Jump to content

Վերելք (ամսագիր, Երեւան)

«Վերելք», խորհրդային շրջանի գրական-գեղարուեստական, գիտական-հասարակական պատկերազարդ հանրամատչելի ամսագիր, գրական հանդէս։

Ի սկզբանէ եղած է Հայաստանի կոմունիստական (պոլշեւիկեան) կուսակցութիւն ԿԿ հրատարակութիւն, լոյս տեսած է 19241926 թուականներուն Երեւանի մէջ։ Պատասխանատու խմբագիր՝ Եղիա Չուբար։ Ունեցած է «Գեղարուեստական», «Կեանք եւ գեղարուեստ», «Տնտեսական կեանք», «Գրախօսութեան» եւ այլ բաժիններ։ Տպագրած է Ստեփան Զօրեանի, Դերենիկ Դեմիրճեանի, Եղիշէ Չարենցի ստեղծագործութիւններէն։

Անդրադարձած է նաեւ հանրապետութեան տնտեսութեան, զետեղած է հակակրօնական բնոյթի նիւթեր ու զրոյցներ, գիտութեան, տեխնիկայի նորութիւններուն նուիրուած յամառօտ տեղեկատուութիւններ։

1933-1934 թուականներուն արդէն հանդիսացած է Հայաստանի գրողներու միութեան օրգանը, լոյս տեսած է Երեւանի մէջ (ընդամէնը 7 համար)։ Պատասխանատու խմբագիր Ե․ Չուբար։ Ունեցած է «Գեղարուեստական», «Տնտեսական կեանք», «Կեանք եւ գեղարուեստ», «Գրախօսութիւն» եւ այլ բաժիններ։ Անդրադարձած է հանրապետութեան տնտեսական շինարարութեան, զետեղած է հակակրօնական բնոյթի նիւթեր ու զրոյցներ, գիտութեան, տեխնիկայի նորութիւններուն նուիրուած յամառօտ հաղորդումներ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։