Jump to content

Վերանորոգման վերջին արհեստանոցը

Վերանորոգման վերջին արհեստանոցը

«Վերանորոգման վերջին արհեստանոցը» (անգլերէն՝ The Last Repair Shop), 2024 թուականի «Օսքար»-ին ճանչցուած է «Լաւագոյն կարճամեթրաժ վաւերագրական ժապաւէն» շարժանկարը[1]։ 2024 թուականի Փետրուար 16-ին ժապաւէնը ցուցադրուած է Ամերիկայի եւ Քանատայի մէջ աւելի քան 700 անգամ:

Շարժանկարի բեմադրիչներն են Պեն Փրատֆութը եւ Քրիս Պոուըրսը[2]:

Համառօտ բովանդակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժապաւէնին գործողութիւնները տեղի կ'ունենան Լոս Անճելըսի մէջ: Անիկա կը պատմէ  չորս նուիրեալ արհեստաւորի մասին, որոնք կ'աշխատին արհեստանոցին մէջ եւ կը վերանորոգեն ուսանողներու աւելի քան 80.000 երաժշտական գործիքներ: Ժապաւէնին հերոսները, աշխատանքէն զատ, կը պատմեն նաեւ իրենց ծանր ճակատագրերուն մասին[1]:

«Վերանորոգման վերջին արհեստանոցը» շարժանկարին մէջ դրուագ մը կայ՝ Պաքուի մէջ ապրած հայերու մասին: Հերոսներէն մէկը արհեստանոցի տնօրէն Սթիւ Բաղմանեանն է: Ան ծնած եւ մեծցած է Պաքուի մէջ, բայց 1987-88 թուականներէն ետք Ազրպէյճանի մէջ սկսած են տեղի բնակիչ հայերու նկատմամբ հալածանքները, ջարդերը:

Ան պատմած է Պաքուի մէջ հայերու ջարդերէն առաջ Խորհրդային Ազրպէյճանէն փախչելու մասին[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 An Oscar changed everything for this public school instrument repair shop
  2. ↑ Carey Matthew (2023-09-03)։ «Directors Ben Proudfoot And Kris Bowers Premiere ‘The Last Repair Shop’ At Telluride, Doc About Awesome Foursome Who Help L.A. School Kids Make Music»։ Deadline (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2026-06-18
  3. ↑ ««Օսքար»-ի Արժանացած Կարճամեթրաժ Վաւերագրական Ժապաւէնին Մէջ Կայ Դրուա»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2024-03-20։ արտագրուած է՝ 2026-06-18