Վարդուհի Քալանթար
| Վարդուհի Քալանթար | |
|---|---|
| Ծննդավայր | Պուրսա, Օսմանեան Կայսրութիւն |
| Մահացած է | 1978 |
| Քաղաքացիութիւն | իտալական - ֆրանսական |
| Ազգութիւն | հայ |
| Ազդած է | հայ կնոչական շարժման |
| Երկեր/Գլխաւոր գործ | Կեդրոնական բանտի կիներու բաժինը |
| Մասնագիտութիւն | պատմաբան |
Վարդուհի Քալանթար (Քալանթարեան) Նալբանդեան (1895, Պուրսա, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1978, Ուաշինկթըն, Ա․Մ․Ն․)։ Եղած է 1915-ի գարնան ձերբակալուած միակ կինը։ Հրապարակագիր, պատմաբան, հասարակական գործիչ։ Բարձրագոյն ուսումը՝ գրականութիւն եւ պատմութիւն, շարունակած է Լօզան, Զուիցերիա։
Առաջին տարիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ընտանիք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վարդուհի Քալանթար ծնած է 1895-ին Պուրսա։ Հայրը՝ Դաւիթ Քալանթարեան, եղած է Աւետիս Ահարոնեանի նախակրթարանի ուսուցիչն ու տնօրէնը եւ անոր ընկերակցած է Իգտիրէն (Ահարոնեանի ծննդավայրը) մինչեւ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը։ Մայրը՝ Թագուհի Մանիսալեան, ուսուցչուհի, եղած է Տրապիզոնի հայ աղջկանց վարժարանի տնօրէնուհին։
Լօզան գտնուած է ուսանելու համար գրականութիւն եւ պատմութիւն։ Աւետիս Ահարոնեանի, Ռուբէն Սեւակի, հայ ուսանողներու եւ գործիչներու ընկերակցութեամբ, ալ աւելի մօտեցած է հայկական յեղափոխութեան գաղափարին։ Նաեւ անպակաս եղած են հանդիպումները թուրք երիտասարդներու հետ, գրեթէ բոլորն ալ համակիր երիտթուրքերու շարժումին։
Ձերբակալութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամբաստանութիւն եւ բանտարկութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1914-ին, Վարդուհի Պոլիս գտնուած է արձակուրդի համար (որոշած էր Եւրոպա չվերադառնալ, առանձին չձգելու համար իր ծնողքը)։ 1915-ի գարնան ձերբակալուած է հօր հետ։ Ռազմական ատեան առաջնորդուած են ու ամբաստանուած՝ «հայ ազգայնական եւ անջատողական շարժումին» անդամակցութեան մեղադրանքով (Վարդուհի ձերբակալուած է իր ընտանիքին Լօզանէն գրած անձնական նամակներուն պատճառով)։ Վարդուհին եւ հայրը ցկեանս բերդարգելութեամբ դատապարտուած են, իսկ մայրը անպարտ արձակուած է։
Ատեանին վճիռը յենուած է ռազմական նախարար Էնվէր փաշայի ստորագրութեամբ 2 Հոկտ. 1915 թուակիր պետական վաւերաթուղթի մը վրայ, ուր կը նշուի թէ երկու Քալանթարեանները ստեղծած են չարակամ պարունակութեամբ վաւերագրեր եւ թէ անոնք փորձած են օտար հանրային կարծիքը գրգռել Օսմանեան կայսրութեան դէմ, ինչպէս նաեւ կեանքի կոչել անկախ Հայաստանը։ Շնորհիւ բարձրաստիճան դիւանագիտական միջամտութիւններու վճիռը թեթեւցած է եւ փոխուած հինգ տարուան բանտարկութեամբ՝ Պոլսոյ Կեդրոնական բանտին մէջ։
Զապել Եսայեանի եւ տոքթ․ Յ․ Քալանթարեանի դրական միջամտութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զապել Եսայեան՝ փախուստ տալով 24 Ապրիլի ձերբակալութիւններէն, Քալանթարեաններու հարցով Պուլկարիոյ արքունի ընտանիքին անձամբ այցելած է ու օգնութիւն խնդրած։ Իսկ տոքթ․ Յովհաննէս Քալանթարեան՝ Վարդուհիի լոնտոնաբնակ հօրեղբայրը, որ ծանօթ եղած է հայանպաստ գործունէութեամբ, Ա․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին չէզոք Սպանիոյ թագաւոր՝ Ալֆոնսօ ԺԳ.ի միջամտութիւնը կը պահանջէ, որպէսզի սուլթանը ներում շնորհէ։
18 Մարտ 1918 Պրէսթ-Լիթովսքի խաղաղութեան դաշնագիրը ռազմական գերիներու ազատ արձակումը կը թելադրէր։ Քալանթարեանները ունենալով ռուսական քաղաքացիութիւն եւ քանի որ դատուած էին Ռազմական Ատեանին առջեւ, գերի նկատուած են ու ազատ արձակուած են իրենց բանտարոկութենէն գրեթէ երեք տարի ետք։ Նոյն տարուան (1918) Օգոստոսին Վարդուհիին հայրը կը մահանայ, բանտին մէջ ենթարկուած ծանր պայմաններուն պատճառով։
Հասարակական գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1918-ի Հոկտեմբերին Մուտրոսի զինադադարի ստորագրութեամբ հայութիւնը կը վերակազմակերպուի. վերապրողներու օգնութեան միութիւններ, քաղաքական կազմակերպութիւններ եւ մամուլը կը ծաղկին։ Կը սկսի Վարդուհիին գրական ասպարէզը, ինչպէս նաեւ հասարակական գործիչի կեանքը։
Վարդուհին կը դառնայ Հայրենիքի օգնութեան միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղին հիմնադիրներէն եւ Հայ Կանանց ընկերակցութեան (ՀԿԸ). ֆեմինիստական կազմակերպութիւն, որ աշխատած է կանանց հաւասարութեան, ինչպէս նաեւ տարագրեալներուն եւ որբերուն աջակցութեան համար) առաջին անդամներէն մէկը։ Ներդրում ունեցած է կիներուն ուղղուած «Ոսկի օր»-ուան կազմակերպութեան արշաւին՝ գոհարեղէններու նուիրատուութիւն նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան համար։ Ինչպէս նաեւ Հայ Կարմիր Խաչի նախաձեռնած հանգանակութեան ի նպաստ հայկական բանակին որ կը պատերազմէր քեմալական ուժերուն դէմ։
Կեանքը Ամերիկա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամուսնութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վարդուհին, երբ մայրը կը մահանայ, 1921-ին Միացեալ Նահանգներ կը մեկնի եւ Թուրքիա երբեք չի վերադառնար։ 1923-ին կ՚ամուսնանայ Զաւէն Նալբանդեանի հետ։ Միասին, 1926-ին կ՚որդեգրեն «Զարեւանդ» գրչանունը եւ բաւական աշխատանք-ուսումնասիրութիւններ հրատարակած են, ինչպէս օրինակ՝ «Միացեալ անկախ Թուրանիա» աշխատութիւնը, զոր 1971 թուականին Վահագն Տատրեան անգլերէնի թարգմանած է։
Հրատարակութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զանազան աշխատութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վարդուհի Քալանթար ստորագրած է գրախօսական, արուեստաբանական յօդուածներ, երաժշտական գրադատականներ, ընտանեկան պատմութիւններ, ուսումնասիրութիւններ եւ փորձագրութիւններ հայկական քաղաքականութեան, ընկերութեան մէջ հայ կնոջ անցեալի եւ ներկայ դերին, Հայ Կարմիր Խաչին կարեւորութեան մասին, եւ այլ։
Կեդրոնական բանտի կիներուն բաժինը իր գլխաւոր գործերէն կը սեպուի։ Գիրքը յուշագրութիւն մըն է Վարդուհի Քալանթարի՝ Պոլսոյ բանտին մէջ անցուցած օրերուն։
Մահ եւ ձգած ժառանգութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1978-ին, մահացած է Ուաշինկթընի մէջ։ Մահէն քանի մը ամիս առաջ կարճ ինքնակենսագրական մը գրած եւ ղրկած է «Հայրենիք» օրաթերթին, խնդրելով հրատարակել մահէն ետք։ Անզաւակ ըլլալով, ամոլը իր ունեցուածքին մեծ մասը նուիրաբերած է «Հայրենիք»ի հրատարակութիւններուն՝ Հ.Յ.Դ. հրատարակչութիւն, Պոսթոն (Armenian Review, Armenian Weekly)։
Վարդուհիին անձնական արխիւը անյայտ մնացած է։
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ ԱՐԱՐԱՏ - ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՔԱԼԱՆԹԱՐ «ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՆՏԻ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ԲԱԺԻՆԸ» ԼԵՌՆԱ ԷՔՄԷՔՃԻՕՂԼՈՒԻ ՅԱՌԱՋԱԲԱՆՈՎ, Օգոստոս 30, 2024
- ↑ Արաս հրատարակչատուն․ Վարդուհի Քալանթար
- ↑ BRILL.Վարդուհի Քալանթար « Կեդրոնական բանտի կիներուն բաժինը », Լեռնա Էքմէքճիօղլուի յառաջաբանով, Արաս հրատարակչութիւն, Պոլիս, 2022, 30-01-2024(անգլերէն)
- ↑ Ազատ Օր, Կեդրոնական բանտի կիներուն բաժինը, Հայկան Մինասեան, 1-8-2025
- Անձինք այբբենական կարգով
- Հայ պատմագէտներ
- Հայ հասարակական–մշակութային գործիչներ
- Հայ հասարակական-քաղաքական գործիչներ
- Հայ հասարակական գործիչներ
- Հայ կին քաղաքական գործիչներ
- Պատմաբաններ
- Պատմաբաններ ըստ ազգութեան
- Պատմաբաններ այբենական կարգով
- Հասարակական գործիչներ
- Հասարակական գործիչներ ըստ ազգութեան
- 1895 ծնունդներ
- 1978 մահեր