Վերածնունդ (թերթ, Աթէնք)
Արտաքին տեսք
«Վերածնունդ». հասարակական, քաղաքական, գրական երկօրեայ թերթ (1939 թուականի վերջէն՝ օրաթերթ)։ Լոյս տեսած է 1937 թուականին, Աթէնքի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Ա․ Կէօքճեան, Մ․ Դարբինեան։ Լուսաբանած է յունա-հայ գաղութի ազգային, կրթական, մշակութային, եկեղեցական կեանքը, ՀՕԿ-երու, հայրենակցական միութիւններու գործունէութիւնը։ «Լուրեր Հայաստանէն», «Հայաստան» բաժինները ներկայացուցած են Խորհրդային Հայաստանի մշակութային եւ տնտեսական անցուդարձը։
Անդրադարձած է Եւրոպայի քաղաքական կացութեան, գերմանա-իտալական ֆաշիզմի քաղաքականութեան։ Գրական բաժնին մէջ տեղ գտած են սփիւռքի հայ սովետական գրողներու ստեղծագործութիւններ, գրախօսականներ, թարգմանութիւններ։