Վերածնուած Հայաստան (ամսագիր)
«Վերծնուած Հայաստան», գրական-գեղարուեստանակ, հասարակական պատկերազարդ ամսագիր։ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի հրատարակութիւն։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լոյս տեսած է 1945–1991 թուականներուն Երեւանի մէջ (1945–1988 թուականներուն՝ «Սովետական Հայաստան», 1989–1990 թուականներուն՝ «Վերածնուած Հայաստան», 1991 թուականին՝ «Հայրենի եզերք»)։ Խմբագիրներ՝ Զաքար Բաշինջաղեան, Սուրէն Յարութիւնեան, Պատրիկ Սելեան, Հրաչեայ Գրիգորեան, Աշոտ Թադեւոսեան, Շահէն Թաթիկեան, Վահագն Դաւթեան, Կարէն Սիմոնեան։
Լուսաբանած է Հայրենիք-Սփիւռք կապերը, սփիւռքահայ համայնքներու կեանքը։ Տպագրած է նիւթեր հայ ժողովուրդի անցեալի բախտորոշ դրուագներու, ժողովրդական աւանդոյթներու մասին, անուանի գիտնականներու յօդուածներ՝ հայ բանահիւսութեան եւ ազգագրութեան վերաբերեալ, ծանօթացուցած է հայկական պատմական ճարտարապետական յուշարձաններուն, բազմիցս անդրադարձած է հայ դասականներու, ինչպէս նաեւ Ուիլիըմ Սարոյեանի, Լեւոն-Զաւէն Սիւրմելեանի ստեղծագործութիւններուն։
1981–1991 թուականներնին ունեցած է «Կռունկ» յաւելուածը (անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն)։ Առաքուած է 52 երկիր։
| Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ |