«Փիլիսոփայութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 5. Տող 5.
'''Փիլիսոփայութիւն''', իմացութեան եւ կեցութեան ընդհանուր սկզբունքներու եւ օրինաչափութիւններու մասին գիտութիւնն է: Այն կը ձգտի պարզաբանել ամբողջ կեցութեան ընդհանուր կապը եւ միաւորել մարդկային գիտելիքի բոլոր ոլորտները: Փիլիսոփայութիւնը կարելի է համարել որոշակի աշխարհայեացք եւ աշխարհըմբռնում, որ ունի նաեւ մեթոտաբանական գործառնութիւններ:

«Փիլիսոփայութիւն» ([[Յունարէն|յունարէն]].՝ φιλοσοφία) բառը ունի Յունական ծագում: Այն առաջացած է յունարէն «սիրել» եւ «իմաստութիւն» բառերէն: Այսինքն` փիլիսոփայութիւն թարգմանաբար կը նշանակէ «իմաստութեան հանդէպ սէր»: Հայ մատենագրութեան մէջ «փիլիսոփայութիւն» եզրոյթին զուգահեռ գործածուած է նաեւ «իմաստասիրութիւն» բառը:
«Փիլիսոփայութիւն» ([[յունարէն]].՝ φιλοσοφία) բառը ունի Յունական ծագում: Այն առաջացած է յունարէն «սիրել» եւ «իմաստութիւն» բառերէն: Այսինքն` փիլիսոփայութիւն թարգմանաբար կը նշանակէ «իմաստութեան հանդէպ սէր»: Հայ մատենագրութեան մէջ «փիլիսոփայութիւն» եզրոյթին զուգահեռ գործածուած է նաեւ «իմաստասիրութիւն» բառը:
Փիլիսոփայութիւնը սկիզբ առած է Ք․Ա․ 7-րդ դարուն: Այդ կարելի էր համարել աշխարհը բանական կերպով իմաստաւորելու փորձ, որ կու գայ փոխարինելու աշխարհի մասին նախկին դիցաբանական պատկերացումները: Փիլիսոփայութիւն բառը առաջին անգամ գործածած է [[Փայթակորըս]]ը, ով կը գտնէր, որ իմաստութիւնը միայն աստուածներուն բնորոշ է, իսկ մարդը կրնայ միայն ձգտիլ իմաստութեան եւ սիրել այն:

Տող 18. Տող 18.
Տրամաբանութենէն զատ` փիլիսոփայական մտածողութեան եւս մէկ վարուելաձեւ կ’ապահովէ անոր ամբողջականութիւնը: Փիլիսոփայական ցանկացած նոր ուղղութիւն, ցանկացած նոր գաղափար կամ փիլիսոփայական դպրոց իրեն կը համեմատէ իրեն նախորդող փիլիսոփայական համակարգերուն, ներկայացնելով անոնց քննադատական վերլուծութիւն` իր նոր համակարգի սահմաններուն մէջ: Օրինակ` [[Իմանուէլ Քանթ]]ի յայտնի աշխատութիւնը` «[[Զուտ Բանականութեան Քննադատութիւն]]»-ը, կը պարունակէ բանապաշտութեան ու փորձարապաշտութեան քննադատական վերլուծութիւնը: Այս ձեւով` տրամաբանութիւնն ու քննադատական վերլուծութիւնը կը հանդիսանան փիլիսոփայական մտածողութեան հիմքն ու կ’ապահովեն անոր ամբողջականութիւնը:

Անոր հետ միասին փիլիսոփայութեան հասկացութեան աղօտութիւնը կը հանդիսանայ անոր բնորոշ գիծը եւ կ’առանձնացնէ այն գիտութիւններէն: Եթէ փիլիսոփաներուն կը յաջողի նոր արդիւնաւէտ իմացութեան մէթոտաբանութեան մշակման շնորհիւ առաջընթաց ապրիլ, ապա այդ ոլորտը կ’առանձնացուի փիլիսոփայութենէն եւ կը դառնայ ինքնուրոյն գիտական ճիւղ: Այդպէս, իմացութեան գիտական մէթոտաբանութեան յաջողակ կիրառումը տարբեր կարգերու բնական առարկաներուն փիլիսոփայութենէն վերջնականապէս առանձնացուց բնական փիլիսոփայութեան ճիւղը, որը յետագային բաժնուեցաւ շարք մը [[Բնագիտութիւն|բնական գիտութիւններ]]ու: Օրինակ [[Իսահակ Նիւթըն]]ը գրած է իր յայտնի հիմնային աշխատանքը` «[[Բնական Փիլիսոփայութեան Թուաբանական Սկզբունքները]]», ըլլալով [[փիլիսոփայ]]` իր սեփական պատկերացմամբ, իսկ ներկայ ժամանակին ան յայտնի է որպէս բնագէտ (physicist) ու մաթեմաթիքոս: Անգլալեզու ամբողջ գիտութիւնը առ այսօր կը պահպանէ փիլիսոփայութեան հետ իր ունեցած «բարեկամական» կապի հետքեր, օրինակ` անոր մէջ, որ անոր բոլոր ճիւղերուն մէջ բարձրագոյն գիտական աստիճանը կը կրէ «[[Փիլիսոփայութեան Տոքթոր]]» անուանումը: ([[անգլերէն]]՝ Ph.D.)

=== Փիլիսոփայութեան բաժիններ ===
=== Փիլիսոփայութեան բաժիններ ===
Տող 25. Տող 25.
Առաջին եղանակը կ’ընդգծէ փիլիսոփայութեան կիրառման ոլորտները: Բնական է, որ այդպիսի բաժանումը կարելի է կատարել տարբեր ձեւերով: Այդպիսի բաժանումներէն ամենախոշորն է փիլիսոփայութեան բաժանումը ըստ [[Բնազանցութիւն|բնազանցութեան]] (գոյութեան հարցերը), [[Հմտաբանութիւն|հմտաբանութեան]]յի (իմացութեան հարցերը) եւ [[Արժէքներու Ուսումնասիրում|արժէքներու ուսումնասիրման]]յի (բարոյականութեան ու արժէքներու հարցերը): Այլ, աւելի դասական ձեւով, բացի վերը նշուած 3 ոլորտներէն` որպէս առանձին առարկաներ կ’ընդունուին նաեւ [[տրամաբանութիւն]]ը (փիլիսոփայական կանգուն գաղափարախօսութեան կատարելագործումը) ու [[փիլիսոփայութեան պատմութիւն]]ը (անցեալի փիլիսոփայական դրոյթներու քննադատական վերլուծութիւնը): [[Արիստոտել (արեւմտահայերէն)|Արիստոտելի]] ժամանակ ի յայտ կու գայ փիլիսոփայութեան բաժանումը տեսական եւ բանաստեղծական (ստեղծագործական):

Երկրորդ եղանակը կ’ընդգծէ փիլիսոփայական բազմաթիւ դպրոցներն ու մեթոտաբանութիւնները: Այդպիսի ամենախոշոր բաժանումը կը հանդիսանայ, բաժամունքի մը մէջ օրինակ ամբողջ արեւմտեան փիլիսոփայութեան, այսինքն հին փիլիսոփայութեան ու Արեւմտեան [[Եւրոպա]]յի ու [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|ԱՄՆ]]ի մէջ յետագային ձեւաւորուած բոլոր փիլիսոփայական դպրոցներու ու ուղղութիւններու, ինչպիսիներն են [[Գերմանիա (արեւմտահայերէն)|գերմանական]] կամ [[ֆրանսա]]կան փիլիսոփայութիւնը, ներառումը: Պատմականօրէն` լեզուական ու տարածական արգելքներու հետեւանքով բազմաթիւ փիլիսոփայական դպրոցներ կը յայտնուէին հաստատ երկիրներու ու ժողովուրդներու սահմաններուն մէջ, ինչպիսիներն են օրինակ հին յունական, չինական կամ գերմանական փիլիսոփայութիւնը: ХVII դարէն սկսած աշխարհանայցման աստիճանական զարգացման հետ զուգընթաց` ազգային ու աշխարհագրական տարբերութիւնները կորսնցուցին իրենց կարեւորութիւնը, եւ փիլիսոփայական տարբեր ուղղութիւնները, դառնալով միջազգային, կը ստանային աշխարհագրութեանը եւ մշակոյթին չամրագրուած անուանումներ, ինչպիսիներն են օրինակ [[Մարքսիստականութիւն|Մարքսիստականութիւնը]], [[Գոյապաշտութիւն|գոյապաշտութիւնը]] եւ ուրիշներ: Անոր հետ միասին այսօր դեռ կը պահպանուին որոշակի մշակութային-լեզուական տարբերութիւններ, որոնք կը ձեւաւորեն տարբեր փիլիսոփայական ուղղութիւններ: Այդպիսի տարբերութիւններէն կարեւորագոյնն է ժամանակակից փիլիսոփայութեան բաժանումը մայրցամաքային փիլիսոփայութեան, որ կը ներառէ հիմնականութեամբ ֆրանսացի ու գերմանացի փիլիսոփաներու աշխատանքները, եւ [[Վերլուծական Փիլիսոփայութիւն|վերլուծական փիլիսոփայութեան]], որ կը զարգանայ հիմնականօրէն անգլիալեզու երկրներուն մէջ:
Երկրորդ եղանակը կ’ընդգծէ փիլիսոփայական բազմաթիւ դպրոցներն ու մեթոտաբանութիւնները: Այդպիսի ամենախոշոր բաժանումը կը հանդիսանայ, բաժամունքի մը մէջ օրինակ ամբողջ արեւմտեան փիլիսոփայութեան, այսինքն հին փիլիսոփայութեան ու Արեւմտեան [[Եւրոպա]]յի ու [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|ԱՄՆ]]ի մէջ յետագային ձեւաւորուած բոլոր փիլիսոփայական դպրոցներու ու ուղղութիւններու, ինչպիսիներն են [[Գերմանիա (արեւմտահայերէն)|գերմանական]] կամ [[ֆրանսա]]կան փիլիսոփայութիւնը, ներառումը: Պատմականօրէն` լեզուական ու տարածական արգելքներու հետեւանքով բազմաթիւ փիլիսոփայական դպրոցներ կը յայտնուէին հաստատ երկիրներու ու ժողովուրդներու սահմաններուն մէջ, ինչպիսիներն են օրինակ հին յունական, չինական կամ գերմանական փիլիսոփայութիւնը: ХVII դարէն սկսած աշխարհանայցման աստիճանական զարգացման հետ զուգընթաց` ազգային ու աշխարհագրական տարբերութիւնները կորսնցուցին իրենց կարեւորութիւնը, եւ փիլիսոփայական տարբեր ուղղութիւնները, դառնալով միջազգային, կը ստանային աշխարհագրութեանը եւ մշակոյթին չամրագրուած անուանումներ, ինչպիսիներն են օրինակ [[Մարքսիստականութիւն]]ը, [[գոյապաշտութիւն]]ը եւ ուրիշներ: Անոր հետ միասին այսօր դեռ կը պահպանուին որոշակի մշակութային-լեզուական տարբերութիւններ, որոնք կը ձեւաւորեն տարբեր փիլիսոփայական ուղղութիւններ: Այդպիսի տարբերութիւններէն կարեւորագոյնն է ժամանակակից փիլիսոփայութեան բաժանումը մայրցամաքային փիլիսոփայութեան, որ կը ներառէ հիմնականութեամբ ֆրանսացի ու գերմանացի փիլիսոփաներու աշխատանքները, եւ [[Վերլուծական Փիլիսոփայութիւն|վերլուծական փիլիսոփայութեան]], որ կը զարգանայ հիմնականօրէն անգլիալեզու երկրներուն մէջ:

== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==

22:59, 15 Ապրիլ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Օկըստ Ռոտընի «Մտածողը» (ֆր.՝ Le Penseur) քանդակը, որ հաճախ կը համարուի փիլիսոփայութեան խորհրդանիշը[1]

Փիլիսոփայութիւն, իմացութեան եւ կեցութեան ընդհանուր սկզբունքներու եւ օրինաչափութիւններու մասին գիտութիւնն է: Այն կը ձգտի պարզաբանել ամբողջ կեցութեան ընդհանուր կապը եւ միաւորել մարդկային գիտելիքի բոլոր ոլորտները: Փիլիսոփայութիւնը կարելի է համարել որոշակի աշխարհայեացք եւ աշխարհըմբռնում, որ ունի նաեւ մեթոտաբանական գործառնութիւններ:

«Փիլիսոփայութիւն» (յունարէն.՝ φιλοσοφία) բառը ունի Յունական ծագում: Այն առաջացած է յունարէն «սիրել» եւ «իմաստութիւն» բառերէն: Այսինքն` փիլիսոփայութիւն թարգմանաբար կը նշանակէ «իմաստութեան հանդէպ սէր»: Հայ մատենագրութեան մէջ «փիլիսոփայութիւն» եզրոյթին զուգահեռ գործածուած է նաեւ «իմաստասիրութիւն» բառը:

Փիլիսոփայութիւնը սկիզբ առած է Ք․Ա․ 7-րդ դարուն: Այդ կարելի էր համարել աշխարհը բանական կերպով իմաստաւորելու փորձ, որ կու գայ փոխարինելու աշխարհի մասին նախկին դիցաբանական պատկերացումները: Փիլիսոփայութիւն բառը առաջին անգամ գործածած է Փայթակորըսը, ով կը գտնէր, որ իմաստութիւնը միայն աստուածներուն բնորոշ է, իսկ մարդը կրնայ միայն ձգտիլ իմաստութեան եւ սիրել այն:

Սկզբնական շրջանին փիլիսոփայութեան ոլորտը կ’ընդգրկէր ուսմունքներ տիեզերքի առաջացման եւ կառուցուածքի մասին /Տիեզերածնութիւն, Տիեզերաբանութիւն/, աստուածներու մասին /Դիցածննդաբանութիւն/: Այնուհետեւ փիլիսոփայութիւնը սկսաւ ներառել ուսմունքներ կեցութեան հիմնական հասկացողութիւններու մասին /գոյաբանութիւն/, ճանաչողութեան ակունքներու եւ սահմաններու մասին /իմացաբանութիւն/, մտածողութեան ձեւերու եւ մեթոտներու մասին /տրամաբանութիւն/, մարդկային հոգու մասին /հոգեբանութիւն/, բարոյականութեան էութեան /Բարոյագիտութիւն/ եւ գեղեցկութեան մասին /Գեղագիտութիւն/: Վերոյիշեալ ուղղութիւնները յետագային վերածուեցան առանձին գիտութիւններու:

Փիլիսոփայութեան էութիւնը

Փիլիսոփայութեան բուն սահմանումը արդէն կը հանդիսանայ փիլիսոփայական բաց հարցումը: Այդ կապուած է այն կետին հետ, որ կ’ըսէ, թէ փիլիսոփայութեան ուսումնասիրման առարկան չէ` փիլիսոփայութիւնը կ’ուսումնասիրէ ամէն ինչ: Փիլիսոփայական տարբեր դպրոցներ, որոնք կազմաւորուած են փիլիսոփայութեան գոյութեան ընթացքին, յաճախ տարբերուսծ են իրարմէ իմացութեան մեթոտաբանութիւն, եւ այդ կերպով, այդ դպրոցներէն իւրաքանչիւրին մէջ կարելի է տալ փիլիսոփայութեան ինքնութեան իւրովի սահմանումը: Այդ պատճառով փիլիսոփայութեան սահմանումը որոշակի իմաստով փոխուած է ժամանակի ընթացքին:

Միւս կողմէն, փիլիսոփայութեան մէջ կայ կարեւոր համախմբող սկզբունք մը` ցանկացած փիլիսոփայական դատողութիւն, ինչքան ալ անսպասելի ըլլան անոր հետեւանքները, կը կառուցուի բանական եղանակով` իմաստաւորուած, որոշակի մտածողական սկզբունքներուն, օրինակ` տրամաբանութեանը, համապատասխան: Դատողութեան բանականութիւնը կը տարբերի փիլիսոփայական մտածողութիւնը դիցաբանական եւ կրօնական մտածողութենէն, որոնք կ’ենթադրեն բնապաշտութիւնն ու գերբնականը, այսինքն` անբանականը: Այնուհետեւ այս չի նշանակէր, որ փիլիսոփայութիւնը չի կրնար գոյութիւն ունենալ օրինակ կրօնի հետ զուգահեռ: Ընդհակառակը` տարածուած են այնպիսի իրադրութիւններ, որ երբ որեւէ կրօն ընդունուած է իբրէւ փիլիսոփայական համակարգի նախադրեալ, եւ փիլիսոփայական բանական գաղափարախօսութիւնը կիրառուած է գիտութեան այն ոլորտներուն զարգացման մէջ, որոնք չէին նախատեսուիր որեւէ կրօնական կանոնադրութեամբ: Օրինակ` հին հնդկական փիլիսոփայութիւնը մեկնաբանած է Վետաները, իսկ միջնադարեան Եւրոպական փիլիսոփաները մեկնաբանեցին Աստուածաշունչը: Տարածուած են նաեւ այն դէպքերը, երբ փիլիսոփայական մտածողութիւնը կիրառուած է որեւէ կրօնի արդարութիւնը, կամ աւելի ընդհանրացուած` ապացուցած Աստծոյ գոյութիւնը: Օրինակ` քրիստոնէութեան ջատագովները կը փորձէին բանական կերպով հիմնաւորել այս կրօնը:

Տրամաբանութենէն զատ` փիլիսոփայական մտածողութեան եւս մէկ վարուելաձեւ կ’ապահովէ անոր ամբողջականութիւնը: Փիլիսոփայական ցանկացած նոր ուղղութիւն, ցանկացած նոր գաղափար կամ փիլիսոփայական դպրոց իրեն կը համեմատէ իրեն նախորդող փիլիսոփայական համակարգերուն, ներկայացնելով անոնց քննադատական վերլուծութիւն` իր նոր համակարգի սահմաններուն մէջ: Օրինակ` Իմանուէլ Քանթի յայտնի աշխատութիւնը` «Զուտ Բանականութեան Քննադատութիւն»-ը, կը պարունակէ բանապաշտութեան ու փորձարապաշտութեան քննադատական վերլուծութիւնը: Այս ձեւով` տրամաբանութիւնն ու քննադատական վերլուծութիւնը կը հանդիսանան փիլիսոփայական մտածողութեան հիմքն ու կ’ապահովեն անոր ամբողջականութիւնը:

Անոր հետ միասին փիլիսոփայութեան հասկացութեան աղօտութիւնը կը հանդիսանայ անոր բնորոշ գիծը եւ կ’առանձնացնէ այն գիտութիւններէն: Եթէ փիլիսոփաներուն կը յաջողի նոր արդիւնաւէտ իմացութեան մէթոտաբանութեան մշակման շնորհիւ առաջընթաց ապրիլ, ապա այդ ոլորտը կ’առանձնացուի փիլիսոփայութենէն եւ կը դառնայ ինքնուրոյն գիտական ճիւղ: Այդպէս, իմացութեան գիտական մէթոտաբանութեան յաջողակ կիրառումը տարբեր կարգերու բնական առարկաներուն փիլիսոփայութենէն վերջնականապէս առանձնացուց բնական փիլիսոփայութեան ճիւղը, որը յետագային բաժնուեցաւ շարք մը բնական գիտութիւններու: Օրինակ Իսահակ Նիւթընը գրած է իր յայտնի հիմնային աշխատանքը` «Բնական Փիլիսոփայութեան Թուաբանական Սկզբունքները», ըլլալով փիլիսոփայ` իր սեփական պատկերացմամբ, իսկ ներկայ ժամանակին ան յայտնի է որպէս բնագէտ (physicist) ու մաթեմաթիքոս: Անգլալեզու ամբողջ գիտութիւնը առ այսօր կը պահպանէ փիլիսոփայութեան հետ իր ունեցած «բարեկամական» կապի հետքեր, օրինակ` անոր մէջ, որ անոր բոլոր ճիւղերուն մէջ բարձրագոյն գիտական աստիճանը կը կրէ «Փիլիսոփայութեան Տոքթոր» անուանումը: (անգլերէն՝ Ph.D.)

Փիլիսոփայութեան բաժիններ

Փիլիսոփայութեան հասկացութեան յետագայ հաստատումը կ’անցնի անոր տարբեր բաժիններու նկարագրման: Փիլիսոփայութիւնը կը ստորաբաժանուի երկու եղականով` ըստ ուսումնասիրման առարկայի եւ ըստ «տեսակներու», այսինքն բազմաթիւ դպրոցներու ու գաղափարախօսութեան:

Առաջին եղանակը կ’ընդգծէ փիլիսոփայութեան կիրառման ոլորտները: Բնական է, որ այդպիսի բաժանումը կարելի է կատարել տարբեր ձեւերով: Այդպիսի բաժանումներէն ամենախոշորն է փիլիսոփայութեան բաժանումը ըստ բնազանցութեան (գոյութեան հարցերը), հմտաբանութեանյի (իմացութեան հարցերը) եւ արժէքներու ուսումնասիրմանյի (բարոյականութեան ու արժէքներու հարցերը): Այլ, աւելի դասական ձեւով, բացի վերը նշուած 3 ոլորտներէն` որպէս առանձին առարկաներ կ’ընդունուին նաեւ տրամաբանութիւնը (փիլիսոփայական կանգուն գաղափարախօսութեան կատարելագործումը) ու փիլիսոփայութեան պատմութիւնը (անցեալի փիլիսոփայական դրոյթներու քննադատական վերլուծութիւնը): Արիստոտելի ժամանակ ի յայտ կու գայ փիլիսոփայութեան բաժանումը տեսական եւ բանաստեղծական (ստեղծագործական):

Երկրորդ եղանակը կ’ընդգծէ փիլիսոփայական բազմաթիւ դպրոցներն ու մեթոտաբանութիւնները: Այդպիսի ամենախոշոր բաժանումը կը հանդիսանայ, բաժամունքի մը մէջ օրինակ ամբողջ արեւմտեան փիլիսոփայութեան, այսինքն հին փիլիսոփայութեան ու Արեւմտեան Եւրոպայի ու ԱՄՆի մէջ յետագային ձեւաւորուած բոլոր փիլիսոփայական դպրոցներու ու ուղղութիւններու, ինչպիսիներն են գերմանական կամ ֆրանսական փիլիսոփայութիւնը, ներառումը: Պատմականօրէն` լեզուական ու տարածական արգելքներու հետեւանքով բազմաթիւ փիլիսոփայական դպրոցներ կը յայտնուէին հաստատ երկիրներու ու ժողովուրդներու սահմաններուն մէջ, ինչպիսիներն են օրինակ հին յունական, չինական կամ գերմանական փիլիսոփայութիւնը: ХVII դարէն սկսած աշխարհանայցման աստիճանական զարգացման հետ զուգընթաց` ազգային ու աշխարհագրական տարբերութիւնները կորսնցուցին իրենց կարեւորութիւնը, եւ փիլիսոփայական տարբեր ուղղութիւնները, դառնալով միջազգային, կը ստանային աշխարհագրութեանը եւ մշակոյթին չամրագրուած անուանումներ, ինչպիսիներն են օրինակ Մարքսիստականութիւնը, գոյապաշտութիւնը եւ ուրիշներ: Անոր հետ միասին այսօր դեռ կը պահպանուին որոշակի մշակութային-լեզուական տարբերութիւններ, որոնք կը ձեւաւորեն տարբեր փիլիսոփայական ուղղութիւններ: Այդպիսի տարբերութիւններէն կարեւորագոյնն է ժամանակակից փիլիսոփայութեան բաժանումը մայրցամաքային փիլիսոփայութեան, որ կը ներառէ հիմնականութեամբ ֆրանսացի ու գերմանացի փիլիսոփաներու աշխատանքները, եւ վերլուծական փիլիսոփայութեան, որ կը զարգանայ հիմնականօրէն անգլիալեզու երկրներուն մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

  1. D. Bob Gowin, Marino C. Alvarez The Art of Educating with V Diagrams. — Cambridge University Press, 2005, էջ 52: ISBN 052184343X

Կատեգորիա:Փիլիսոփայութիւն