«Եղիա Տնտեսեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 21. Տող 21.


== Աղբիւր ==
== Աղբիւր ==
* Յիշատակարան, Բ. հատոր, Կ. Պոլիս 1911, էջ 343:
* Յիշատակարան, Վ.Գ. Զարդարեան, Բ. հատոր, Կ. Պոլիս 1911, էջ 343:

== Արտաքին յղումներ ==
== Արտաքին յղումներ ==
* [http://www.agos.com.tr/-7818.html Ո՞վ է Եղիա Տնտեսեան:]
* [http://www.agos.com.tr/-7818.html Ո՞վ է Եղիա Տնտեսեան:]

16:44, 14 Մայիս 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Եղիա Տնտեսեան

Եղիա Տնտեսեան (18341881 թթ․), հայ տպագրիչ։

Ծնած է Պոլիս (Օրթագիւղ թաղին մէջ)։ Զաւակն էր՝ դպիր եւ թարգմանչաց վարժարանի տնտես, Մկրտիչի ուրկէ մնացած է նոյն մականունը։ Իր նախնական ուսումը ստացած է նոյն թաղին ազգային վարժարանին մէջ, ուր այդ թուականին կը դասախօսէր Գրիգոր վարժապետ (յետոյ Օրթագիւղի Տէր Պօղոսը), ուրկէ կ'ուսանի նաեւ հայկական երաժշտութեան սկզբունքները։

1848–ին, հազիւ 14 ամեայ պատանի մը, աւարտած նոյն ատենի դպրոցական շրջանը, կը մտնայ Օրթագիւղի Արապեան տպարանը, իբր աշակերտ, ուր 4 տարի անընդհատ կը նուիրէ ինքզինքը հմտանալու համար տպագրական արուեստին նախնական գաղտնիքներուն։

Սակայն աւելի հրապուրիչ ու գեղեցիկ կ'երեւայ իրեն ուսուցչութեան ասպարէզը, որով 1852–ին թողելով տպարանը, կը պաշտօնավարէ ազգային վարժարանէն ներս։

1861–ին կը հրատարակէ իր առաջին երկը «Ծաղկաքաղ Կաթողիկեայց Թուղթերու Մեկնութեանց»։

Ազգային Սահմանադրութիւնը բովանդակ ազգին մէջ երկու հակահոսանքներ յառաջ բերած էր, խաւարեալներ ու լուսաւորեալներ։

Երիտասարդ ուժեր բնական բերումով պատկանելով այս վերջին հոսանքին կազմած էին անձնուէր ընկերութիւնը նպատակ ընտրելով իրենց ուսումն ու կրթութիւնը տարածել, ուսուցիչներ ղրկել գաւառները, լուսաւորել գաւառի մութ անկիւնները եւ այդ միջոցաւ տանիլ յաղթանակը ընդդէմ խաւարեալ հոսանքին։ Սոյն ընկերութիւնը բացի վերոգրեալ յայտնի նպատակէն ունէր նաեւ գաղտնի հեռաւոր նպատակներ, այնպէս որ իրաւամբ այսօր կարելի ենք համարել զայն իբր Հայոց առաջին դաւադրական ու յեղափոխական ընկերութիւնը։ Այս ընկերութեան գործունեայ անդամներն էին Ալիքսան Խօրասանճեան (ատենապետ), Գէորգ Զարդարեան, Եղիա Տնտեսեան, Յ. Գօլանճեան եւ այլն։

Եղիա Տնտեսեան ընկերութեան ազնիւ նպատակներովը խանդավառուած յանձնառու կ'ըլլայ, իբր ուսուցիչ մեկնելու ընկերութեան կողմէ դէպի Հաճըն 1862Յուլիսին։

Ռուս եւ թուրք պատերազմէն վերջ խստացած էր գրաքննութիւնը, որ սկսաւ խեթիւ նայիլ գլխաւորաբար մեր ազգային երգերուն եւ անոնց հաւաքածոներուն, ատոնց հրատարակիչներէն՝ Յ. Գավաֆեան եւ Ե. Տնտեսեան կը հետապնդուին, առաջինը կը փախչի Աթէնք, իսկ Եղիա ձերբակալուելով՝ եղեռնագործէ մը աւելի ծանր ամբաստանութեան տակ կը բանտարկուի 1881-ի սկիզբները։ Իր անյոյս զնդանին մահասփիւռ ու նողկալի մթնոլորտին մէջ հազիւ երեք ամիս կրնայ ողջ մնալ եւ 23 Ապրիլին կը կնքէ իր մահկանացուն։

Աղբիւր

  • Յիշատակարան, Վ.Գ. Զարդարեան, Բ. հատոր, Կ. Պոլիս 1911, էջ 343:

Արտաքին յղումներ


Կատեգորիա:Հայ ուսուցիչներ (արւմտ․) Կատեգորիա:1834 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:1881 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:Պոլիս ծնածներ Կատեգորիա:29 Մարտի ծնածներ Կատեգորիա:23 Ապրիլի մահացածներ Կատեգորիա:Հայ երաժշտագէտներ