Ս. Նիկողայոս Զմիւռնիացի

Ս. Նիկողայոս Զմիւռնիացի
յուն․՝ Άγιος Νικόλαος
Ծնած է 3-րդ դար[1]
Ծննդավայր Բաթրա, Լիկիա, Հռոմէական Կայսրութիւն
Մահացած է 4-րդ դար[1]
Մահուան վայր Միրա, Լիկիա, Հին Հռոմ
Քաղաքացիութիւն Հին Հռոմ
Կրօնք Քրիստոնէութեան վաղ շրջան եւ Նիկիական հաւատամք
Մասնագիտութիւն Քրիստոնեայ հոգեւորական, Կաթոլիկ եպիսկոպոս
Վարած պաշտօններ Թեմի առաջնորդ

Ս. Նիկողայոս Հայրապետ, ծնած է Փոքր Ասիոյ Լիկիա գաւառին Բաթարա քաղաքը՝ հայկական Գամիրքի մէջ (ներկայիս Անթալիոյ մօտակայքը)[2]։ Ան Նիկիոյ Ս. ժողովի (325) 318 հայրապետներէն մէկն էր։

Կեանքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հօր անունը Եպիփան է, մօրը` Նունէ, որոնք իրենց զաւակը Աստուծմէ ուխտով խնդրած են: Ծնունդէն երկու ժամ ետք, իր ոտքերուն վրայ կը կանգնի։ Երբ մօրմէն կը սնանէր Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը մօր ստինքները բերանը չէր առներ, այլ անօթի կը մնար։ Մինչեւ իր կեանքին վերջն ալ կը շարունակէ պահեցողութեամբ ապրիլ։

Փոքր տարիքէն կը կորսնցնէ մեծահարուստ եւ բարեպաշտ ծնողները եւ կը մեծնայ իր քեռիին՝ Նիկողայոս Երէց եպիսկոպոսին խնամքին տակ։

Երբ եօթը տարեկան մանուկ էր, չորցած ոտքերով կին մը կու գայ իր մօտ աղօթքի համար։ Մինչ սրբակեաց մանուկը կը խաչակնքէր, ծեր կինը կը բժշկուի։

Աւետարանական պատգամը՝ «Վաճառէ՛ ունեցուածքդ եւ բաժնէ՛ աղքատներուն» (հմմտ. Մտթ. ԺԹ 21), իր կեանքի նշանաբանը կը դարձնէ՝ խնամելով աղքատները, հիւանդները, բանտարկեալները եւ որբերը։

19 տարեկանին, սուրբի քեռին՝ Նիկողայոս Եպիսկոպոս, քահանայ կը ձեռնադրէ եւ եկեղեցւոյ կը յանձնէ զինք։ Սուրբ քահանան իր հօտէն շատերը կը բուժէ, որոնց մէջ կային դիւահարներ, լուսնոտներ եւ այլ պարագաներ։

Օր մը Ս. Նիկողայոս կը տեսնէ Քրիստոսն ու Ս. Աստուածածինը. Քրիստոս Աւետարան կու տայ իրեն, իսկ Աստուածածինը՝ քահանայական զգեստ։ Նոյն օրը, եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի։ Ահա թէ ինչու, երբ Ս. Նիկողայոսի պատկերը կը ներկայացուի, աջ ձեռքին գծագրուած կ՚ըլլայ Աւետարանը, իսկ ձախին՝ քահանայական զգեստը։ Ժողովուրդի կամքով ան կը դառնայ Զմիւռնիոյ եպիսկոպոսը։ Հալածանքներու ընթացքին կ'աքսորուի, սակայն չի դադրիր ամէնուր Աւետարանը քարոզելէ։ Խաղաղութիւն վերահաստատուելուն պէս կը վերադառնայ իր աթոռը, կը մասնակցի 325-ին Նիկիոյ Տիեզերական ժողովին։

Կը մահանայ 326-ին։ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ ամէնէն սիրուած սուրբերէն է. առաւելաբար ծանօթ է Սանթա Քլոս անունով, իսկ հայոց մօտ՝ «Կաղանդ պապուկ» կամ «Ձմեռ Պապա» անունով ։

Ան կը համարուի ո՛չ միայն նաւաստիներու պահապան սուրբը, այլ մանաւանդ՝ մանուկներուն, որոնց հանդէպ միշտ յատուկ հոգատարութիւն կը ցուցաբերէր: Սուրբ Նիկողայոս նաեււ համայն Ռուսաստանի պահապան սուրբը կը համարուի[3]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]