Վարդան Օզինեան

Վարդան Օզինեան
Մահուան վայր Փարիզ
Քաղաքացիութիւն  ֆրանսա
Մասնագիտութիւն Physic, Physical Chemistry եւ Mathematics
Գործունէութիւն Գիտնական, դիւանագէտ, մանկավարժ, հասարակական գործիչ..
Ամուսին Գոհարիկ Գէորգեան

Վարդան Օզինեան Գիտնական, դիւանագէտ, մանկավարժ, հասարակական գործիչ, բազմամեայ ու երախտաշատ երիցագոյն վեթերան:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փրոֆ. Վարդան Օզինեան ծնած է Կոստանդնուպոլիս՝ հայ առաքելական ծնողքէ[1]: Աւարտելէ ետք Պոլսոյ Ազգային Կեդրոնական վարժարանը, մասնագիտացած է Physic-ի, Physical Chemistry-ի ե ւ Mathematics-ի գծով, ապա նաեւ՝ տնտեսագիտութեան, քաղաքական գիտութիւններու եւ յարակից ուսմանց բնագաւառներու մէջ: Իր պատրաստութեան առաջին քայլերը եղած են նախ Պոլսոյ մէջ, յետոյ՝ Զուիցերիա, Փարիզ, Սթոքհոլմ, Միացեալ Նահանգներ՝ Մասսաչուսէթսի շրջանին մէջ: Աշխատած է միջազգային, միջպետական յայտնի ընկերութիւններու մօտ…:

Վարդան Օզինեան ոգի ի բռին մաքառեցաւ եւ պայքարեցաւ արեւմտահայ դպրոցի առաքելութեան կենսագործման ի խնդիր, արեւմտահայերէնի կենսունակ պահպանման ի խնդիր, Մելգոնեան կրթական հաստատութեան վերաբացման համար: Ան հիմնասիւներէն մէկն էր, եթէ ոչ՝ գլխաւոր հիմնասիւնը Pro Educato հիմնարկին, իր կնոջ՝ Մելգոնեանցի, մեծ մանկավարժ Պօղոս Գէորգեանի դստեր, Գոհարիկ Գէորգեանի հետ միասին:

Վարդան Օզինեան տիկինը՝ Գոհարիկ մահացած է Ֆրանսայի, Պուլոնյի «Ամպրուազ Փարէ» հիւանդանոցին մէջ: Վարդան Օզինեան Ֆրանսայի մայրաքաղաքի Սեն-Ժոզէֆ հիւանդանոցի մէջ, 90 տարեկան հասակին մահացաւ 28 օգոստոս 2019-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան [2]:

Իր դիւրահաղորդ նկարագրով հանդերձ, Վարդան Օզինեան շուքը ծանր անձ մըն էր։ Գիրքերու մէջ կ՚ապրէր։ Փարիզի իր բնակած երկու յարկաբաժինները գործնականօրէն գրադարաններ էին։ Գիշերները մութ սենեակի մէջ, լապտերի տակ նստած, խոշորացոյցը ձեռքին կը կարդար ժամերով։ Այդ լապտերի լոյսին շուքը յաճախ կը ցոլանար Վերսայի պողոտայի եւ «Շարտոն Լակաշ» փողոցի խաչմերուկին, որու վրայ բացուած էին բնակարանին պատուհանները։ Իմաստուն էր եւ իր մարմնաւորած կերպարը միշտ կ՚արդարացնէր հեռատեսութեամբ, հաւասարակշռութեամբ եւ լրջութեամբ [3]։
- ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ, Ժամանակ Օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր


«Գիտէք Արա (ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ, Ժամանակ Օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր), Կեդրոնականը աւարտելէ վերջ գործի մտայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ, թէեւ միեւնոյն ատեն կ՚ուսանէի։ Մարտիրոսը փափաքեցաւ, որ թերթին հաշիւներով ալ ես զբաղիմ՝ ալ չեմ գիտեր ինչո՛ւ։ Ձեռքս տուին տետրակ մը եւ ուսումնասիրելէ վերջ շատ զարմացած էի երկու բանի վրայ։ Առաջին՝ շատ քիչ էին առնելիքները ու կը մտածէի, որ այդ եկամուտներով ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար թերթ մը պահել։ Երկրորդ՝ հաշիւներու տետրակի առաջին էջին վրայ կար ձեռագիրով աղօթք մը։ Ըսել կ՚ուզեմ, որ այսպիսի ընտանիքէ մը կու գաք եւ մի յուսալքուիք կեանքի մէջ»։ Այդ յորդորն ալ արդէն անցեալ եղանակով չեմ դասեր երբեք, առաջ Աստուած։ [4]
- Վարդան Օզինեան


«Գիտէք Արա, ես երբ Կեդրոնական կ՚երթայի, տնօրէնուհին Էլիզ Այվազեանն էր։ Այդ ժամանակ շաբաթ օրերն ալ դպրոց կար մինչեւ կէսօր։ Օր մը տիկին Այվազեանը զիս կանչեց եւ ազդարարութիւն մը ըրաւ, որովհետեւ շաբաթ օրերը միշտ կը բացակայէի։ Նոյնիսկ կասկած յայտնեց, թէ արդեօք շաբաթապահներո՞ւն կը հետեւէի։ Ես ալ իրեն բացատրեցի, որ շաբաթ օրերը առաւօտ կանուխ նաւով կը մեկնէի Եալովա, ուրկէ աժան գինով ճարած հաւկիթներս Պոլսոյ մէջ կը վաճառէի՝ ընտանեկան մեր ապրուստին նպաստելու համար։ Կինը ի՛նչ ըսելիքը շուարեցաւ…»[4]։
- Վարդան Օզինեան


Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]