Վաճառական (թերթ)
«Վաճառական» առեւտրական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1866-1867 թուականներուն, Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիր՝ Գ․ Տէր-Ալեքսանդրեանց։ Առեւտուրը եւ արհեստները համարելով հասարակութեան առաջընթացի կարեւոր ուղի՝ թերթը լայնօրէն լուսաբանած է առեւտրական աշխարհի վիճակը, ընթերցողներուն ծանօթացուցած է առեւտրական եւ տնտեսական գիտելիքներուն, կարեւորած է վաճառականութեան եւ արհեստաւորներու գործունէութեան կատարելագործումը։ Այդ նպատակով գովազդած է արհեստագործական եւ առեւտրական դպրոցական համակարգ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը, կրթութեան ու լուսաւորութեան զարգացումը։
«Վաճառական» շաբաթաթերթը անդրադարձած է նաեւ Անդրկովկասի բնական հարստութիւններու յայտնագործման ու շահագործմանը, երկաթուղիներու շինարարութեան, ծխախոտի, մետաքսի, տորոնի արտադրութեան ընդլայնման, բանկերու ու առեւտրական ընկերութիւններու հիմնադրման եւ երկրամասի տնտեսական զարգացման այլ հարցերու։ Լուսաբանած է բամբակի արտադրութեան ու վաճառքի դրուածքը Հնդկաստանի, ԱՄՆ-ի, Անգլիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ։
Դեմ արտայայտուած է Անգլիոյ գաղութային քաղաքականութեան։ Վիճակագրական տուեալներ հաղորդած է սեւծովեան առեւտրական նաւատորմի ապրանքաշրջանառութեան, դրա տեսականութեան, միջազգային շուկայի գիներու եւ դրամի կուրսի վերաբերեալլ[1][2]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ՎԱՃԱՌԱԿԱՆ»։ արտագրուած է՝ 2023 թ․ հունվարի 17
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»