Վերարկու

Վերարկու, երկար եւ հաստ հագուստ, որ կը նախատեսուի իբրեւ արտաքին, ամէնէն վերին հագուստ եւ կը ծառայէ տաքութիւն ապահովելու[1]։
Վերարկուները մեծ մասամբ կը գործածուին ձմրան։
Վերարկուները երբեմն կը շփոթուին կարճ վերարկուներու հետ, որոնք աւելի կարճ են եւ կը հասնին ծունկերուն կամ անկէ վեր։ Կարճ վերարկուներն ու վերարկուները միասին կը դասուին արտաքին հագուստներու շարքին։
Ի տարբերութիւն վերարկուներու՝ կարճ վերարկուները սովորաբար կը պատրաստուին աւելի թեթեւ հիւսուածքներէ, մինչդեռ վերարկուները կը պատրաստուին աւելի ծանր գործուածքներէ կամ մորթէ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, դարեր շարունակ, ծունկէն վար հասնող վերարկուներ եւ զգեստներ գործածուած են, յաճախ՝ պաշտօնական առիթներու համար։ Անոնք կը ծառայէին ընկերային դիրք կամ կարգավիճակ արտայայտելու, ինչպէս նաեւ իբրեւ մասնագիտական կամ զինուորական համազգեստի մաս[2]։
Ժէ. դարուն վերարկուն լայնօրէն կը զարգանայ եւ մատչելի կը դառնայ ընկերութեան տարբեր դասակարգերուն։
Արեւմտեան աշխարհին մէջ վերարկուի ընդհանուր ուրուագիծը երկար ժամանակ մեծապէս անփոփոխ կը մնայ։