Jump to content

Վահան Պէտէլեան

Վահան Պէտէլեան
Ծնած է 1909
Ծննդավայր Ատանա, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 3 Ապրիլ 1990(1990-04-03)
Մահուան վայր Նիկոսիա, Կիպրոս
Մասնագիտութիւն ջութակահար

Վահան Պէտէլեան (1909, Ատանա, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 3 Ապրիլ 1990(1990-04-03), Նիկոսիա, Կիպրոս), կիպրահայ ջութակահար ու վաստակաւոր ուսուցիչ[1]։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Ատանա, 1894թ.։ Ականատես եղած է 1909-ի Ատանայի կոտորածին։ Ուսումը ստացած է Տարսոնի Սենթ Փոլզ գոլէճին մէջ։

Մեծ Եղեռնին, իր ընտանիքով տարագրուած է Հալէպ։ Բարեկամի մը միջնորդութեամբ, Պէտէլեան Հալէպի արուեստի դպրոցի երաժշտութեան եւ ջութակի ուսուցիչի պաշտօն ստանձնած է եւ այսպէս յաջողած է 11 հոգինոց ընտանիքը ցեղասպանութենէն փրկել։

1919-ին վերադարձած է Ատանա, ուր շարունակած է ուսումը, միաժամանակ ղեկավարելով նուագախումբ եւ երգչախումբ։

1920 թուականին տուած է առաջին համերգը։ 1921-ին, երբ ֆրանսացիները պարպած են Կիլիկիան, հաստատուած է Կիպրոս, ուր նուիրուած է երաժշտութեան, ջութակի դասերու փնտռուած ուսուցիչ դառնալով։

1932-ին յաջորդած է Բարսեղ Կանաչեանին, իբրեւ Նիկոսիոյ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան երաժշտութեան ուսուցիչ[1], ամբողջ 35 տարի պաշտօնավարելով հաստատութեան մէջ։ Միաժամանակ դասեր տուած է Նիկոսիոյ ազգային Մելիքեան վարժարանին, ինչպէս եւ տեղւոյն օտար դպրոցներու եւ երաժշտանոցներու մէջ, հասցնելով ջութակահար եւ խմբավար աշակերտներ։

Լայնօրէն մասնակցած է Կիպրոսի երաժշտական կեանքին իբրեւ ուսուցիչ, ինչպէս նաեւ փողերախումբի, նուագախումբի եւ երգչախումբի ղեկավար։

Իր համերգներով եւրոպական երաժշտութիւնը ծանօթացուցած է հայ հասարակութեան, իսկ հայ երաժշտութիւնը՝ օտար հանրութեան։ Շարունակած է ջութակի մասնաւոր դասեր տալ մինչեւ 1987։

1971-ին Նիկոսիոյ յունական ազգային երաժշտանոցը տօնած է անոր երաժշտական գործունէութեան 50-ամեակը։

1979-ին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակութեամբ լոյս տեսած է Վահան Պէտէլեանի յօրինած խմբերգերու եւ մեներգերու հաւաքածոն։

1984-ին Կիպրոսի կրթական նախարարութան նախաձեռնութեամբ պաշտօնապէս նշուած է Վ. Պէտէլեանի ծննդեան 90-ամեակը[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]