Ուիքիփետիա:Ուիքի աշխատանոց-հաւաք 2025, Նիկոսիա/Դասընթացք
Արտաքին տեսք
<
«Ուիքի աշխատանոց-հաւաք»ը կազմակերպուած է Կիպրոսի Համազգայինի Օշական Մասնաճիւղի եւ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի գործակցութեամբ՝ կրթական հաստատութիւններու, մամուլի աշխատակիցներու եւ հետաքրքրուած անհատներու համար․ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն արեւմտահայերէնին տիրապետող եւ համակարգիչի օգտագործման ծանօթ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, լրագրողներ եւ հետաքրքրուող անհատներ (18+ տարեկան):
Շնորհաւորելի են բոլոր անոնք, որոնք ցանկութիւն յայտնեցին ներդրում ունենալու եւ մասնակցելու Ուիքի հարթակին զարգացման։