Jump to content

Վարունգ

Վարունգ (լատ․ Cucumis sativus) կը պատկանի դդմազգիներու (Cucurbitaceae) ընտանիքին։ Կը նկատուի աշխարհի ամէնէն տարածուած եւ հնագոյն աղցանային բանջարեղէններէն[1]։

Վարունգը ունի սողացող ցօղուն։ Տերեւները լայն եւ կտրտուած են, իսկ ծաղիկները՝ դեղին։ Պտուղը երկար հատապտուղ մըն է, որ ունի տարբեր ձեւեր եւ գունաւորումներ՝ բաց կանաչէն մինչեւ գոց կանաչ։ Սերմերը ճերմակ եւ թափանցիկ են։

Վարունգը կարելի է մշակել գրեթէ բոլոր կլիմայական գօտիներու մէջ։

Վարունգին հայրենիքը կը համարուի Հիւսիսային Հնդկաստանը, ուր անոր վայրի նախատիպերը տարածուած էին հին ժամանակներէն։

Գիտականօրէն նկարագրուած են շուրջ 30 տեսակներ, որոնցմէ Հայաստան ունի մէկ մշակուող տեսակ՝ «Cucumis sativus», որ կը մշակուի Հայաստանի գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ։

Վարունգը կը գործածուի գլխաւորաբար թարմ աղցաններու մէջ, սակայն նաեւ կը պահուի թթուաշի կամ աղաջուրի ձեւով։ Պարունակելով ջուրի բարձր տոկոս (մօտաւորապէս 95%), անիկա թեթեւ եւ զովացուցիչ ուտեստ մըն է։

Մշակութային առումով, վարունգը տեղ գտած է բազմաթիւ ժողովուրդներու խոհանոցին մէջ եւ այսօր համաշխարհային տնտեսութեան կարեւոր բանջարեղէններէն մէկն է։

Վարունգի հիւթին բուժիչ յատկութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ վարունգի հիւթը մատչելի դեղ է առողջութեան համար:
  • Ջուրով եւ բնաթելերով յագեցած վարունգի հիւթը կը բարելաւէ մարսողական դրութեան գործունէութիւնը եւ կը կանխարգիլէ փորկապութիւնը:
  • Վարունգին հիւթը կ'օգնէ կանխարգիլելու սրտանօթային որոշ անհանգստութիւններ: Անիկա, շնորհիւ փոթասիոմին, կը կանոնաւորէ արեան ճնշումը:
  • Վարունգին հիւթը նաեւ կը պարունակէ փանքրէասին անհրաժեշտ նիւթ մը, որ կ'օգնէ էնսիւլինի արտադրութեան եւ բնականաբար յանձնարարելի է շաքարախտաւորներուն:
  • Շատ քիչ ջերմուժ պարունակող վարունգին հիւթը միզեցնող է եւ յանձնարարելի` բոլոր անոնց, որոնք նիհարցնող սննդականոնի կը հետեւին:
  • Վարունգին հիւթը սիլիս կը պարունակէ, այս վերջինը կը զօրացնէ` հիւսկէնները, մկանները, ջիլերը (tendons), կապանները (ligaments) եւ աճառները (cartillages): Սիլիսը նաեւ հակաբորբոքային յատկութիւն ունի եւ յանձնարարելի է արթրոզէ տառապողներուն:
  • Վարունգին հիւթը չափազանց օգտակար է մորթին: Ջուրով, Էօ. կենսանիւթով եւ հիմնական իւղերով յագեցած այս հիւթը կը կանխարգիլէ մորթին կանխահաս ծերացումը, կ'անհետացնէ աչքերուն տակի մութ գոյնը, փայլ եւ առողջ տեսք կու տայ դէմքին:
  • Ա., Պէ. եւ Սէ. կենսանիւթերով հարուստ վարունգի հիւթը կը խթանէ մարմինին դիմադրականութիւնը: Օրական բաժակ մը վարունգի հիւթը բաւարար է մարմինին դիմադրականութիւնը զօրացնելու համար:

Վարունգի հիւթի պատրաստութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ընտրել մութ գոյնի, մսոտ վարունգներ, եւ անգամ մը որ հիւթը պատրաստուի, զայն անմիջապէս խմել, քանի որ բոլոր հիւթերուն նման` անիկա կը կորսնցնէ իր սննդական արժէքին մէկ կարեւոր մասը` օդին եւ լոյսին պարզուելով:

Նաեւ կարեւոր է լաւ լուացուած վարունգը քամել իր կեղեւով, տրուած ըլլալով, որ Սէ. կենսանիւթին մէկ կարեւոր տոկոսը հոն կը գտնուի[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]