Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան (Լիբանան)

Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան, երկրորդական երկսեռ ուսումնական հաստատութիւն։

Հիմնադրութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնուած է 1922-ին՝ Անարատ Յղութեան Հայ Կաթողիկէ Քոյրերու Միաբանութեան կողմէ Կոստանդնուպոլսէն Պէյրութ գործուղղուած Թէոպիսաէ Ալեքսանեանի, Էլիզ Պոյաճեանի, Բեաարիս Թաշճեանի, Ալեքսանդրա Հեպոյեանի եւ Ագաթա Փարթամեանի ջանքերով։ Սկիզբը եղած է բացառապէս աղջիկներու նախակրթարան։ Առաջին տարեշրջանին ունեցած է 64 աշակերտուհի։ 1929-ին հաստաաուած է Պէյրութի Խանտակ ալ Ղամիկ թաղամասին մէջ, 1963-ին տեղափոխուած է Ճիւնի։ Աստիճանաբար աւելացուած են միջնակարգ եւ երկրորդական բաժինները։ 1975-ին հաստատուած է Պէյրութի արուարձաններէն՝ Ֆանարի շրջանին մէջ օժտուելով նորակառոյց, սեփական շէնքով։ 1980-ական թուականներու կէսերուն դարձած է երկսեռ վարժարան։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։