Jump to content

Ստեփանոս Դաշտեցի

Ստեփանոս Դաշտեցի
Ծնած է 1653
Ծննդավայր Նոր Ջուղա
Մահացած է 1720
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ

Ստեփանոս Դաշտեցի (1653, Նոր Ջուղա - 1720, անյայտ), հայ բանաստեղծ, հանելուկագիր, ժամանակագիր, հրապարակախօս։

Ծնած`1653-ին: Իր ինքնակենսագրութեան մէջ ան կը գրէ.

Ես եմ այր ազգաւ հայ ի ծննդոց Հայկայ, որդի Տէր Բարսեղի սրբացեալ եւ հոգիընկալ քահանայի, որդւոյ Խոջա Մելքումի` մականուն Շիր Փալանգ կոչեցելոյ, որդւոյ տէր Ոսկանայ քահանայի, որդւոյ Սենեքերիմայ առն նշանաւոր ի Դաշտէն Գողթնեաց եւ դաստիարակեալ եւ սնեալ եւ յեկեղեցւոջ հայոց:

Ստեփանոս Դաշտեցի սկզբնական կրթութիւնը կը ստանայ Նոր Ջուղայի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի դպրոցին մէջ, սարկաւագ կը ձեռնադրուի, բայց յետոյ եկեղեցական ծառայութիւնը ձգելով առեւտրական ասպարէզ կը նետուի: Երկար ճանապարհորդութիւններ կը կատարէ դէպի Հնդկաստան եւ յարակից երկիրներ, յետոյ կ'երթայ Եւրոպա եւ կը շրջի բազմաթիւ քաղաքներ` Հռոմ, Վենետիկ, Լիվոռնօ, այնուհետեւ կ'անցնի Ֆրանսա, Հոլանտա, Շուէտ եւ Անգլիա: Ան շփում կ'ունենայ բողոքական եւ կաթոլիկ տարբեր շրջանակներու հետ եւ ի վերջոյ կաթոլիկութեան կը յարի: Կ'ենթադրուի, որ ան Հռոմի Ուրբանեան վարժարանի դասընթացքներուն հետեւած է:

Ստեփանոս Դաշտեցի երգիծական, պարսաւական, խրատական եւ իմաստասիրական տաղեր գրած է, որոնք պատմական, ազգագրական, բարբառագիտական եւ բանահիւսական արժէք կը ներկայացնեն: Գրած է նաեւ հանելուկներ: Պատմական մեծ արժէք կը ներկայացնէ «Կարգ թագաւորաց հնդկաց» ժամանակագրութիւնը: Հեղինակած է դաւանաբանական եւ հրապարակախօսական երկեր, որոնցմէ արժէքաւոր են յատկապէս «Մաղախ փշրանաց»ը, «Խնդիր ուղղութեան»ը եւ «Կոչնակ ճշմարտութեան»ը[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]