Վահրամ Արծրունի

Վահրամ Արծունի
Ծնած է 1857
Ծննդավայր Երզնկա
Մահացած է 1949
Մասնագիտութիւն գրագէտ

Վահրամ Արծունի (1857, Երզնկա - Երեւան), վաստակաւոր ուսուցիչ, տնօրէն եւ հիմնադիր վարժարանի:

Ծնած է 1857 թուականին Երզնկայի մէջ։ Նախնական ուսումը (1881-1892) Ակնայ Կամարակապ գիւղին մէջ ստանալէ յետոյ անցած է Պոլիս, ուր յաճախած է կայսերական գեղաարուեստական վարժարանը, Ղալաթիոյ Կեդրոնականը եւ Օսմանեան լիսէն: 1896-ին Կեդրոնական Ուսմն․ Խորհուրդոյ ատենապետ Կարապետ Իւթիւճեանի խորհուրդով սկսած է ուսուցչութիւն ընել: 43 տարի (մինջեւ 1938) աշխատած է իբրեւ տնօրէն-ուսւցիչ։ Պաշտօնավարած է Կ․ Պոլիս, Ռոտոսթօ, Ֆիլիպէ, Ատրիանապոլիս, Սիվրի Հիսար, Տարտանել, Պէյրութ, եւ Աղեքսանդրիա՝ ազգային վարժարաններու մէջ։

1936-1937 Աղեքսանդրիոյ մէջ հիմնած է Թարգմանչաց Վարժարանը, ի յիշատկ Աստուածաշունչի թարգմանութեան եւ Հայ Գիրերու գիւտին։ Աշխատակցած է գլխաւորաբար հետեւեալ թերթերուն, «Արեւելք», «Մասիս», «Բիւզանդիոն», «Սուրհանդակ», «Մանզումէի Էֆքեար», «Ազատամարտ», «Հայ Դպրոց», «Ժամանակ», Եգիպտոսի «Արեւ» եւ «Յուսաբեր»։ Գրած է նաեւ Journal des Balkans եւ Echo de Bulgarie օտար թերթերուն մէջ։ 1924 թուականին Երուսաղէմի Դուրեան Պատրիարքէն ստացած է ուսուցչապետի վկայական։

Ներգաղթած է դէպի Հայաստան եւ Էջմիածնի ճեմարանին մէջ գրաբարի եւ հին մատենագրութեան դասերը ստանձնած է: Միեւնոյն ատեն աշխատած է Երեւանի թանգարանին մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարելով:[1] Վախճանած է Երեւանի մէջ 1949 թ. սեպտեմբերի 1-ին, թաղուած է Թոխմախի գերեզմանատան մէջ:[2]

Երկեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայրենիգը Եւ Իր Բնական Զինակիցները
  • Հայ Դպրոցը (մանկ․ թատերգութիւն)
  • Գրափունջ
  • Կենցաղագիտութիւն
  • Պատերազմական Յուշեր
  • Գիտութեան Դասագիք

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Հայ Հանրագիտակ», Հ․ Մկրտիչ Վարդ․ Պոտուրեան, Պուքրէշ 1938, Բ․ հատոր, էջ 284։
  1. Առաքէլ Քէչեան եւ ՄկրտիչՊարսամեան, «Ակն եւ ակնցիք», Փարիզ, 1952, էջ 689
  2. Վահան Արծրունի Մակարի