Jump to content

Վարազ Սամուէլեան

Վարազ Սամուէլեան
Ծննդեան անուն հայ.՝ Վարազդատ Սամվելի Սամվելյան
Ծնած է 24 Ապրիլ 1917(1917-04-24)
Ծննդավայր Երեւան, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 7 Նոյեմբեր 1995(1995-11-07) (78 տարեկանին)
Մահուան վայր Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա և  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Փանոս Թէրլեմէզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարան
Երկեր/Գլխաւոր գործ Սասունցի Դավիթ?
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ, քանդակագործ և գրագէտ

Վարազ Սամուէլեան (Վարազդատ, 24 Ապրիլ 1917(1917-04-24), Երեւան, Ռուսական Կայսրութիւն - 7 Նոյեմբեր 1995(1995-11-07), Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկահայ գեղանկարիչ, քանդակագործ եւ գրագէտ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Երեւան, զաւակը՝ Մեծ Եղեռնի վերապրողներու։ Երեւանի գեղարուեստա-արդիւնաբերական տեխնիկումէն (այժմ՝ Փանոս Թէրլէմէզեանի անուան գեղարուեստի պետական քոլէջ) շրջանաւարտ եղած է 1938-ին։

Յաջորդ տարի, զինուորական ծառայութեան կանչուած է խորհրդային բանակին մէջ։ Մասնակցած է Խալխին Կոլի պատերազմին (Մայիս-Սեպտեմբեր 1938)։

Այնուհետեւ, ղրկուած է արեւմտեան ռազմաճակատը՝ 1941-ին գերմանական յարձակման ժամանակ։ Գերի բռնուած է գերմանացիներէն, բայց փախուստ տուած է ռազմագերիներու ճամբարէն եւ միացած է ֆրանսական դիմադրութեան ուժերուն։

Փարիզ ապրած ժամանակ, Սամուէլեան ուսանած է նշանաւոր նկարիչներու քով, ինչպէս Օթոն Ֆրիէզ, Անտրէ Լոթ եւ Ֆեռնան Լեժէ։

Երկրորդ Աշխարհամարտէն Ետք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք, ինչպէս շատ ուրիշ հայ ռազմագերիներ, Խորհրդային Միութիւն վերադառնալէ խուսափած է, որովհետեւ գերմանացիներու ձեռքը ինկած նախկին ռազմագերիները կը գնդակահարուէին կամ Սիպերիա կը ղրկուէին Ստալինի կողմէ։

Եւրոպա մնացած է իբրեւ տեղաշարժուած անձ, մինչեւ որ 1946-ին յաջողած է Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուիլ իր աւագ եղբօր հովանաւորութեամբ։

Հաստատուած է Քալիֆորնիա, ուր նախ ապրած է Պըրլինկէյմ՝ միւս եղբօր քով։ Այդ ժամանակ, զբաղած է գեղանկարչութեամբ եւ ցուցանակներու նկարիչ դարձած է։ Գործը յաջողելով, փոխադրուած է Պելմոնթ (Քալիֆորնիա), ուր ճանչցած ու ամուսնացած է իր կնոջ՝ Աննի հետ։

Ֆրեզմօ հաստատուելէ ետք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1957-ին, հաստատուած են Ֆրեզնօ՝ Սամուէլեանի ընտանիքին աւելի մօտ ըլլալու։ Հոն, արուեստագէտը, որ այլեւս Վարազ ստորագրած է, շարունակած է նկարել, սկսած է գրել ու բազմաթիւ արձաններ քանդակել։

Վարազի գնահատումով, իր գեղարուեստական ասպարէզին ընթացքին շուրջ 1000 գործ ստեղծած է՝ տարբեր ձեւերով՝ մատիտանկարէն մինչեւ քարէ արձանը։

Արուեստագէտը եւ Ուիլիըմ Սարոյեանը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սասունցի Դաւիթի արձանի կողքին, արուեստագէտը ծանօթ է Ուիլիըմ Սարոյեանի դիմաքանդակով, որ զետեղուած է Ֆրէզնոյի համագումարներու կեդրոնի մուտքին։ Վարազ ու Սարոյեան տասնամեակներու մտերիմ բարեկամութիւն ունեցած են։ Ամերիկահայ նշանաւոր գրագէտը 1965-ին անոր նուիրած է «Ո՞վ է Վարազը» նորավէպը։ Սարոյեանի մահէն ետք, Վարազ Սամուէլեան գրած է «Ուիլի եւ ես» անգլերէն յուշագրութիւնը։

Գործեր եւ ցուցահանդէսներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վարազ գրած է նաեւ ուրիշ գործեր, ինչպէս «Հայաստանի եւ իմ կեանքի պատմութիւն մը» (1978), դարձեալ անգլերէն։ Անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Փարիզի, Նիսի, Մարսէյլի, Պարսելոնայի, Մեքսիքօ Սիթիի եւ Նիւ Եորքի, ինչպէս եւ Ֆրէզնոյի մէջ[1]։

Իր գործերուն մեծ մասը կտակած է տեղւոյն Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի հայագիտական ուսմանց ծրագրին[2]։

Վարազ Սամուէլեանի Անուան Մշակութային Կեդրոն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2010-ին, Արթիկի մէջ (Շիրակի մարզ, Հայաստան) բացուած է Վարազ Սամուէլեանի անուան մշակութային կեդրոնը։ Վեց հազար քառակուսի ոտք շէնքը ունի արուեստի պատկերասրահ, հանդիսասրահ եւ համակարգչային սենեակ[3]։։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]