պարենային ծրագիրի կենսագործման, տնտեսութեան վարման բրիգադային, կապալային ձեւերու քարոզումն էր։ «Վերելք»-ի ուշադրութեան կեդրոնը եղած են աշխատաւորութեան (յատկապէս երիտասարդութեան) կոմունիստական ագիտացիոն դաստիարակութեան, ինտերնացիոնալիզմի եւ ժողովուրդներու բարեկամութեան հարցերը։

Պարբերաբար նիւթեր տպագրած է հանրապետութեան տնտեսական եւ մշակութային կեանքի, միութենական հանրապետութիւններու, սոցիալիզմի երկիրներու մասին։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։