Վարդագոյն

Վարդագոյնը կարմիրի կամ վարդի գոյնի բաց երանգ մըն է, որ իր անունը ստացած է վարդածաղիկէն[1]։
Անիկա իբրեւ գոյնի անուանում առաջին անգամ գործածուած է ԺԷ. դարու վերջաւորութեան։
Վարդագոյնի եւ ճերմակի համադրութիւնը կը կապուի անմեղութեան հետ, մինչդեռ վարդագոյնի եւ սեւի համադրութիւնը՝ զգայնութեան եւ գայթակղութեան։
Ի. դարուն, վարդագոյնը կը նկատուէր կանացիութեան խորհրդանիշ, թէեւ միշտ չէ, որ այդպէս ընկալուած էր։
Ի. դարու երկրորդ կէսէն առաջ վարդագոյնը յաճախ կը խորհրդանշէր այրականութիւն։
Ուսումնասիրողներ վարդագոյնի վերջնական կանացիացման գործընթացը կը կապեն 1959-ին Պարպի պուպրիկին երեւան գալուն հետ։
Լոյսագիտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լոյսագիտութեան մէջ «վարդագոյն» բառը կրնայ վերաբերիլ կարմրակապոյտէն մինչեւ կարմիր գոյներու միջեւ գտնուող բաց երանգներուն, որոնք ունին միջինէն բարձր լուսաւորութիւն եւ ցածէն միջին յագեցում[2]:
Թէեւ վարդագոյնը ընդհանրապէս կը նկատուի կարմիրի բաց երանգ մը, սակայն վարդագոյնի երանգներուն մեծ մասը թեթեւօրէն դէպի կապոյտ կը հակին եւ կը գտնուին կարմիրի ու մանիշակակարմիրի միջեւ[3]։
Վարդագոյնի կարգ մը տարբերակներ դէպի նարնջագոյն ալ կը հակին։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Վարդագոյն
- ↑ «Վարդագոյնը ընդհանրապէս կը նկատուի կարմիրի բաց երանգ մը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-07-13-ին։ արտագրուած է՝ 2010-09-11
- ↑ Վարդագոյնի երանգներ