Jump to content

Վահկա (բերդաքաղաք)

Վահկա, բերդաքաղաք Լեռնային Կիլիկիոյ մէջ, Սարոս գետի վերին հոսանքի աջ ափին, Սիս քաղաքէն շուրջ 50 քմ. հիւսիս-արեւմուտք, Բարձրաբերդէն արեւմուտք, Առիւծ եւ Կաստաղոն բերդերու մերձակայ տարածքին մէջ[1]։

Բերդը կառուցուած է բարձր լերան կատարին[2]։ VII—VIII դարերուն եղած է Բիւզանդական կայսրութեան կարեւոր ռազմական յենակէտ՝ Արաբական խալիֆայութեան դէմ պայքարին մէջ։ Այն 1080 թուականին Կիլիկիոյ մէջ հաստատուած Ռուբինեան իշխաններու առաջին ու ամենակարեւոր յենակէտերէն մէկն էր[2]։ 1097 թուականին Կիլիկիոյ Հայոց իշխան Կոստանդին Ա. բիւզանդացիներէն ազատագրած է Վահկան եւ զայն հռչակած իր իշխանապետութեան մայրաքաղաքը։ Անոր յաջորդը՝ Թորոս Ա. (1100—1129), վերակառուցած է Վահկայի ամրութիւնները, հիմնած է դղեակ, պալատներ եւ այլ շինութիւններ։ 1137 թուականին Բիւզանդիոյ կայսր Յովհաննէս Կոմնենոսը խոշոր բանակով պաշարած է Վահկան, որուն հայկական կայազորը եւ բնակչութիւնը՝ Կոստանդին զօրավարի գլխաւորութեամբ մարտնչած են հերոսաբար։ Ի վերջոյ, թշնամին գրաւած է Վահկան եւ գերեվարած պաշտպաններուն, որոնց կարգին նաեւ Մեծ իշխան Լեւոն Ա.-ին ու անոր որդիներուն՝ Ռուբէնին ու Թորոսին։

1145 թուականին Վահկան ազատագրած է գերութենէն փախած Թորոս Բ. Մեծ իշխանը։ Անոր եղբայրը եւ յաջորդը՝ Մլեհը, 1173 թուականին իշխանութեան մայրաքաղաքը հռչակած է Սիսը եւ գահանիստը Վահկայէն տեղափոխած է այնտեղ։ Այնուհետեւ, Վահկան յիշատակուած է որպէս ըմբոստ իշխաններու ու պալատականներու կալանատեղի։ Կիլիկեան Հայաստանի պետականութեան անկումէն ետք (1375)-էն յետոյ, Վահկան մնացած է Աջապահեաններու գերդաստանի ձեռքը (մինչեւ XIX դար)։ XIX դարու վերջը Վահկան աւան էր, (հայերը զայն կ'անուանէին Վաքա, թուրքերը՝ Ֆեքէ) եւ համանուն գաւառակի (կազայի) կեդրոնը՝ շուրջ 800 հայ բնակչութեամբ։

Վահկայի միջնադարեան եկեղեցիներէն XIV դարուն յիշատակուած է Սուրբ Նշանը։ XIX դարուն Վահկայի մէջ կը գործէին Սուրբ Հրեշտակապետ, Սուրբ Թորոս, Սուրբ Մինաս, Սուրբ Գէորգ եկեղեցիները եւ Սուրբ Յովհաննէս մենաստանը, որուն Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրումը վերագրուած է Ներսէս Շնորհալիին։ Վահկայի հայերը բռնի տեղահանուած են 1915 թուականին, Մեծ Եղեռնի ժամանակ։ Անոնց զգալի մասը զոհուած է գաղթի ճանապարհին, սակաւաթիւ փրկուածները ապաստանած են տարբեր երկիրներու մէջ։ Վահկայի ամրոցը տեղադրուած է բարձր լեռնագագաթին եւ ձգուած է հիւսիսէն հարաւ (երկարութիւնը 180 մ., լայնութիւնը մէջտեղը՝ շուրջ 25 մ.)։ Ռուստաձեւ մշակուած պազալտէ քարերով շարուած բարձր պարիսպներու հիւսիս եւ արեւելք հատուածները ամրացուած են յատակագիծին կիսաշրջանաձեւ, սնամէջ եւ հոծ բուրգերով։ Արեւմտեան կողմէ շուրջ 30 մ. պարիսպներու փոխարէն, որպէս պատնէշ կը ծառայեն անանցանելի ուղղաձիգ ժայռերը։

Ամրոցը բաղկացած է երկու՝ ստորին եւ հիմնական՝ վերին մասերէ։ Միակ մուտքը ստորին ամրոցի արեւելեան աշտարակէն է։ Բազմաստիճան միջանցքը մուտքի դարպասէն կը ձգուի պարիսպներու երկայնքով՝ մինչեւ վերին ամրոցը, որ հնարաւորութիւն կու տայ հսկողութեան տակ պահել այն եւ ոչնչացնել ամրոց թափանցած թշնամին։ Վերին ամրոցին մէջ կը գտնուին պալատական շէնքերու, ջրամբարի, զինանոցներու եւ այլ շինութիւններու աւերակները։

Վահկա բերդաքաղաքի անունը կրող այլ տեղանուններ Կիլիկեան Հայաստանի մէջ:

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վահկա գաւառակ Կիլիկեան Հայաստանի Սիս գաւառին մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ատանայի նահանգի Քոզան կամ Սիս գաւառին մէջ կար Վահկա (թրք.՝ Ֆեքե) անունով գաւառակ[3]։ Վերջինիս կեդրոնն էր Վահկա (թրք.՝ Ֆեքէ) անունով գիւղաքաղաքը[3]։

Վահկա գիւղաքաղաք Կիլիկեան Հայաստանի Սիս գաւառին մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ատանայի նահանգի Քոզան կամ Սիս գաւառ Վահկա (թրք.՝ Ֆեքէ) անունով գաւառակոին մէջ կար Վահկա (թրք.՝ Ֆեքե) անունով գիւղաքաղաք, որ տուեալ գաւառակի կեդրոնն էր[3] Ներկայիս այդտեղ կը գտնուի Ֆեքէ քաղաքը՝ Ատանայի նահանգի նոյնանուն շրջանի կեդրոնը, ուր կ'անցնի Ատանա-Սիս-Վահկա-Փինարպաշի թիւ 815 ինքնաշարժային մայրուղին, որ Փինարպաշիի մէջ կը հատուի Կեսարիա-Փինարպաշի-Գիւրուն-Մալաթիա-Մուշ-Դատուան թիւ 300 ինքնաշարժային մայրուղիի հետ[4]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Հայաստանի եւ յարակից շրջաններու տեղանուններու բառարան, հատոր 4, Ն-Վ, Երեւան, 1998, էջ 737։
  2. 2,0 2,1 Հայաստանի եւ յարակից շրջաններու տեղանուններու բառարան, հատոր 4, Ն-Վ, Երեւան, 1998, էջ 737
  3. 3,0 3,1 3,2 Հայաստանի եւ յարակից շրջաններու տեղանուններու բառարան, հատոր 4, Ն-Վ, Երեւան, 1998, էջ 737-738։
  4. Turkey, Eurocountry map, 1:800.000, printed in Germany.