Jump to content

Սպիտակարիւնութիւն

Սպիտակարիւնութիւն, ոսկրածուծի արիւնաստեղծ ցօղունային սպիտակ գնդիկներու անբնական բազմացում եւ անբնական սպիտակ գնդիկներու յայտնաբերում, որոնք կը կոչուին «լիւքիմիք բջիջներ». անոնք կը սահմանափակեն ոսկրածուծի բնական արիւնաստեղծումը եւ կը փոխարինեն ոսկրածուծի բնական բջիջները։

Այս անբնական բջիջները կը լքեն ոսկրածուծը եւ կը մտնեն արեան շրջագայութեան մէջ, ապա կը կեդրոնանան փայծաղի, աւշագեղձերու, լեարդի եւ մարմնի զանազան անդամներու մէջ։

Ան փոխանցիկ հիւանդութիւն մը չէ եւ կը պատահի աւելի տղամարդոց մօտ։

Սպիտակարիւնութեան ախտապատճառները

Սպիտակարիւնութեան ախտապատճառը ընդհանրապէս հաւանական չէ գիտնալ. սակայն բազմաթիւ ազդակներ նկատուած են հաւանական ախտապատճառներ. ասոնցմէ կարելի է յիշել՝

  • ծինային (genetic) անբնական կազմաւորում,
  • միջավայրային փոփոխութիւններ եւ ազդեցութիւններ, ինչպէս՝ կարգ մը քիմիական նիւթեր,
  • շողարձակում, հակախլիրդային դեղեր եւ որոշ ժահրեր[1]։

Այս հիւանդութիւնը կրնայ ըլլալ սուր-կարճատեւ եւ կամ մնայուն-երկարատեւ։

Անչափահասներու եւ երիտասարդներու մօտ ընդհանրացած տեսակը սուր-կարճատեւ սպիտակարիւնութիւնն է, որ կը սկսի անակնկալօրէն եւ սուր. հիւանդներուն մեծամասնութիւնը կ'ապրի, ախտաճանաչումէն ետք, 4-6 ամիս, երբ տեղի չ'ունենար արդի դարմանումի միջոցառումները. իսկ տարեցներու մօտ ան կ'ունենայ մնայուն-երկարատեւ ընթացք, որ կը սկսի ծածուկ եւ կը յառաջանայ շրջան մը շատ դանդաղ, առանց որեւէ մէկ ախտանշանի. հիւանդները ախտաճանաչումէն ետք կ'ապրին 2-10 տարի՝ առանց արդի դարմանումի միջոցառումներու։

Սպիտակարիւնութեան ախտաճանաչում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սպիտակարիւնութեան ախտաճանաչումը տեղի կ'ունենայ հիմնականօրէն արեան, ոսկրածուծի եւ աւշագեղձերու (lymph nodes) յատուկ քննութիւններով, որոնց միջոցով կը յայտնաբերուին անբնական սպիտակ գնդիկներու անբնական թուային աճ եւ զանազան անբնական երեւոյթներ, ինչպէս նաեւ անարիւնութիւն եւ արեան թիթեղիկներու նուազում։ Ընդհանրացած ախտանշանները հետեւեալներն են՝

Սպիտակարիւնութիւնը անցեալին հիմնական բուժում չունէր. զանազան միջոցառումներով, ինչպէս՝ շողարձակում, հակախլիրդային դեղեր, արեան փոխներարկում, սննդարար կերակուրներ եւ մարմնական-ֆիզիքական հանգիստ, կ'երկարաձգուէր հիւանդին կեանքը որոշ շրջան մը եւ կը նուազէր հիւանդին ցաւը. սակայն այսօր ոսկրածուծի փոխպատուաստումով, երբ նախ ոսկրածուծի բոլոր չարաղէտ բջիջները ամբողջութեամբ կը բնաջնջուին շողարձակումով եւ կամ որոշ հակախլիրդային դեղերով, կը կատարուի այս հիւանդներուն դարմանումը։ Այս հիւանդները, շնորհիւ ոսկրածուծի փոխպատուաստումի, կ'ապրին շատ աւելի երկար եւ կ'ունենան ընդունելի հանգստաւէտ կեանք. անոնց մեծամասնութիւնը կը գործէ, կ'աշխատի եւ կը դառնայ արտադրող անհատ՝ ընկերութեան մէջ, ինչպէս նաեւ կ'ունենայ առողջ ընտանեկան եւ ընկերային կեանք[2]։

  • ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ, «ԲԺԻՇԿԻՆ Բ. ԽՕՍՔԸ», Անթիլիաս, 2011

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]