Սրտականգառ

Սրտականգառ, սիրտի աշխատանքի, բաբախումի անակնկալ կանգ-դադար: Սիրտը կը դադրի բաբախելէ եւ գործելէ[1]:
Սրտականգառ կը պատահի ոչ միայն նախօրօք սիրտի հիւանդութիւն ունեցողի մը պարագային, այլեւ`առողջ անձի մը: Ընդհանրապէս սրտականգառը ազդանշանն է անակնկալ եւ արագ մահուան, որ կը պատահի անմիջապէս եւ երբեմն` որոշ ախտանշաններու յայտնուելէ ետք:
Պատճառներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սիրտի մկանները կը գործեն սիրտի ելեկտրական դրութեան (electrical system) մշտական ինքնագործունէութեամբ: Սրտականգառը տեղի կ'ունենայ, երբ սիրտի այս դրութիւնը խանգարուի: Այս խանգարումին պատճառով սիրտի մկաններու բաբախումը կ'ըլլայ շատ արագ եւ անկանոն, եւ սիրտը կը սկսի թարթափել (fibrillate), որուն կը յաջորդէ սրտականգառը[2]:
Սրտաբաբախումի տեսակներէն վատթարագոյնը սիրտի աջ եւ ձախ փորոքներու (ventricles) բաբախումն է, ուր տեղի կ'ունենայ մկաններու քաոսային, շատ արագ եւ կանոնաւոր եւ կամ անկանոն պրկում, որ կը կոչուի թարթափում: Ուստի սիրտի փորոքները արիւն չեն մղեր սիրտէն դուրս` դէպի մարմինի բոլոր օրկանները: Ուղեղը մարմինի այն օրկանն է, որ շուտով կը դադրի գործելէ, այսինքն կը մահանայ, երբ 5-6 վայրկեան արիւն չստանայ: Ուղեղին մահով անհատին կենդանութիւնը վերջ կը գտնէ եւ կը յայտարարուի անոր մահը:
Սրտականգառը կարելի է անհետացնել եւ դադրեցնել սիրտի թարթափումը շտապ-անմիջական թարթափազերծութեան (defibrilation) կիրարկումով: Թարթափազերծութեան սարքը ելեկտրական այն սարքն է, որ սիրտի արագ տրոփումը կը վերադարձնէ բնական տրոփումի եւ, հետեւաբար, սիրտի բնականոն աշխատանքի: Այս միջոցառումը արդիւնաւոր կ'ըլլայ, երբ անիկա գործածուի սրտականգառի պատահարէն անմիջապէս ետք, այսինքն` առաւելագոյնը 5 վայրկեանի միջոցին: Այս ձեւով սիրտը կը վերադառնայ իր բնականոն աշխատանքին. այլ խօսքով, տեղի կ'ունենայ սիրտի բնական գործելակերպի վերականգնում[3]:
Սրտականգառի պատճառները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- սիրտի կաթուած-տագնապ,
- սիրտի ծաւալում,
- սիրտի պսակաձեւ զարկերակներու խցում,
- սրտամկաններու հաստացում եւ պնդացում,
- արեան ճնշումի բարձրացում,
- սիրտի հիւանդութիւններու համար գործածուած կարգ մը դեղեր,
- սիրտի զարկերակներու ընդոծին արատներ,
- երկարատեւ ֆիզիքական ծանր աշխատանք եւ մարզանք,
- անակնկալ եւ մեծ քանակութեամբ արիւնահոսութիւն,
- սուր եւ անակնկալ շնչադադար, մարմինի անակնկալ եւ սուր կալիւմի (K, potasseum) նուազում,
- մեծ քանակութեամբ թմրեցուցիչներու գործածութիւն:
Սրտականգառ կը պատահի անակնկալօրէն եւ ընդհանրապէս առանց ազդանշանի: Քիչ պարագաներու ենթական կ'ունենայ կարգ մը ազդանշաններ, ինչպէս` կրծքացաւ, նողկանք, անբնական եւ դժուար շնչառութիւն եւ արագ անգիտակցութիւն:
Սրտականգառի եղելութիւնը կը փաստարկուի`
- Ենթակային կողմէ հակազդեցութեան եւ պատասխանի (response) բացակայութեամբ, այսինքն` երբ անոր ուսերուն զարնենք, ոչ մէկ շարժում կը տեսնենք, երբ հարցում մը հարցնենք, ոչ մէկ պատասխան կը ստանանք, որ կը նշանակէ` ամբողջական անգիտակցութիւն:
- Ենթակային սրտի զարկի եւ շնչառութեան բացակայութեամբ:
Երբ սրտականգառ ունեցող անձի մը քով գտնուինք, անմիջապէս պէտք է կանչել բժշկական շտապ օգնութիւն եւ իմացնել պատահարը, ապա սկսիլ սրտաթոքային վերակենդանացման (cardiopulmonary resuscitation) միջոցառումը` կատարել բերնէ բերան շնչառութիւն եւ երկու ձեռքերը իրարու վրայ դրած ճնշել ու հարուածել կրծքավանդակին, մասնաւորապէս` կրծոսկրը (sternum): Կատարել այս երկու միջոցառումները փոխն ի փոխ, մինչեւ` բժշկական շտապ օգնութեան ժամանումը: Հոս բժշկական անձնակազմը կը կատարէ վերակենդանացում` օգտագործելով սիրտի թարթափազերծութեան սարքը մէկ կամ մէկէ աւելի անգամներ:
Վերակենդանացումը կը յաջողի եւ կամ կը ձախողի: Յաջողութեան պարագային, հիւանդը շուտով կը փոխադրուի հիւանդանոց` կատարելու համար յաւելեալ քննութիւններ եւ ենթական ենթարկելու ենթաջերմութեան (hypothermia), որպէսզի նուազագոյն վնաս հասնի ուղեղին: Իսկ ձախողութեան պարագային, սրտազարկի, շնչառութեան եւ գիտակցութեան անվերադարձ կորուստ (irriversible) տեղի կ'ունենայ, եւ կը յայտարարուի ենթակային մահանալը: Ապրողներէն շատերու կրծքավանդակին մէջ կը զետեղուի սիրտի թարթափազերծիչ (defibrilator)` իբրեւ շտապ եւ ինքնագործ միջոցառման միջոց՝ ապագայի սրտականգառի պարագային:
Կարելի է արգելք հանդիսանալ սրտականգառին` պարզապէս կանոնաւոր կերպով հետեւելով սիրտի առողջութեան, արգելք հանդիսանալով սիրտի զանազան տեսակի հիւանդութիւններուն եւ հեռու մնալով սիրտի հիւանդութիւն յառաջացնող ազդակներէն, ինչպէս` ծխել, առողջ սննդակատառութիւն չունենալ եւ մարզանքի չհետեւիլ[4]:
Շաքարախտէ տառապողները, ծխախոտ ծխողները, մեծ քանակութեամբ ալքոլ գործածողները, գէրերը, բարձր արեան ճնշում եւ մաղձաճարպ (cholesterol) ունեցողները, ինչպէս նաեւ նստակեաց կեանք ունեցողներն ու մարզանք չընողները աւելի հակամէտ են սրտականգառի: