Jump to content

Ստեփանոս Թոխաթեցի

Ստեփանոս Թոխաթեցի
Ծնած է 25 Օգոստոս 1558
Ծննդավայր Եւդոկիա
Մահացած է 1630[1]
Մահուան վայր Եւդոկիա
Տեսակ Ողբ (գրական ժանր)?, Երգիծանք և պանեգիրիկ?
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ և գրիչ

Ստեփանոս Թոխաթեցի (25 Օգոստոս 1558, Եւդոկիա - 1630[1], Եւդոկիա), հայ բանաստեղծ, տաղասաց եւ գրիչ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ականատես եղած է Օսմանեան Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներուն մէջ յառաջացած Ճալալիններու շարժման եւ թուրք–պարսկական պատերազմի հետեւանքով հայ ազգաբնակչութեան զանգուածային տեղահանութեան, ինք եւս հայրենակիցներուն հետ տարագրուած է

Յայտնի է, որ 1580-ին կարգուած է քահանայ, 1589-ին մեկնած է Երուսաղէմ, 1621-ին՝ վերադարձած՝ ծննդավայր։ Կեանքին մեծ մասը ապրած եւ ստեղծագործած է Կ.Պոլսոյ մէջ, ապա՝ Ղրիմի, Կաֆա (Թէոդոսիա) քաղաքը, Ս. Խաչ վանքը։

Թողած է պատմագրական արժէք ներկայացնող բանաստեղծական բազմաժանր եւ հարուստ ժառանգութիւն՝ ողբ, երգիծական ոտանաւոր, ներբող, գանձ, յիշատակարան։

Ստեղծագործութեան հիմնական նիւթը թուրքական լուծի տակ ինկած հայ ժողովուրդի ստուար հատուածի մը ողբերգական վիճակն է, ազգային ու ընկերային կեղեքումը, տարագրութեան մէջ կրած զրկանքները։

Յատկանշական է «Ողբ Ի Վերայ Եւդոկիա Մեծի Քաղաքին» ծաւալուն բանաստեղծութիւնը, ուր իրական մանրամասներով նկարագրուած է վաճառաշահ քաղաքի երբեմնի բարգաւաճ կեանքն ու աւերումը։

Երգիծական բանաստեղծութիւններէն ուշագրաւ են «Գովասանութիւն Կաֆայու Քահանայից Վերայ»ն, ինչպէս նաեւ կենցաղային խնդիրներ արծարծող «Ոտանաւորս եւ գանկատս լվաննուն եւ ճանճերուն ի Ստեփանոս Թոխաթցի երիցուէ ասացեալ»ը։

Յայտնի են անոր «Ողբ վասն տղահասակ ննջեցելոց», «Տաղ ի Կաֆայ», «Ողբ ի վերայ վաղամեռիկ եղբոր իւրոյ Յակոբ քահանայի Եւդոկեացւոյ» եւ այլ գործեր։

Ստեփանոս Թոխաթեցիի ստեղծագործութիւնը պարզ, անպաճոյճ ոճի, քնարականութեան եւ պատմական հաւաստիութեան շնորհիւ ժամանակին լայն տարածում գտած է։

Ստեփանոս Թոխաթեցին ծաւալած է գրչագրական գործունէութիւն՝ ընդօրինակելով շարք մը ձեռագիրներ՝ շարակնոց, սաղմոսարան, քարոզգիրք, գանձարան, յայսմաւուրք, որոնք պահուած են Վենետիկի, Երուսաղէմի, Երեւանի մէջ (Մատենադարան

Եղած է նաեւ ուսուցիչ, Թոխաթի եւ Կաֆայի մէջ պատրաստած է բազմաթիւ հետեւորդ աշակերտներ, որոնց մասին յիշատակած է իր տաղերուն մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 Հայաստանի գրադարանների համահավաք գրացուցակ