«Եղիա Տնտեսեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
ավելացվեց Կատեգորիա:Ապրիլի 23 մահեր ՀոթՔաթ գործիքով
No edit summary
Տող 14. Տող 14.
Եղիա Տնտեսեան ընկերութեան ազնիւ նպատակներովը խանդավառուած յանձնառու կ'ըլլայ իբր ուսուցիչ մեկնելու ընկերութեան կողմէ դէպի Հաճըն [[1862]] Յուլիսին:
Եղիա Տնտեսեան ընկերութեան ազնիւ նպատակներովը խանդավառուած յանձնառու կ'ըլլայ իբր ուսուցիչ մեկնելու ընկերութեան կողմէ դէպի Հաճըն [[1862]] Յուլիսին:


Ռուս եւ թուրք պատերազմէն վերջ խստացած էր գրաքննութիւնը, որ սկսաւ խեթիւ նայիլ գլխաւորաբար մեր ազգային երգերուն եւ անոնց հաւաքածոներուն, ատոնց հրատարակիչներէն՝ Յ. Գավաֆեան եւ Ե. Տնտեսեան կը հետապնդուին, առաջինը կը փախչի Աթէնք, իսկ Եղիա ձերբակալուելով՝ եղեռնագործէ մը աւելի ծանր ամբաստանութեան տակ կը բանտարկուի 1881-ի սկիզբները։ Իր անյոյս զնդանին մահասփիւռ ու նողկալի մթնոլորտին մէջ հազիւ երեք ամիս կրնայ ողջ մնալ եւ 23 Ապրիլին կը կնքէ իր արդիւնաւէտ կեանքը
Ռուս եւ թուրք պատերազմէն վերջ խստացած էր գրաքննութիւնը, որ սկսաւ խեթիւ նայիլ գլխաւորաբար մեր ազգային երգերուն եւ անոնց հաւաքածոներուն, ատոնց հրատարակիչներէն՝ Յ. Գավաֆեան եւ Ե. Տնտեսեան կը հետապնդուին, առաջինը կը փախչի Աթէնք, իսկ Եղիա ձերբակալուելով՝ եղեռնագործէ մը աւելի ծանր ամբաստանութեան տակ կը բանտարկուի 1881-ի սկիզբները։ Իր անյոյս զնդանին մահասփիւռ ու նողկալի մթնոլորտին մէջ հազիւ երեք ամիս կրնայ ողջ մնալ եւ [[23 Ապրիլ]]ին կը կնքէ իր արդիւնաւէտ կեանքը:

== Արտաքին հղումներ ==
[http://www.agos.com.tr/-7818.html Ո՞վ է Եղիա Տնտեսեան]


[[Կատեգորիա:Անձինք այբբենական կարգով]]
[[Կատեգորիա:Անձինք այբբենական կարգով]]

07:50, 14 Օգոստոս 2014-ի տարբերակ

Եղիա Տնտեսեան

Եղիա Տնտեսեան ծնած է 1834 Մարտ 29ին Պոլիսի Օրթագիւղ թաղին մէջ և զաւակն էր դպիր և թարգմանչաց վարժարանի տնտես Մկրտիչի ուրկէ մնացած է նոյն մականունը: Իր նախնական ուսումը կը ստանայ նոյն թաղին ազգային վարժարանին մէջ ուր այդ թուականին կը դասախօսէր Գրիգոր վարժապետ (յետոյ Օրթագիւղի Տէր Պօղոսը) ուրկէ կ'ուսանի նաև Հայ երաժշտութեան սկզբունքները:

1848ին հազիւ 14 ամեայ պատանի մը, աւարտած նոյն ատենի դպրոցական շրջանը, կը մտնայ Օրթագիւղի Արապեան տպարանը իբր աշակերտ ուր 4 տարի անընդհատ կը նուիրէ ինքզինքը հմտանալու համար տպագրական արուեստին նախնական գաղտնիքներուն:

Սակայն աւելի հրապուրիչ ու գեղեցիկ կ'երեւայ իրեն ուսուցչութեան ասպարէզը որով 1852ին թողելով տպարանը պաշտօն կը ստանայ ազգային վարժարանին մէջ:

1861ին կը հրատարակէ իր առաջին երկը «Ծաղկաքաղ կաթողիկեայց թուղթերու մեկնութեանց»:

Ազգային Սահմանադրութիւնը բովանդակ ազգին մէջ երկու հակահոսանքներ յառաջ բերած էր, խաւարեալներ ու լուսաւորեալներ:

Երիտասարդ ուժեր բնական բերումով պատկանելով այս վերջին հոսանքին կազմած էին անձնուէր ընկերութիւնը նպատակ ընտրելով իրենց ուսումն ու կրթութիւնը տարածել, ուսուցիչներ ղրկել գաւառները, լուսաւորել գաւառի մութ անկիւնները եւ այդ միջոցաւ տանիլ յաղթանակը ընդդէմ կաւարեալ հոսանքին: Սոյն ընկերութիւնը բացի վերոգրեալ յայտնի նպատակէն ունէր նաև գաղտնի հեռաւոր նպատակներ, այնպէս որ իրաւամբ այսօր կարելի ենք համարել զայն իբր Հայոց առաջին դաւադրական ու յեղափոխական ընկերութիւնը: Այս ընկերութեան գործունեայ անդամներն էին Ալիքսան Խօրասանճեան(ատենապետ), Գէորգ Զարդարեան, Եղիա Տնտեսեան, Յ.Գօլանճեան եւլն.:

Եղիա Տնտեսեան ընկերութեան ազնիւ նպատակներովը խանդավառուած յանձնառու կ'ըլլայ իբր ուսուցիչ մեկնելու ընկերութեան կողմէ դէպի Հաճըն 1862 Յուլիսին:

Ռուս եւ թուրք պատերազմէն վերջ խստացած էր գրաքննութիւնը, որ սկսաւ խեթիւ նայիլ գլխաւորաբար մեր ազգային երգերուն եւ անոնց հաւաքածոներուն, ատոնց հրատարակիչներէն՝ Յ. Գավաֆեան եւ Ե. Տնտեսեան կը հետապնդուին, առաջինը կը փախչի Աթէնք, իսկ Եղիա ձերբակալուելով՝ եղեռնագործէ մը աւելի ծանր ամբաստանութեան տակ կը բանտարկուի 1881-ի սկիզբները։ Իր անյոյս զնդանին մահասփիւռ ու նողկալի մթնոլորտին մէջ հազիւ երեք ամիս կրնայ ողջ մնալ եւ 23 Ապրիլին կը կնքէ իր արդիւնաւէտ կեանքը:

Արտաքին հղումներ

Ո՞վ է Եղիա Տնտեսեան

Կատեգորիա:Անձինք այբբենական կարգով Կատեգորիա:Հայ ուսուցիչներ Կատեգորիա:Վիքիպեդիա:Արևմտահայերեն հոդվածներ Կատեգորիա:1834 ծնունդներ Կատեգորիա:1881 մահեր Կատեգորիա:Մարտի 29 ծնունդներ Կատեգորիա:Ապրիլի 23 մահեր