Jump to content

Վահրամ Ասատուրեան

Վահրամ Ասատուրեան
Ծնած է 1876
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է անհայտ
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Վահրամ Ասատուրեան (Ասատուր Ասատուրեան, 1876, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - անհայտ), հայ բժիշկ։

Վահրամ Ասատուրեան ծնած է 1876 թուականին, Կոստանդնուպոլսոյ Պէյքոզ թաղամասին մէջ։ 1905 թուականին աւարտած է դեղագործական կրթութիւնը եւ դեղագործ աշխատած։ Ապրած է Կոստանդնուպոլսոյ Կետիկ փաշա թաղամասին մէջ։ 1909-1913 թուականներուն՝ Կոստանդնուպոլսոյ Կեդրոնական դեղատան մէջ եղած է նաեւ բժիշկի ընդունարան, ուր աշխատած է բժիշկ Յակոբը։ Եղած է հանրային գործիչ։ 1915 թուականի Ապրիլ 11 (24)-ին ոստիկանութիւնը զինք ձերբակալած է եւ բանտարկած Կոստանդնուպոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ, ուրկէ աքսորուած է Չանղըրը՝ հայ մտաւորականներու խումբին հետ։ Անունը փորագրուած է Չանղըրըի բանտին մէջ հաւաքուած համրիչի՝ 99 հատիկներէն մէկուն վրայ։ Չանղըրըի բանտին մէջ բազմաթիւ տանջանքներ կրելով, ինչ-ինչ հանգամանքներով, տեղափոխուած է Մեսքենէի աքսորավայրը։

Մեսքենէի եւ Հալէպի մէջ՝ բժիշկի օգնականի կարգավիճակով, անցած է զինուորական ծառայութեան, ենթասպայի աստիճանով, եւ այդպիսով փրկուածէ սպանուելու ենթարկուելէ։ Զինուորական ծառայութեան ընթացքին բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած է այդտեղէն անցնող բազմաթիւ տարագիր հայ գաղթականներու։ Եղեռնէն ետք վերապրած է։ 1918 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ Կետիկ փաշա թաղամասին մէջ բացած է սեփական դեղատուն։ 1926-1927 թուականներուն եղած է Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի ղեկավարներու կազմին մէջ։

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։
  • Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ. «Հայ գողգոթան», Վիեննա, 1922։
  • Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ. «Հայ գողգոթան, Երեւան, 1991։
  • Յարման Արսէն «Հայերը …Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մեջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (Թուրգերէն)», Սթամպուլ, 2001։
  • Աւագեան Կարինէ «Եղեռնայուշ մասունք կամ խոստովանողք եւ վկայք խաչի», Երեւան, 2002։
  • Աւագեան Կարինէ «Չանղըրըի 1915 թ. ապրիլի 11, Յիշատակ»… Թանգարանային ցուցանմոյշը, «Հան դէս Ամսօրեայ», 2008, հ. 1-12։