«Գէորգ Սարաֆեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 22. Տող 22.


Ան գրած է նաեւ իր կենսագրութիւնը Սպաներէնով որ լոյս տեսած է ''Եփրատէն մինչեւ Ռիօ Տէ Լա Փլաթա'' խորագրով ([[1998]]) եւ վերջերս Հայերէն թարգմանութեամբ հրատարակուած է [[Երեւան]]ի մէջ:
Ան գրած է նաեւ իր կենսագրութիւնը Սպաներէնով որ լոյս տեսած է ''Եփրատէն մինչեւ Ռիօ Տէ Լա Փլաթա'' խորագրով ([[1998]]) եւ վերջերս Հայերէն թարգմանութեամբ հրատարակուած է [[Երեւան]]ի մէջ:

== Աղբյուրներ ==

[[Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս]], հատոր ԺԱ, Պէյրութ, 1991, Էջ 308:

13:36, 11 Յուլիս 2017-ի տարբերակ


Կաղապար:ԱՀ Գէորգ Սարաֆեան (1911-2002), 18 Յունիս 2002-ին, իր մահկանացուն կնքեց Արժանթինահայ թարգմանիչ եւ հանրային գործիչ Գէորգ Սարաֆեանը:

Կենսագրութիւն

Ծնած էր Ուրֆա 1911-ին: Մեծ եղեռնէն մազապուրծ իր ընտանիքին բեկորներուն հետ վերադարձած էր իր ծննդավայրը 1918-ին, ուր ստացած էր իր նախնական ուսումը: Կիլիկիոյ պարպումէն ետք Սարաֆեան ընտանիքը ապաստանած է Սուրիա. ուր ան իր ուսումը շարունակած է Հալէպի Հայկազեան վարժարանը: Շրջանաւարտ եղած է 1925-ին: Իսկ երկու տարի ետք հաստատուած է Պուէնոս Այրես իր եղբօր ու մօր հետ:

1932-ին խումբ մը ընկերներու հետ. Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ծիրէն ներս հիմնած է առաջին Մշակութային Յանձնախումբը. որ 1936-ին եւ աւելի քան տասնամեակի մը ընթացքին ձայնասփռած է հայկական առաջին ռատիօժամը:

Սարաֆեան աւելի ուշ հոգաբարձութեան ատենադպիր եւ փոխ ատենապետ եղած է, գլխաւորած Կրթական եւ Համազգային Տօնակատարութեանց Յանձնախումբերը: Քանի մը առիթներով եղած է ՀՄԸՄ-ի Պուենոս Այրես մասնաճիւղի ատենապետ:

1960-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. զինք պատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի շքանմշանով, իսկ 1976-ին Երուսաղէմի Պատրիարք Եղիշէ Արք. Տէրտէրեան յանձնած է Ս.Գերեզմանի շքանշանը: Սարաֆեանի բարերարութեամբ 1999-ին շինուած է Հայաստանի Նոր Եդեսիա քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցին:

Աշխատութիւններ

1940ականներէն . Սարաֆեան թէ Հայերէն եւ թէ Ֆրանսերէնէ կատարած Սպաներէն թարգմանութիւններով սկսած է աշխատակցիլ Արժանթինի հայ մամուլին: Ուսումնասիրական հատորներու շարքին, ան Ֆրանսերէնէ թարգմանած է Հրանտ Թորոսեանի Հայ Գրականութեան Պատմութիւն (1959), նոյն հեղինակէն Հայաստան եւ Հայկական Հարցը (1965) Բ. ընդլայնուած հրատ.՝(1985) Գ. ընդլայնուած հրատ.՝ (1995) եւ Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի Հայոց Եկեղեցին (1994):

Սարաֆեան հրատարակած է Սպաներէնով չորս ծաղկաքաղ իր ընտրութեամբ ու թարգմանութեանբ - Հայաստան՝ իր Բանաստեղծներուն Ընդմէջէն (1983):

Ան գրած է նաեւ իր կենսագրութիւնը Սպաներէնով որ լոյս տեսած է Եփրատէն մինչեւ Ռիօ Տէ Լա Փլաթա խորագրով (1998) եւ վերջերս Հայերէն թարգմանութեամբ հրատարակուած է Երեւանի մէջ:

Աղբյուրներ

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, հատոր ԺԱ, Պէյրութ, 1991, Էջ 308: