Jump to content

Վերածնութիւն (ամսագիր)

Վերածնութիւն
Վերածնութիւն, Regeneration և Renaissance
Տեսակ հանդէս
Լեզու հայերէն
Խմբագիր Սիրուարդ (Ե. Գրիգորեան), Հ. Բարեջանեան
Հիմնադրուած է Յունուար 1918
Երկիր  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Հրատարակման վայր Պոսթըն

«Վերածնութիւն» հասարակական, գրական, տեսական ամսագիր։ Հնչակեան կուսակցութեան Ամերիկայի շրջանի, վերջը՝ կուսակցութեան ձախ թեւի (որ այնուհետեւ միացած է ԱՄՆ-ի բանուորական կուսակցութեան) պաշտօնաթերթ։ Լոյս տեսած է 1918-1920 թուականին, Պոսթընի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչներ՝ Ե․ Սիրուարդ (Դրիգորեան), Հ․ Բարեջանեան։ Հանդէս եկած է պատերազմի ընթացքին հայոց դատը Անթանթի օգնութեամբ լուծելու օգտին։ Յետագային հրաժարած է այդ գաղափարէն եւ սատարած է Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան։

Լուսաբանած է սոցիալիզմի գաղափարախօսութիւնը, հրապարակած է նշանաւոր համարուող սոցիալիստական գործիչներու (ժ․ ժորես, Ա․ Պեպել եւ ուրիշներ) աշխատութիւնները, Սոցինտէրնի խորհրդաժողովներու նիւթեր։ Լուսաբանած է ամերիկահայ եւ գաղութահայ կեանքը։ Ունեցած է գրական բաժին։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։