Jump to content

Վարագ (հանդէս)

«Վարագ», պատմական, ազգագրական, գրական կիսամսեայ տեղեկատու հանդէս։ Լոյս կը տեսնէ 1953-էն, Պոսթընի, ապա՝ Ֆրեզնոյի մէջ, 1980-էն՝ Կլենտելի մէջ՝ հայերէն, անգլերէն։ Հանդիսացած է Համավասպուրական հայրենակցական միութեան հրատարակութիւն։ Խմբագիրներ՝ Գ. Ֆրոյեան, Ա. Թերլեմէգեան, Վ. Փափագեան, Խ. Թիւթյիւն ճեան, Վ. Աւետիսեան, Գ. Գրիգորեան, Շնորհունի, Հ. Մարգարեան (հայերէն բաժին), Լիլի Չոդջեան (անգլերէն բաժին)։

Յետագային խմբագրական կազմին մէջ ընդգրկուեած են Հերոս Գաբրիէլեանը, Վարդան Թովմասեանր, Մկրտիչ Սոսիկեանը։ Լուսաբանած է հայրենակցական միութեան եւ անոր մասնաճիւղերու գործունէութիւնը, անդրադարձած է սփիւռքի վասպուրականցիներուն յուզող խնդիրներուն։

Տպագրած է Վասպուրականի, Մոկքի, Տարօնի տեղագրութեան, ազգագրութեան, բանահիւսութեան վերաբերեալ յօդուածներ։ Ունեցած է նաեւ գրական-բանասիրական բաժին։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։