Jump to content

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Կեսարիա)

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի

Հիմնական տեղեկութիւններ
դաւանանք Հայ Առաքելական եկեղեցի
Ներկայ վիճակ Գործող
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Ճարտարապ. ոճ Հայկական
Կառուցման սկիզբ 12-րդ դար
Կառուցման աւարտ 1191
Առանձնայատկութիւններ

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, գործող հայկական եկեղեցի՝ Կեսարիոյ մէջ։

Կեսարիոյ մէջ գտնուող ամենահին Հայ Առաքելական Եկեղեցին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին է: Հիմնուած է 1191-ին: Դարեր շարունակ զանազան նորոգութիւններու ենթարկուած է եւ կանգուն մնացած է:

ԺԹ. դարու կէսին եկեղեցին գրեթէ փլած ըլլալուն, 1859-ին կրկին կառուցուած է:

Իսկ 1885-ին եկեղեցւոյ նորոգութեան գործը կատարուած է, օրուան արհեստաւորներու, աղքատ դասակարգի, մանուկներու եւ կիներու կողմէ, իրենց բերած թ՛է նիւթական եւ թէ ֆիզիքական օգնութեամբ:

Եկեղեցին Կեսարիոյ կեդրոնը գտնուող միւս Հայկական Եկեղեցիներէն աւելի փոքր է:

1868-ին Եկեղեցւոյ կից հիմնուած է Կիւմիւշեան վարժարանը, որ այսօր աւերակ դարձած է:

1885-ին մեծ նորոգութիւն մը կատարուած եւ դրան վրայ մարմարիոնէ գրութիւն մը զետեղուած է, որուն մէջ կը բացատրուին նորոգութեան մանրամասնութիւնները: Իսկ 1996-ին Եկեղեցին դարձեալ նորոգուած է երկու նուիրատու եղբայրներու կողմէ եւ պաշտամունքի բացուած է:

Եկեղեցին ունի երեք գմբէթներ: Մէջտեղի գմբէթը բաժնուած է միւս երկուքէն: Եկեղեցին կազմուած է երեք ուղանկիւնքառանկիւն եւ մէկ քառակուսի բաժիններէ: Եկեղեցւոյ պատերը զարդարուած են զանազան ծաղիկներու, բոյսերու եւ Սուրբերու որմնանկարներով:

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին կապուած է Պոլսոյ Պատրիարքութեան, որ 1461-ին հիմնուած է Ֆաթիհ Սուլթան Մէհմէտի հրովարտակով: Այս Եկեղեցին միջին Անատոլուի մէջ պաշտամունքի բաց եղող ամենահին եւ միակ եկեղեցին է, որ բարերներու եւ Եկեղեցւոյ Խնամակալութեան ջանքերով կանգուն կը մնայ[1]:

Եկեղեցին դարձեալ նորգուփեան ենթարկուած է (նորոգութիւնը սկսած 2006-ին)։ Եկեղեցւոյ նորոգութիւնը երեք տարի տեւած է։ Օծման արարողութիւնը կատարուած է 8 Նոյեմբեր 2009-ին՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ սրբազանի կողմէ, իսկ բացման ներկայ պիտի ըլլայ Կեսարիոյ կուսակալը եւ քաղաքապետը[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայոց Եկեղեցի»։ www.kayserikilisesi.org։ արտագրուած է՝ 2025-08-14
  2. «Վերանորոգուած Կեսարիոյ Եկեղեցին Պիտի Բացուի Նոյեմբեր 8ին»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ արտագրուած է՝ 2025-08-14