Jump to content

Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի (Մալաթիա)

Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի

Հիմնական տեղեկութիւններ
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Առանձնայատկութիւններ

Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի (Թաշխորան[1]), հայ պատմական տաճար, ուր Մալաթիոյ շրջանի հայերը իրենց պաշտամունքը կատարած են։ Այժմ՝ «Թաշխորան» անուանեալ պատմական սրբավայրը, մշակոյթի կեդրոնի կարգավիճակ ստացած է։

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն Հայ Եկեղեցւոյ շինութիւնը 1878-ին յոյն ճարտարապետի մը եւ Հայ քարագործներուն աշխատութեամբ սկսած է։ Շինութիւնը 1893-ին աւարտած է։

1893-ի երկրաշարժին եկեղեցւոյ գմբեթը փլած է։

1905-1907 տարիներուն միջեւ եկեղեցին կը վերանորոգուի։ 1915-էն ետք եկեղեցին, իբրեւ զօրանոց եւ բանտ կը գործածուի։ 1969-ի հրդեհին` եկեղեցւոյ գմբէթը կ'այրի։ Եկեղեցին երկար ժամանակ աւերակ կը մնայ։

2010-ին Մալաթիոյ Կուսակալ Ուլվի Սարանի հրահանգով եկեղեցւոյ վերանորոգումը կը ծրագրուի։ 2012-ին եկեղեցւոյ շինութիւնը կը սկսի։ Գիտարուեստական հարցերուն եւ պիւտճէի անկարողութեան պատճառաւ շինութիւնը կանգ կ'առնէ։ 2021-ին Մալաթիոյ Քաղաքապետը Սելահաթթին Կիւրքանի առաջնորդութեամբ վերանորոգումը կ'աւարտի[2]։ Մալաթիոյ «ՀԱՅՏԵՐ» միութիւնը, վերանորոգումի ընթացքին պաշտօն կը ստանձնէ։ «ՀԱՅՏԵՐ» միութիւնը եկեղեցւոյ խորանի եւ մկրտարանի վերանորոգումին նիւթական նեցուկ կը կանգնի:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «TAŞHORON KİLİSESİ»։ Kültür Portalı (թրքերէն)։ արտագրուած է՝ 2025-07-14
  2. «ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՆՇԱՆՆԵՐ…»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2025-07-14