«Մկրտիչ Տարագճեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 32. Տող 32.
}}
}}


'''Մկրտիչ Տարագճեան''' ծնած է Դեկտեմբեր 1952-ին [[Հալէպ]], [[Սուրիա]] որտեղ ստացած է իր ուսումը. ապա ան հաստատուած է [[Մոնրէալ|Մոնրէալ]], [[Գանատա]]: Բժիշկ, օժտուած արուեստագէտ եւ քանդակագործ հրաշալի ստեղծագործութիւններով:
'''Մկրտիչ Տարագճեան''' ծնած է Դեկտեմբեր [[1952]]-ին [[Հալէպ]], [[Սուրիա]] որտեղ ստացած է իր ուսումը. ապա ան հաստատուած է [[Մոնրէալ|Մոնրէալ]], [[Գանատա]]: Բժիշկ, օժտուած արուեստագէտ եւ քանդակագործ հրաշալի ստեղծագործութիւններով:


== Կենսագրութիւն ==
== Կենսագրութիւն ==

21:37, 14 Օգոստոս 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ


Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)

Մկրտիչ Տարագճեան ծնած է Դեկտեմբեր 1952-ին Հալէպ, Սուրիա որտեղ ստացած է իր ուսումը. ապա ան հաստատուած է Մոնրէալ, Գանատա: Բժիշկ, օժտուած արուեստագէտ եւ քանդակագործ հրաշալի ստեղծագործութիւններով:

Կենսագրութիւն

Մկրտիչ Տարագճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա որտեղ ստացած է իր ուսումը՝ Հայկազեան Վարժարան (1960-1966), Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարան (1966-1972),Հալէպի Համալսարանի Բժշկական կաճառ (1972-1978), ապա ան հաստատուած է Մոնրէալ, Գանատա եւ աւարտած է (McGill University Medical School) post graduate training (1985-1986):

Փոքր տարիքէն Մկրտիչ յատուկ սէր ունեցած է արուեստի հանդէպ եւ շատ կանուխ, շրջան մը յաճախած է Հալէպի Սարեանի Անուան Արուեստի Ակադեմեան։ Թէեւ ան որպէս ասպարէզ ընտրած է բժշկութիւնը, սակայն արուեստի նուիրումը միշտ վառ մնացած է իր մէջ:

Աւելի ուշ, առողջապահական մարզի մէջ ներգրաւուածութեան կողքին, Մկրտիչ ըլլալով ինքնուս արուեստագետ մը, զարգացուցած է իր ձիրքերը եւ հմտացած քանդակագործութեան մէջ: Մոնրէալաբնակ քանդակագործ Արթօ Չաքմաքչեանի հետ իր սերտ գործակցութիւնը յաւելեալ զարկ տուած է իր ստեղծագործութիւններուն:

Մկրտիչ Տարագճեանի արուեստի ոճը եւ ինքնատիպութիւնը

Մկրտիչ Տարագճեան թէեւ գերիրապաշտ մըն է, սակայն այս մէկը չի խանգարեր զինք, որպէսզի իրագործէ նաեւ իրապաշտական բնոյթի դիմաքանդակներ, որոնք կը դրսեւորեն անոր ծեփակերտելու հմտութիւնն ու կատարողական մակարդակը:

Իսկ անոր յղացքները (որոնք երեսունէ աւելի են) գրաւականն են անոր հզօր երեւակայութեան եւ տաղանդին:

Անոր գլխաւոր կերպարը Մարդն է` Գլխագիր մարդը, տարօրինակ, երբեմն նոյնիսկ` արտակեդրոն միջավայրի մէջ, ուր տեղի կ՛ունենայ գոյատեւման պայքարն ու մարդու մարդկայնացման տագնապահար գործընթացը: Ան կ՛աշխատի մարդու մարմնի մասերու հանման սկզբունքով, որուն նախակարապետներէն են Օկիւստ Ռոտէնն ու Արշիլ Կորքին:[1]

Մեր օրերուն բազմաթիւ են այն կերպարուեստագէտները, որոնք ազատօրէն կը վարուին մարդու մարմինի հետ, սակայն քիչ են յաջողածները: Այդ քիչերէն կարելի է համարել Տարագճեանը եւս, որուն «Քրոսինկ տը ուոլ» ստեղծագործութիւնը այս առումով լաւագոյն օրինակը կրնայ հանդիսանալ:

Ան այն յանձնառու արուեստագէտներէն է, որոնց ստեղծագործութիւններէն իւրաքանչիւրը պատգամ մը կը պարունակէ իր մէջ: Այս պատճառով ալ անոր արուեստը առաւելագոյնս բացայայտելու համար կարիքը կը զգացուի համապատասխան վերլուծումներու եւ մեկնաբանութեան:

Տարագճեան թէեւ գերիրապաշտ մըն է, սակայն այս մէկը չի խանգարեր զինք, որպէսզի իրագործէ նաեւ իրապաշտական բնոյթի դիմաքանդակներ, որոնք կը դրսեւորեն անոր ծեփակերտելու հմտութիւնն ու կատարողական մակարդակը: Իսկ անոր յղացքները (որոնք երեսունէ աւելի են) գրաւականն են անոր հզօր երեւակայութեան եւ տաղանդին:

Մկրտիչ Տարագճեանի արուեստի գործերը

Մասնագիտութեամբ բժիշկ, սակայն էութեամբ արուեստագէտի խառնուածքի տէր, քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանի արուեստի գործերը կը գտնուին Գանատայի, Միացեալ Նահանգներու և Հայաստանի զանազան հանրային հաստատութիւններու մէջ։ Իր կերտած,Գանատահայ համբաւաւոր լուսանկարիչ Յուսուֆ Քարշի յուշարձանը, կանգնեցուած է Գանատայի մայրաքաղաք Օթաուայի կեդրոնը. իսկ Մոն Ռոյալ քաղաքապետարանի հանրային գրադարանին առջեւ զետեղուած է «Ընթերցողը» կերպարին մեծադիր արձանը։

Տարագճեան, որպէս արուեստագէտ բժիշկ, համոզուած է որ արուեստը՝ մարդու ստեղծագործական ներուժը դրսեւերելու կողքին նաեւ բուժիչ գործօն մըն է մարդկային կեանքին մէջ։

Ան ունի շուրջ քառասուն ստեղծագործութիւններ, որոնք արուեստասէրներուն ընդհանուր գաղափար մը կու տան Տարագճեանի ստեղծագործական անցած ուղիի մասին:

«Ազատութիւն» քանդակը

Հայասստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 20 ամեակի ցուցահանդէսին Մկրտիչ Տարագճեան ուղարկեց իր «Ազատութիւն» քանդակը, գործ, որ կը ներկայացնէ շիշի մէջէն դուրս եկող հսկային, ով վերջապէս ազատութիւն ձեռք բերած է, ազատուելով իր շղթաներէն : Այժմ այդ գործը Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Հակոբեան գրասենեակին մեջ է: [2]

Յուսուֆ Քարշի կիսանդրի Քանդակը

Յուսուֆ Քարշի կիսանդրի Քանդակի հեղինակը բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանն է: Յուշարձանի ինժեներական նախագիծը կատարուած է Սուրէն Հաճեանի կողմէն:

Գանատահայ լուսանկարիչ Յուսուֆ Քարշին նուիրուած յուշարձան Գանատայի Օթթաուա քաղաքին մէջ։ Յուշարձանը հայ-Գանատական բարեկամական յարաբերութիւններու խորհրդանիշերէն է: Գանատայի ժառանգութեան նախարարութեան եւ Մայրաքաղաքային յանձնաժողովի հետ համագործակցութեամբ բացուած Յուսուֆ Քարշի յուշարձանը նուէր է հայ ժողովուրդէն Գանատային` Հայ-Գանատական դիւանագիտական Յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի եւ Գանատայի Համադաշնութեան 150-ամեակի կապակցութեամբ: Յուշարձանը կը գտնուի Օթթաուայի կեդրոն՝ «Confederation square» Համադաշնութեան հրապարակ:[3]:


Յուշարձանի բացումը կատարած են Գանատայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազոր դեսպան Արմեն Եգանյանը, Գանատայի Սենաթի նախագահ ՃորՃ Ֆիւրին եւ յուշարձանի հեղինակ, Գանատահայ քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանը, բացման արարողութեանը ներկայ գտնուած են Գանատայի արտաքին գործերու եւ ժառանգութեան նախարարություններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, դիւանագէտներ, հայ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ, բազմաթիւ Գանատահայեր, լրագրողներ:[4]:

«Ընթերցողը» կերպարին մեծադիր արձանը

«Ռեճինալտ Տաուսըն գրադարան»-ի հիմնադրութեան 50-ամեակին առիթով, օժտուած քանդակագործ բժիշկ Մ. Տարագճեան Մոնրէալ քաղաքին կը նուիրէ պրոնզաձոյլ մեծ չափի հոյակապ գործ մը` «Ընթերցողը»: Ողջունելի յաւելում մը` քաղաքի հանրային արուեստի հաւաքածոյին, որ կը զարդարէ գրադարանի գլխաւոր մուտքը «Կրահամ պուլվար»-ի եւ «Քինտըրսլէ Աւենիւ»-ի անկիւնը:[5]

Այս յատկանշական յուշարձանին բացումը տեղի ունեցաւ մայիս 26-ին, խուռներամ արուեստասէրներու ներկայութեան, որոնց շարքին` հեղինակաւոր դէմքերու, ինչպէս` ուժանիւթի նախարար Փիեռ Արքան, Քանատայի մէջ Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Արմէն Եկանեան, քանատահայ թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, քաղաքապետ` Ֆիլիփ Ռոյ, քաղաքապետութեան անդամ Յարութ Շիթիլեան եւ այլն: Սոյն ցուցասրահը անցեալ տարի ամրան ցուցադրած էր դոկտ. Տարագճեանի աւելի փոքր չափի գործերէն, որոնք դրուած էին իբրեւ մէկ մասը խիստ ժողովրդական եւ ժամանակից ցուցահանդէսի մը: Անոնցմէ մէկը` «Ի՞նչ նորութիւն» խորագրեալ քանդակը նախատիպը հանդիսացաւ այս կոթողին` «Ընթերցող»-ին, որ ունի 1,7 մեթր բարձրութիւն:[6]

Մկրտիչ Տարագճեանի Ցուցահանդեսները

Քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանի մէկ յատկանշական ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 28 Յուլիս, 2016-ի երեկոյեան, «Մոն Ռոյալ» քաղաքապետարանի «Ռեճինըլտ Տոուսըն» հանրային գրադարանի արուեստի ցուցասրահին մէջ, ներկայութեամբ` Մոն Ռոյալ տարածաշրջանի քանատական խորհրդարանի անդամ` Անթընի Հաոսֆատըրի: Ցուցադրութեան դրուած էին շուրջ քառասուն ստեղծագործութիւններ: Ցուցահանդէսը փակուեցաւ 25 Օգոստոսին:[7]


Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակագործութեան ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են անհատական ցուցահանդէսներով։ Վերջերս՝ 3 Օգոստոս - 17 Օգոստոս, 2017 Մկրտիչ Տարագճեան ունեցաւ իր անհատական ցուցահանդէս Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ:

Տես նաեւ


Կատեգորիա: ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:ծնածներ Կատեգորիա:Հայ Բժիշկներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Հայ քանդակագործներ (արւմտ․)

Ծանօթագրութիւններ

Կատեգորիա:Գանատայի յուշարձաններ

Պատկերասրահ