Ստամոքսի Հիւանդութիւններ

Ստամոքսը մարմինի միւս օրկաններուն նման կրնայ ախտահարուիլ:
Ստամոքսի յաճախակի հիւանդութիւններն են՝
Ա. Ստամոքսա-որկորային ետհոսք (gastro-esophageal reflux).
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Որկորը կը միանայ ստամոքսին նեղ անցքով մը, որ արգելք կը հանդիսանայ ստամոքսի պարունակութեան ետհոսքին դէպի որկոր:
Ստամոքսա-որկորային նեղանցքի թուլացումով, ստամոքսի թթու հեղուկը կրնայ յետահոսիլ դէպի որկոր եւ յառաջացնել որկորաբորբ (esophagitis), որ կը յատկանշուի այրուածքի զգացողութեամբ[1]:
Բ. Ստամոքսանցքի խխնջամանրէական (Helicobacter pylori-HBP)բորբոքում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ստամոքսի այս բորբոքումը հետեւանքն է HBP մանրէի ներկայութեան ստամոքսին մէջ: Անիկա կը յառաջացնէ ոչ միայն բորբոքում, այլեւ՝ ստամոքսի խոց (ulcer) եւ խլիրդ[2]:
HBP բորբոքումը կրնայ աննշան ըլլալ, առանց որեւէ ախտանշանի կամ զանազան ախտանշաններով:
Յատկանշական ախտանշաններն են՝
- դժուարամարսութիւն,
- մարսողութեան խանգարում (dyspepsia),
- փորի ցաւ:
Այս բորբոքումին ախտաճանաչումը կ'ըլլայ ստամոքսի մակերէսէն պզտիկ կտոր մը վերցնելով եւ ախտաբանական քննութիւն կատարելով: Ախտաճանաչումը կատարուելէ ետք, դարմանումը դիւրին եւ վերջնական կրնայ ըլլալ՝ գործածելով յատուկ մանրէական դեղեր:
HBP մանրէն կ'ապրի կղկղանքի, լորձունքի եւ մէզի մէջ: Հետեւաբար այս բորբոքումը դիւրաւ կը փոխանցուի ուրիշներու բերանէ-բերան հպումով, համբուրելով եւ կղկղանքի վարակումի միջոցով:
Գ. Ստամոքսի բորբոքում (gastritis)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անիկա ստամոքսի ընդհանուր մակերեսի բորբոքումն է, որ կը յառաջանայ HBP մանրէով, կարգ մը դեղերու եւ ալքոլի գործածութեամբ, ինչպէս նաեւ ընկճուածութեամբ: Անոր ախտանշաններն են՝
- դժուարամարսողութիւն,
- փորի ցաւ եւ ստամոքսային արիւնահոսութիւն:
Բորբոքումը կրնայ ըլլալ սուր կամ մնայուն-երկարատեւ, քերծուածային (erosive) կամ ոչ-քերծուածային (non-erosive): Քերծուածային բորբոքումի պարագային, ստամոքսին մակերեսը կը վնասուի եւ խոցեր կը յառաջանան, որոնք ընդհանրապէս կը յառաջացնեն արիւնահոսութիւն:
Ոչ-քերծուածային ստամոքսաբորբը կ'ըլլայ մակերեսային կամ խորունկ:
Ստամոքսի բորբոքումէն ետք, ստամոքսի գեղձերը կը հիւծին (atrophy): Այս պատճառ կը դառնայ ստամոքսի թթուի եւ «pepsin» խմորիչի արտադրութեան նուազումին:
Ստամոքսաբորբի ախտաճանաչումը կը կատարուի ստամոքսադիտումով (gastroscopy) եւ ստամոքսի լորձնաթաղանթէն պզտիկ կտոր մը վերցնելով: Իսկ անոր վերջնական դարմանումը կ'ըլլայ՝ դարմանելով բուն ախտապատճառը[3]:
Դ. Ստամոքսի Խոց (Peptic ulcer)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անիկա ստամոքսի խոցաւորումն (ulceration) է, որ կը յառաջանայ HBP բորբոքումով կամ կարգ մը դեղերու գործածութեամբ: Անիկա ստամոքսի ամէնէն յաճախակի հիւանդութիւնն է: Ստամոքսի խոցը կրնայ ըլլալ պզտիկ կամ մեծ: Խորունկ խոցը պատճառ կը դառնայ ստամոքսի ծակուելուն եւ մեծածաւալ արիւնահոսութեան ու զօրաւոր փորի ցաւի:
Ե. Ստամոքսի խլիրդ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ստամոքսի խլիրդը յաճախակիօրէն տեսնուած խլիրդ մըն է: Անիկա տարեցներու հիւանդութիւն մըն է, առանց սեռի խտրութեան: Անոր կարեւորագոյն ախտապատճառը ստամոքսի HBP բորբոքումն է: Ստամոքսի ցցօնները (polyps) կրնան փոխուիլ խլիրդի, մասնաւորապէս անոնք որոնք մէկէ աւելի թիւով՝ խմբաւորումով կը յայտնուին: Այս մտահոգութեամբ ստամոքսի դիտարկումի մը ընթացքին տեսնուած ցցօնները ամբողջութեամբ հատուելու են եւ ախտաբանական քննութեան ենթարկուելու են:
Ստամոքսի խլիրդը կը յայտնուի զանազան ձեւերով՝ ցցօնանման ուռ կամ սնկաձեւ (fungating) ուռ, խոցանման եւ խորաթափանց (penetrating), մակերեսային ու տարածուն եւ ներսփռային (infiltrating) դէպի ստամոքսի պատի բոլոր խաւերը:
Ստամոքսի խլիրդը նախնական շրջանին գրեթէ կը մնայ աննշան առանց որեւէ մէկ ախտանշանի: Քիչ պարագաներուն միակ ախտանշանը կ'ըլլայ դժուարամարսողութեան զգացումը:
Խլիրդի ծաւալումով հիւանդը յագեցած (satiety) կը զգայ պզտիկ քանակութեամբ կերակուրի սպառումով, կը գանգատի փորի լեցունութեամբ եւ փքուածութեամբ: Այս հանգրուանին հիւանդը քիչ կ'ուտէ եւ կը սկսի նիհարնալ ու շուտով յոգնիլ[4]:
Սկզբնաւորութեան ան կ'ունենայ աննշմար արիւնահոսութիւն եւ արեան տկարութիւն: Խլիրդի ծաւալումով եւ տարածումով կը յայտնուին նոր ախտանշաններ, ինչպէս՝ դեղնութիւն, փորի ջրակալում (ascitis) եւ սեւ կղկղանք, որ հետեւանքն է ստամոքսի խլիրդի արիւնահոսութեան:
Ստամոքսի խլիրդը կը տարածուի մօտակայ եւ հեռաւոր օրկաններուվրայ, մասնաւորաբար թոքերուն, ուղեղին, ոսկրածուծին եւ լեարդին: Անոր ախտաճանաչումը կը կատարուի ստամոքսի դիտումով եւ տեսնուած ուռէն քանի մը կտոր վերցնելով, ախտաբանական քննութիւն կատարելու համար: Կը կատարուին նաեւ արեան յատուկ քննութիւններ եւ զանազան տեսակի նկարումներ՝ պարզ Ք-ճառագայթային նկարում, համակարգչային շերտային նկարում եւ մագնիսարձագանգային նկարում (MRI):
Ստամոքսի խլիրդի դարմանումը կախեալ է անոր աստիճանաւորումէն (staging), ծաւալէն եւ տարածումէն: Երբ խլիրդը տեղային է, այսինքն՝ տակաւին չէ տարածուած, անոր դարմանումը կ'ըլլայ ստամոքսի որոշ բաժինի մը վիրահատումով, ապա հիւանդին կը կիրարկուի քիմիադարմանում (chemotherapy) եւ Ք-ճառագայթային դարմանում (radiotherapy):
Իսկ խլիրդի տարածումի պարագային, վիրահատումը ընդհանրապէս արդիւնաւոր չ'ըլլար եւ միակ դարմանամիջոցը կը մնայ Ք-ճառագայթային եւ կամ քիմիադարմանումը, որոնց օգուտը սահմանափակ է[5]: