Վանի հերոսամարտ

Նկար Վանի հերոսամարտէն, Ապրիլ 1915
Հայութիւնը ինքնապաշտպանութեան կը դիմէ

Վանի հերոսամարտ, Մեծ Եղեռնի օրերուն, ժամանակագրական կարգով, առաջին անգամ Վանի հայութիւնը դիմեց ինքնապաշտպանութեան։

1915 Ապրիլի առաջին օրերուն շրջակայ գաւառներուն մէջ կոտորածներ, իսկ Շատախի մէջ բախումներ ծայր առած էին։ Վան լեցուած էր գաղթականներով։

Վանի կուսակալ Ճեւտէթ առաջին հերթին Ապրիլի առաջին օրերուն կազմակերպեց Վանի հայութեան գլխաւոր ղեկավարներ Վռամեանի եւ Իշխանի դաւադրական սպանութիւնը, ապա Էրզրումէն օգնական ուժեր ստանալով պաշարեց Այգեստանը, ուր կեդրոնացած էր հայութեան մեծամասնութիւնը։ 6 Ապրիլին արդէն Այգեստանի եւ քաղաքամէջի միջեւ կապը խզուած էր։

Այս պայմաններուն տակ, Արամ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ, Վանի ղեկավարները 5 Ապրիլին ձեռնարկեցին ինքնապաշտպանութեան գործնական աշխատանքներուն. կազմուեցաւ Զինուորական մարմին մը, որ պատրաստեց ինքնապաշտպանութեան ծրագիրը։ 7 Ապրիլի արեւածագին հայկական դիրքերը պատրաստ վիճակի մէջ էին, երբ թուրք զինուորներ առեւանգեցին Շուշանց գիւղէն Այգեստան մտնող խումբ մը հայ կիներ. ասոր յաջորդեցին կրակոցները։ Քանի մը վայրկեան ետք Վանը պաշարող թուրք զինուորները ընդհանուր յարձակման անցան։ Այգեստան սաստկօրէն ռմբակոծուեցաւ եւ զգալիօրէն աւերուեցաւ, բայց հայ կռուողները ոչ միայն մնացին իրենց դիրքերուն վրայ, այլեւ կռուի առաջին օրն իսկ գրաւեցին թրքական հեռագրատունը եւ պաշարեցին հայկական թաղերու կեդրոնը գտնուող Համմուտ աղայի զօրանոցը, զոր հրդեհեցին քանի մը օր ետք։

Երբ հայութիւնը ստիպուած կը նահանջէ ռուսական զօրքերուն հետ, թուրքերը քաղաքը կը հրկիզեն

Այգեստանի վրայ յարձակման հետ միաժամանակ քաղաքամէջին ալ սկսաւ կռիւը։ Հոն եւս կազմուեցաւ Զինուորական մարմին, իսկ ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման կեդրոնը դարձաւ հայոց առաջնորդարանը։ 28 Ապրիլին սաստիկ ռմբակոծումները քանդեցին հայկական դիրքերու պատնէշները. տեղի ունեցան բուռն կռիւներ, ինկան մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ։ Յաջորդող օրերուն թրքական յարձակողականի թափը կասեցաւ, որովհետեւ երբ թուրքերը իմացան, որ ռուսական յառաջապահ զօրամասերը եւ հայ կամաւորական գունդերը մօտեցած են Վանին, սկսան փախուստի դիմել։ 3 Մայիսին հայերը գրաւեցին Թոփրագ Գալէի զօրանոցը եւ հրդեհեցին Հաճի Պեքիրի զօրանոցը։

6 Մայիսին հայ կամաւորական գունդերը եւ ռուսական զօրքերը մտան Վան. թուրքերը արդէն խուճապահար փախուստի դիմած էին։ 7 Մայիսին Վանի հերոսամարտի ղեկավար Արամ Մանուկեանը նշանակուեցաւ Վանի նահանգապետ. Վանի նահանգը կը դառնար ինքնավար շրջան։

Վանի ինքնավարութիւնը սակայն հազիւ եօթանասուն օր տեւեց, որովհետեւ Յուլիսին ռուսական բանակի հրամանատարութիւնը երբ ընդհանուր նահանջի հրաման տուաւ, Վանի նահանգի աւելի քան 200 հազար հայութիւնը բռնեց Կովկաս գաղթի ճամբան։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։