Վահանակրեայ
Վահանակրեայ[1][2][3] կամ երբեմն (վահանակրիայ, վահանակրեա, վանակրիայ, վանակրեայ, վանակրեա) (Եկած է գրաբարէն իր հերթին Վահան + -ա- + կրեայ (կրիայ)-էն։ Բառապատճէն է հին յուն․՝ ἀσπιδοχελώνη (aspidokhelṓnē)-ի։)՝ դիցաբանական ծովային արարած մըն է, որ տարբեր կերպերով կը նկարագրուի որպէս մեծ կէտ կամ վիթխարի ծովային կրիայ, եւ հսկայ ծովային հրէշ մը, որ ունի ահագն բարձրաւանդակի մը վրայ։ Անկախ անոր ձեւէն, ան միշտ կը նկարագրուի այնքան հսկայական ըլլալով, որ յաճախ կը կարծուի ժայռոտ կղզի մը, ծածկուած աւազաններով եւ բուսականութեամբ։

Առասպել
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ առասպելին, որ շարադրուած է «Նաւարկութիւն Սուրբ Պրենդանին» (մօտաւորապէս 1100 թուականին)՝ Պրենդան եւ իր ուղեկիցները (քահանաներ) ծովային ճամբորդութենէ ետք կանգ առին կղզիի մը մօտ։ Կղզին քարքարոտ էր, անոր վրայ խոտ չէր բուսներ, ծառերը հոն հազուադէպ կ'աճէին, իսկ ափին վրայ աւազ չկար։ Պրենդանի ուղեկիցները մտան այդ կղզին, իսկ Պրենդան մնաց նաւուն վրայ։
Առաւօտեան Պրենդանի «ախպարները» սկսան կղզի տանիլ նաւէն հում միս՝ որպէսզի զայն աղ դնեն, ինչպէս նաեւ ձուկ, որ բերած էին այլ կղզիէ մը։ Ասիկա ընելէ ետք, անոնք կաթսան դրին կրակի վրայ։ Երբ փայտերը բորբոքեցան եւ կաթսան սկսաւ տաքնալ, կղզին յանկարծ սկսաւ դողալ։ Քահանաները շտապեցին դէպի նաւը՝ ձգելով այն ամէնը, ինչ որ բերած էին ափին։ Այն բանէն ետք, երբ նաւը հեռացաւ, կղզին անհետացաւ ովկիանոսին մէջ։
Նաւուն մէջ Սուրբ Պրենդան պատմեց ուղեկիցներուն, թէ անիկա ինչ էր. «Ախպարնե՛ր, դուք կը զարմանաք թէ ինչ պատահեցաւ այս կղզիին հետ»։ Անոնք պատասխանեցին. «Մենք շատ կը զարմանանք» եւ աւելցնելով՝ «մեծ վախ մը պատեց մեզ»։ Ան ըսաւ անոնց. «Որդինե՛ր, պէտք չէ վախնաք։ Աստուած ինծի բացայայտեց այս գիշեր սուրբ տեսիլքով, թէ անիկա ի՛նչ է։ Անանկ բան մը, որուն վրայ մենք էինք, կղզի մը չէ, այլ ձուկ մըն է։ Ամէնամեծը ովկիանոսի բոլոր արարածներէն։ Անիկա մշտապէս կը փորձէ իր քիթով հասնիլ պոչին, սակայն չի կրնար իր հսկայական երկարութեան պատճառաւ։ Իսկ անոր անունն է Վահանակրեայ»[4]։
Պատկերացումի զարգացում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Սուրբ Մալոյի կենսագրութեան մէջ կայ «Պասխալ» կիթի մը մասին պատմութիւն, որ շատ նման է Յասկոնտիի առասպելին։ Ծովային հրէշի մասին պատմութիւնը, որ սխալմամբ կղզիի մը նմանցուած է, նաեւ կը հանդիպի Սինդբադ-Ծովագնացին պատմութեան մէջ։ «Կնոյկ-Գորբունկ» հեքիաթին մէջ Պ. Պ. Երշովի ստեղծած հերոսը կը հանդիպի ձուկի մը, որ կղզիի մը վերածուած է։ Հերոսներու հանդիպումները հսկայական ծովային հրէշներու հետ բազմիցս կը հանդիպինք տարբեր գրական գործերու մէջ, սկսած «Յովնան մարգարէի գիրքէն»։ XIX դարուն, օրինակ, այս թեման կը հանդիպի «Փինոչչիօ» եւ «Մյունխհաուզենի արկածներ» գիրքերուն մէջ։
- Վահանակրեայ անունով ձուկը կը կոչուի Յասկոնտի մանկական գիրքին մէջ «Լուի եւ Ֆրանկի արկածները» Կերոլայն Ուայթէն։ Անոր խօսքերով, անուան նշանակութիւնը կապուած է Սուրբ Բրենդանի առասպելին հետ[5]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Նոր բառգիրք հայկազեան լեզուի, Հայր Գաբրիէլ Աւետիքեան, Հայր Խաչատուր Սիւրմէլեան, Հայր Մկրտիչ Աւգերեան - վանակրեայ»։ www.nayiri.com։ արտագրուած է՝ 2025-03-13
- ↑ Pitra Jean Baptiste (1855)։ Spicilegium solesmense complectens sanctorum patrum scriptorumque ecclesiasticorum anecdota hactenus opera: selecta e graecis orientalibusque et latinis codicibus (լատիներեն)։ F. Didot fratres
- ↑ «Հայերէն արմատական բառարան, Հրաչեայ Աճառեան - կրայ»։ www.nayiri.com։ արտագրուած է՝ 2025-03-13
- ↑ Плавание святого Брендана: Средневековые предания о путешествиях, вечных странниках и появлении обитателей иных миров / [Сост., вступ. ст.], пер. с лат. и ст.-фр., лит. переложение ирл. преданий Н.Горелова. — СПб.: Азбука-классика, 2002. — 320 с
- ↑ «The Adventure of Louey and Frank»։ web.archive.org։ 2007-12-30։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-12-30-ին։ արտագրուած է՝ 2025-03-13