Jump to content

Վերածնունդ (թերթ, Թեհրան)

Վերածնունդ
Վերածնունդ
Տեսակ թերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1930
Երկիր  Իրան
Գրասենեակ Թեհրան, Իրան

«Վերածնունդ», հասարակական, քաղաքական, գրական թերթ։ Լոյս տեսած է 1930-1953 թուականներուն, Թեհրանի մէջ, տարբեր պարբերականութեամբ (օրաթերթ, երկօրեայ, եռօրեայ եւ այլն)։ Խմբագիր-արտօնատէր՝ Հայկ Գարագաշ։ Լուսաբանած է իրանահայ համայնքի առօրեան։ Լայնօրէն ներկայացուցած է Խորհրդային Հայաստանի տնտեսութեան, գիտութեան ու մշակոյթի անցուդարձը, սփիւռքահայութեան գոյատեւման նախապայման համարել սերտ կապը հայրենիքի հետ։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն անդրադարձած է սովետա-գերմանական ռազմաճակատի իրադարձութիւններուն, հայ ռազմիկներու սխրանքներուն։

Ետպատերազմեան շրջանին սատարած է ներգաղթը։

Ունեցած է գրական բաժին, ուր հայ դասական եւ ժամանակակից գրողներու գործերէն զատ թարգմանաբար ներկայացրած է պարսկական գրականութիւնը։ Տպագրած է նաեւ գիտութեան ու մշակոյթի տարբեր բնագաւառներուն նուիրուած յօդուածներ, բժշկական տեղեկութիւններ, հետաքրքրաշարժ լուրեր։ 1930-1942 թուականներուն «Վերածնունդ»-ի հետ հրատարակուած է նաեւ «Բոբոխ» յաւելուածը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։