Jump to content

Վասիլի Սեմեօնովիչ Կրոսման

Վասիլի Սեմեօնովիչ Կրոսման,  (12 Դեկտեմբեր 1905 – 14 Սեպտեմբեր 1964) սովետական գրող եւ լրագրող։[1]

Վասիլի Սեմեօնովիչ Կրոսման

Հրեայ ընտանիքէ, Ռուսական Կայսրութեան Ուքրանիոյ մէջ ծնած է։ Մոսկուայի Պետական Համալսարանին մէջ տարրաբանութեան ճարտարագիտական կրթութիւն ստացած է։ ուսանողական շրջարանին իր աշխատասէր բնաւորութեամբ շահած է «Վասեա-քիմիկ» (Քիմիկոս Վասեա) տիտղոսը։  Ուսումը վերջացնելէ ետք, գործի անցած է Տոնեցեան տաշտին, Սթալինոյ մէջ։ 1930ականներուն փոխեց իր ասպարէզը եւ ամբողջ ժամանակը նուիրեց գրականութեան։ Տպագրեց շարք մը կարճ պատմուածքներ եւ քանի մը վէպեր։[2]

Երկրորդ Աշխարհամարտի սկիզբը, Կրոսման պաշտօնավարեց Կարմիր Բանակի «Գրասնաեայ Զվեզտա» («Կարմիր Աստղ») թերթին մէջ որպէս պատերազմական լրագրող: Իր գրած հարցազրոյցները Մոսկուայի, Սթալինկրատի, Կուրսքի եւ Պերլինի ճակատներէն առաջին ձեռքի վկայութիւններ էին։ Թրէպլինքայի գործանման ճամբարը բացայայտուելէ ետք, Կրոսմանի հաւաքած ականատես վկայութիւնները եղան առաջին մուտքերուն մէջ՝ որոնք լրագրող մը կատարած էր նացիստական մահուան ճամբարներու մասին։[3]

Կրոսմանի՝ պատերազմէն ետք գրած է պետական ճնշումներուն ծաւալին մասին կան որոշ վէճեր։ Երբէք չէր ձերբակալուած բայց անոր երկու մեծ գրական գործերը Նիկիտա Քրուշչէվի կառավարութեան կողմէ նկատուեցան իբրեւ անհանդուրժելիօրէն հակասովետական եւ ենթարկուեցան գրաքննութեան։[4]

Երբ Կրոսման 1964-ին մահացաւ ստամոքսի քաղցկեղէն, այդ գիրքերը տակաւին չէին հրատարակուած։ Գաղտնի օրինակները, որոնց տարածումը տեղի ունեցաւ ընդդիմադիրներու ցանցի մը միջոցաւ, որուն մէջ կը գտնուէին Անդրէյ Սախարով եւ Վլատիմիր Ոյնովիչ, դուրս բերուեցան Սովետական Միութենէն եւ առաջին անգամ հրատարակուեցան Արեւմուտքի մէջ 1980-ին, ապա 1988-ին Սովետական Միութեան մէջ։[5]

Կրոսման հարցազրոյցներ կատարած է Treblinka-էն փախած նախկին Sonderkommando բանտարկեալներուն հետ եւ պատրաստած է ձեռագիր մը առանց իրենց ինքնութիւնը բացայայտելու։ Անիկա մուտքի իրաւունք ունեցած էր աւելի վաղ հրատարակուած նիւթերու։ Կրոսման Treblinka-ի գործունէութիւնը ներկայացուցած է առաջին անձի բեռնէն։ Այդ ժամանակ ան յիշատագրած է SS պաշտօնեայ Ժոզէֆ Հիրտրայթըրը, որ կը գործէր Treblinka-ի գործածման ճամբարի ընդունելութեան բաժնին մէջ՝ փոխադրամիջոցի ընթացքին:

Այս սարսափելի էակը մասնագիտացած էր երեխաներ սպաննելու մէջ։ Բացայայտ էր, որ ան ունեցած էր անսովոր ուժ, որովհետեւ ան յանկարծ կը քաշէր երեխայ մը ամբոխին մէջ, կը սարսափէին զինք գավազանի պէս թափահարելով, ապա կամ գլուխը կը խոդէր գետին, կամ ալ զայն կը բաժնէր երկուքի։ Երբ առաջին անգամ լսեցի այս էակի անունը, որու մասին կը պնդէին թէ մարդ էր եւ կնոջմէ ծնած, անկարելի եկաւ ինծի հաւատալ այն աներեւակայելի բաներուն որ կը պատմէին։ Բայց երբ սկսայ լսել ականատեսներու կրկնած այս պատմութիւնները եւ նկատեցի որ այդ ականատեսները զանոնք կը դիտէին իբրեւ պարզ մանրամասնութիւններ՝ Treblinka-ի դժոխային վարչակարգին մէջ տեղի ունեցաւ միւս սարսափներուն համահունչ, սկսայ հաւատալ որ լսածներս ճշմարիտ էին։

  1. Vasily Grossman, The Road: Stories, Journalism, and Essays with Commentary by Robert Chandler, New York Review of Books 2010, page 165. 1590174097.
  2. Vasily Semenovich Grossman, The Road: Stories, Journalism, and Essays. Կաղապար:Webarşiv Translated by Elizabeth Chandler and Olga Mukovnikova with contribution by Yury Bit-Yunan; edited by Robert Chandler, illustrated edition, New York Review Books 2010, page 101, 1590173619
  3. https://books.google.com.tr/books?id=E31ONt7PpQAC&q=creature+specialized&pg=PT101&redir_esc=y
  1. Grossman Vasily (2010)։ The Road: Stories, Journalism, and Essays։ Robert Chandler, Elizabeth Chandler, Olga Mukovnikova։ New York: New York Review Books։ ISBN 978-1-59017-409-8
  2. Grossman Vasily (2010)։ The Road: Stories, Journalism, and Essays։ Robert Chandler, Elizabeth Chandler, Olga Mukovnikova։ New York: New York Review Books։ ISBN 978-1-59017-409-8
  3. Grossman Vasily (2010)։ The Road: Stories, Journalism, and Essays։ Robert Chandler, Elizabeth Chandler, Olga Mukovnikova։ New York: New York Review Books։ ISBN 978-1-59017-409-8
  4. Grossman Vasiliĭ, Chandler Robert, Chandler Elizabeth, Mukovnikova Olga, Bit-Yunan Yury (2010)։ The road: stories, journalism, and essays։ New York Review Books classics։ New York: New York Review Books։ ISBN 978-1-59017-361-9
  5. Grossman Vasiliĭ, Chandler Robert, Chandler Elizabeth, Mukovnikova Olga, Bit-Yunan Yury (2010)։ The road: stories, journalism, and essays։ New York Review Books classics։ New York: New York Review Books։ ISBN 978-1-59017-361-9